Յորդանանի հայութիւնը, այսօր, լուռ ցասումով՝ պահ մը խռոված է Ամմանի թրքական դեսպանատան եւ անոր անմիջական շրջապատի հանգիստ առօրեան։
Յորդանանի մէջ ԵՌԱԳՈՅՆ-ի աղբիւրները կը յայտնեն, թէ աւելի քան 100 հայորդիներ, եռագոյն դրօշներու հետ այդ երկրի դրօշը պարզած, պահանջատիրական պաստառներով եւ անմոռուկի տեսքով բուչիկներով ցոյց մը կատարած են Ամմանի մէջ թրքական դեսպանատան դիմաց։