Ապրիլ 22-ին Աւստրիոյ խորհրդարանի 68-րդ լիագումար նիստը մեկնարկեց Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին յարգանքի տուրք մատուցելով: Նիստին ներկայ պատգամաւորները 1 վայրկեան լռութեամբ յոտնկայս յարգեցին անմեղ զոհերու յիշատակը: Այս մասին կը հաղորդէ News.am–ը:
Անկէ ետք Աւստրիոյ խորհրդարանի 6 խորհրդարանական ուժերը համատեղ յայտարարութեամբ ընդունեցին եւ ճանչցան Հայոց ցեղասպանութիւնը: Խորհրդարանի նախագահ Տորիս Պուրեսը 6 խմբակցութիւններու յայտարարութիւնը կը համարէ հայ եւ թուրք ժողովուրդի հաշտութեան կոչ, որ հիմք պէտք է ծառայէ պատմական մեղքի ճանչման: Նշենք, որ ան կատարուած մեծ ողբերգութիւնը որակեց ցեղասպանութիւն բառով:
Յիշեցնենք, որ Աւստրիոյ խորհրդարանի բոլոր 6 խմբակցութիւնները ներկայացուցած էին Օսմանեան կայսրութեան մէջ 1915 թուականին տեղի ունեցած Հայոց ցեղասպանութիւնը դատապարտող համատեղ բանաձեւ, ուր կը նշուի, որ Աւստրիան պարտաւոր է կատարուածը ցեղասպանութիւն որակելու եւ դատապարտելու, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ կոչ կը կատարուի իր մութ անցեալի ցաւոտ էջերը փակելու եւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայոց ջարդերը ցեղասպանութիւն ճանչնալու: