Մօտ 4000 մարդ մասնակցած է Քալիֆորնիոյ Ֆրէզնօ քաղաքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած յուշահամալիրի բացման հանդիսաւոր արարողութեան։ Այս մասին կը հաղորդէ Fresno Bee պարբերականը։
Յուշարձանը կառուցուած է պեթոնէ եւ տուֆէ, ունի 9 կորացած սիւներ, որոնք նման են Երեւանի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի սիւներուն։ Սիւները կը խորհրդանշեն պատմական Հայաստանի վեց նահանգները, Կիլիկիան, հայկական Սփիւռքն ու Հայաստանը։
«Այս գեղեցիկ յուշարձանը կ’ ատացոլէ մեր պարտաւորութիւնը՝ յարգելու մարդու իրաւունքներն ու արդարութիւնը, այստեղ՝ Միացեալ Նահանգներու մէջ եւ ողջ աշխարհի»,- յայտարարած է Ֆրէզնոյի մէջ Քալիֆորնիոյ համալսարանի նախագահ Ժոզէֆ Գասդրօ։
Ձեռնարկին մասնակցած են Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սերգէյ Սարգիսովը, պաշտօնեաներ եւ կրօնական առաջնորդներ։
«Մենք բարձր կը գնահատենք հայ ժողովուրդի ներդրումը Ֆրէզնօ քաղաքի մէջ, միասնական ենք հայ ժողովուրդին համերաշխութեան եւ աջակցութեան գործին մէջ»,- ըսած է Ֆրէզնոյի քաղաքապետ Էշլի Սուերենգինը։
Տեսանյութը` այստեղ