Եկէկ երեկոյեան inews ֆէյպուքեան էջը տեղադրեց Հալէպի Քառաուն Մանուկ եկեղեցւոյ ռմբակոծութենէն գրեթէ ամբողջութեամբ փլած նկարը:
Երկու օր առաջ յայտնած էինք, որ Հալէպի Ազգային առաջնորդարանի բանբեր Ժիրայր Ռէյիսեան «Արմէնփրես»-ին յայտնած էր, որ Ապրիլ 26-ի յետմիջօրէին Սուրբ Քառասուն Մանուկ եկեղեցւոյ յարակից թաղամասը ռմբակոծութեան ենթարկուած է:
Ցաւալի է, բայց փաստ, որ 15-րդ դարուն կառուցուածխ, Հալէպահայութեան անթիւ անհամար ուրախ ու տխուր առիթներու, ուրախութեան ու մխիթարութեան սրբատեղին՝ Քառասուն Մանուկ եկեղեցին այսօր աւերակ է…
Մենք կը շարունակենք ոգեկոչել 100 տարի առաջ տեղի ունեցած Ցեղասպանութիւնը, առանց պայքարելու ներկայիս տեղի ունեցողը կանխարգիլելու…. “Ինչ որ տեղ ինչ որ բան սխալ է”։