Գերմանիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայըրը կանգնած է այն պատգամաւորներուն կողքին, որոնք կողմ են հայերու զանգուածային սպանութիւնները ցեղասպանութիւն անուանելուն: Süddeutsche Zeitung-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին ան ըսած է, որ 1915 թուականի կատարուածը «կարելի է ընդհանրացնել ցեղասպանութիւն հասկացութեան մէջ»:
«Բռնութիւնը, վախը, սարսափը, որոնք կը նշուին մեր բանաձեւին մէջ, կարելի է տեղաւորել մէկ բառի տակ` ցեղասպանութիւն: Ես կրնամ այդ պահանջքի հիմքերը եւ առաջին հերթին զգացմունքային կողմը լաւ հասկնալ»,- ըսած է ան:
Շթայնմայըրը աւելի լայն ազատութիւն տուած է պատգամաւորներու քննարկումներուն ու այն քննադատութիւններուն, որոնց համաձայն` աս պէտք է դիտարկել որպէս ցեղասպանութիւն:
Շթայնմայըրը նաեւ շեշտած է, որ ինքը չի կրնար անտեսել այն, ինչ կրնայ պատահիլ Ապրիլ 24-էն ետք: Թերթը միաժամանակ նշած է, որ ըստ իր աղբիւրներին` հարցին վերջնական քննարկումները պէտք է ընթանան նախագահ Կաուկի մօտ:
Քրիստոնէա-դեմոկրատական եւ Քրիստոնէա-սոցիալական միութեան խորհրդարանական խմբակցութեան փոխնախագահ Ֆրանց Եոզեֆ Եունգն ալ յայտարարած է , որ իր կուսակցութիւնը մտադիր է հայերու զանգուածային կոտորածը անուանել ցեղասպանութիւն` անկախ Անգարայի դիմադրութենէն: «մենք կը գտնենք ձեւակերպում, որը համապատասխանօրէն կը նշի ցեղասպանութեան փաստը, որը տեղի է ունեցել Թուրքիայում 100 տարի առաջէ, ասել է Եունկը:
Ան ընդգծած է, որ «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը պէտք է առկայ ըլլայ այն բանաձեւին մէջ, որ մօտ օրերուն պիտի ընդունի Պունտեսթակը: Միեւնոյն ժամանակ, Եունկը վստահութիւն յայտնած է, որ ցեղասպանութիւն բառը իր ելոյթին մէջ պիտի արտասանէ Գերմանիոյ Դաշնութեան նախագահ Եոահիմ Կաուկը: