12 Ապրիլ 2015-ը Ոսկի տառերով գրուեցաւ մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ: Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին Հռոմի Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ մատուցուած պատարագին մասին դեռ երկար պիտի խօսուի: Քրիստոնէութեան հաւատքին վէմը դարձած Պետրոս առաքեալի մասունքներուն վրայ հիմնադրուած տաճարին մէջ տեղի ունեցած պատարագը ի մի խմբեց ամբողջ Հայ ժողովուրդը իր տարբեր թեւերով եւ երանգներով: Կարեւոր էր նաեւ Պապին արտասանած պատգամը ու անոր խօսքը ուժանակի պայթումի մը պէս լսելի կը դառնար աշխարհի չորս կողմը: Եւրոպական առաջատար թերթերը իրենց կայքերուն մէջ կարեւոր տեղ կուտային լուրին իսկ Ֆրանսական AFP –ն հաւանական կը նկատէր, որ Վատիկան- Թուրքիա դիւանգիտական յարաբերութիւնները լարուին: Այստեղ պէտք է յիշեցնել, որ առաջին անգամը չէր, որ Հռոմի քահանայապետ մը կը խօսէր Հայոց ցեղասպանութեան խնդրին մասին: Պէտք է նաեւ կարեւորել հայ եկեղեցւոյ երանաւէտ հայրերէն ՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի Տիեզերական եկեղեցւոյ Դոկտոր կոչումին արժանանալը: Այս բոլորը զուգադիպութեան մը արդիւնքը չեն: Անցնող տարիներուն միջին արեւելքի մէջ արձանագրուող զարգացումները եւ Սուրիոյ ու Իրաքի տարբեր շրջաններուն մէջ Քրիստոնեայ փոքրամասնութիւներուն կրած տառապանքները դարձած են Վատիկանի մտահոգութեանց գլխաւոր կիզակէտը: Այս ընդհաուր պարունակին մէջ պէտք է դիտարկել Պապական աթոռին գործողութիւնները:
Ֆրանչիսկոս Պապի Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ըրած յայտարարութիւնէն անմիջապէս ետք Թուրքիա հակադարձեց: Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն իր մօտ կը կանչէր Անգարայի մօտ Վատիկանի դեսպանը: Աւելի ուշ թուրքիոյ ԱԳՆ բաւական խիստ յայտարարութիւն մը կատարելով նաեւ տուն կանչեց Վատիկանի մօտ իր դեսպանը: Թրքական լրատուական միջոցներ նաեւ կը խօսին, որ երկրի քաղաքական վերնախաւին մօտ բաւական տհաճ մթնոլորտ մը կը տիրէ, եւ կ’ըսուի որ Պապին կատարած յայտարարութիւնը անսպասելի էր: Չմոռնամ ըսելու, որ Հռոմի Պապը 2014-ին այցելութիւն տուած էր Անգարա եւ բաւական ջերմ ընդունելութեան արժանացած թուրքիոյ իշխանութիւններուն եւ նախագահ Էրտողանին կողմէ:
Վատիկանեան պատարագի աւարտին Հռոմի Պապէն զատ նոյնպէս ուղերձներ յղեցինՀայ եկեղեցւոյ զոյգ կաթողիկոսները ինչպէս նաեւ Հայ Կաթողիկէ կաթողիկոս Պատրիարքը: Գարեգին Բ.ն Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր խօսքով շնորհակալութիւն յայտնելէ բացի նշեց, որ քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին համար հանդերձանք չէ այլ դարձած է անոր էութեան կարեւոր մասնիկը: Գարեգին Բ.ն վեհափառ հայրապետը նաեւ յոյս յայտնեց, որ Վատիկան Ցեղասպանութեան թեմային հետ կապ ունեցող բոլոր արխիւները կը բանայ հանրութեան առջեւ: Իր կարգին Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը կարեւորեց Հռոմի Պէնէտիքթոս 15 -րդ Պապին Օսմանեան իշխանութիւններուն յղած խստաոճ բողոքի նամակը Ա. աշխարահմարտի օրերուն, որուն միջոցաւ Հռոմի Պապը արագօրէն կը պահանջէր վերջ տալ սպանդներուն: Արամ Ա. Վեհափառ նաեւ ըսաւ, որ անարդարութիւնը Աստծոյ դէմ ուղղուած քայլ է եւ հաստատեց, որ Ցեղասպանութեան փաստը անկարելի է թաքցնել:
Վատիկանի խօսքը աշխարհի 1.3 միլիառ Կաթողիկէ քրիստոնաներուն համար յաճախ շատ աւելի կարեւոր է քան իրենց սեփական ղեկավարներուն ցանկացած պատգամը: Ու Պապի կատարած յայտարարութիւնը պէտք է նաեւ անպայմանօրէն այս պրիսմակով դիտել: Յառաջիկայ օրերը շատ կարեւոր են, այն իմաստով, որ Եւրոպայի տարբեր երկիրներու հանրային կարծիքը կրնայ բարձրաձայն քննարկել Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգը: Պէտք է հաւատալ նաեւ, որ Վատիկանի յղած պատգամը շատ աւելի ազդու , անկեղծ եւ անմիջական է քան որեւէ այլ ամպիոնէ արձակուած կոչ կամ ճանաչում: Հռոմի պապը լալէն եւ սուգէն հրաժարելու կոչ ըրաւ: Ան խօսեցաւ մարդկութեան վէրքերուն մասին եւ այդ վէրքերուն մէջ տեղադրեց հայ ժողովուրդի վէրքը: Խօսեցաւ վէրքերու բուժման կարեւորութեան մասին եւ յայտնեց, որ բուժման արժանի վէրքը կը թարախակալուի եթէ վերջնական բուժումի չարժանանայ: Պապին համար քրիստոնեայ ըմբռնումներով ապրողը պէտք է մինչեւ ծայր պայքարի չարին դէմ: Այս պատգամներուն մէջ պէտք է նաեւ նկատել միջին արեւելի Քրիստոնեաներուն պահպանման խնդրին կարեւորութիւնը: Արեւելքի ղեկավարները, ոչ ծայարյեղ Իսլամները նաեւ կարեւոր ընելիք ունին այս գործընաթցներուն մէջ ու անոնք եւս պէտք է լսեն Պապին խօսքը:
Կարդացեք նաև
Թուրքիոյ մէջ կատարուող զարգացումները կը խօսին Պապի խօսքին ուժանականութեան մասին: Պաշտօնական Անգարա այս հանգրուանին չի պատրաստուիր իր լեզուն կամ ռազմավարութիւնը փոխել բայց եւ այնպէս այս անսպասելի «դիւանագիտական ապտակ»ը կրնայ թուրքիոյ ղեկավարութեան համար նոր մտորումներու առիթ հանդիսանալ: Վատիկան յանուն ճշմարտութեան արձագանքեց եւ անոր կատարած քայլը միայն Հայութեան եւ Հայաստանի շահերուն համար չէ այլ յանուն ճշմարիտին, յանուն արդարին եւ յանուն մարդկութեան վէրքերուն բուժման:
Վատիկան շարժեցաւ խիզախօրէն առանց մտածելու դէպքին հետեւանքներուն մասին: Այս պահուն դիւանգիտական պայթումը գտաւ իր արձագանքները եւ դեսպան քաշել կամ չքաշելու խնդիրը այդքան ալ կարեւոր չէ:
Կը մնայ սպասել յառաջիկայ օրերուն զարգացումները գիտնալով նաեւ, որ Վատիկանի քաջ հովիւը քաղաքական առեւտուրի օրէնքներով շարժող մէկը չէ: Ան ճշմարտութեան ձայնն է: Մարդկութեան ամէնէն վեհ ձայներէն մէկը: Անոր խօսքին արձագանքը աւելի խորքային շերտերու հասնելու ներուժ ունի:
«Եւրոպայի խիղճը , այսօրուան մարդկութեան խիղճը արտասանեց այն ինչ որ կուզէինք լսել: Մեր սրտերը վիրաւոր են: Մեզի համար կարեւոր էր նաեւ, որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ուզեց մեր ժողովուրդի կողքը ըլլալ: Այս էր պատասխանը եւ այդ օր այն, որիր խղճին վրայ մեղք մը ունէր տառապեցաւ» այսպէս նշեց Հ. Վարդան վարդապետ Գազանճեան, որ Վատիկանեան մեծ իրադարձութեան յաջողութեան համար կարեւոր ներդրում ունեցողներէն է : Հայր Վարդան նաեւ ըսաւ, որ «Հայաստանի նախագահին եւ անոր պաշտօնական պատուիրակութեան Սուրբ պատարագին ներկայ ըլլալը իրադարձութիւնը ուղղակիօրէն քաղաքական բեմահարթակ փոխադրեց: «Մեղաւոր կողմը լաւ գիտէ, որ իր խիղճին վրայ քար մը կայ եւ գիտէ նաեւ , որ յիշողութեան եւ իր միջեւ վիհ մը գոյութիւն ունի»:
Կաթողիկէ վարդապետը յոյս ունի, որ Հռոմի Պապին այս կեցուածքը քաջ եւ կարեւոր կեցուածքներու նոր հանգրուանի մը սկիզբը կը հանդիսանայ : «Այս կեցուածքները նաեւ ուղղուած են ոչ միայն թուրքին այլ այն ահաբեկիչներու խղճին, որոնք տեսանելի են այսօր ու նաեւ անոնց, որ այդ ահաբեկչութիւնները կը սնուցանեն ամբողջ աշխարհի մէջ» եզրակացուց `Հ. Վարդան Վրդ. Գազանճեան:
Սուրբ Պետրոսի տաճառը կառուցուած է Պետրոս առաքեալի աճիւններուն վրայ եւ հոն Հայ ժողովուրդի միասնութիւնը նոր իմաստ ստացաւ: Կը մնայ, որ բոլորս արժէւորենք Վատիկանեան սրբազան օրուան մեծ յաղթանակը:
Սագօ ԱՐԵԱՆ
Հռոմ- Վատիկան