Կարին Յովհաննէսեանի եւ Ալէք Մուհիպեանի բեմադրութեամբ հանրութեան ներկայացուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ շարժապատկեր մը, որ, մեր կարծիքով, ցարդ պատրաստուած շարժապատկերներէն կ՛առանձնանայ իր իւրայատուկ մօտեցումով:
Շարժապատկերի բեմագրային, խաղարկային բաժիններուն մասին խօսելու մասնագիտական պատրաստութիւն չունենալով, այդ գնահատումները կը թողունք ոլորտի վարպետներուն:
Հայոց Ցեղասպանութիւնը գրականութեամբ եւ ընդհանրապէս արուեստի ընդմէջէն ներկայացնելու բարդութիւնը ահաւոր է, մանաւանդ երբ ազգովին կորուստի ցաւը տակաւին, իր ամբողջ ահագնութեամբ, կը զգանք: Նոյն այս ցաւը կրնայ անդամալուծել ամէնէն տաղանդաւոր արուեստագէտը, երբ դէմ առ դէմ գայ իր ստեղծագործութիւնը կորուստի ահագնութեան հետ համեմատելու խնդիրին:
Աւելի անդամալուծող փաստ մը կրնայ ըլլալ համեմատութիւնը հրէական ողջակիզումը ներկայացնող շարժապատկերներու թէ՛ արուեստի մակարդակին, թէ՛ նիւթի ընդգրկման հրաշալի լուծումներուն հետ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում