Թրքական «Հուրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» անգլերէն թերթը իր երէկուան թիւով, կարծիքներ բաժինին տակ հրատարակած է Սամիհ Եիտիզի ստորագրութիւնը կրող եւ «Յիշելով 1915ը» վերնագիրով յատկանշական յօդուածը:
Ազդեցիկ ու լայնատարած այս թերթին մէջ նման վերնագիրով յօդուածի մը հրատարակութիւնը բաւարար ապացոյց է այն հսկայ փոփոխութիւններուն, որոնք տեղի ունեցած են թրքական մտայնութեան մէջ:
Վերնագիրէն անդին, ընդդիմադիր շրջանակէն դուրս մտաւորականի մը կողմէ նոր մօտեցում մը կը նկատուի այս յօդուածին մէջ, որ կրնայ ճամբայ բանալ հիմնովին վերանայելու պաշտօնական բայց եւ ժողովրդականացած թրքական տեսակէտը:
Գիտենք, որ այս հանգրուանին, թրքական ներքին վէճը, ներառեալ պաշտօնական դիրքորշումը ջատագովողներունը, 1915ին հայութեան ենթարկուածի բնութագրումին շուրջ կը դառնայ: Այսինք արդէն ահաւոր եղելութիւնը իբրեւ փաստ կ՛ընդունուի, զայն Ցեղասպանութիւն, կոտորած, ողբերգութիւն, կամ պատերազմի արհաւիրքի զոհ կոչելու կռիւն է, որ կ՛ընթանայ:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Կարդացեք նաև
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում