Զատկական տօներու առիթով ուխտաւորաբար Երուսաղէմ կը գտնուին Հայաստանէն ԵԿՄ նախագահ, Արցախի հերոս, ԱԺ պատգամաւոր, Զօրավար Մանուէլ Գրիգորեանը եւ Զօրավար, ԱԺ պատգամաւոր Սեյրան Սարոյեանը, ընկերակցութեամբ Սիւնիքի մարզի մարզպետ Սուրիկ Խաչատրեանի: Այցի ընթացքին Զօրավարները Քրիստոսի Լոյս Գերեզմանին վրայ աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած մեր երկրի խաղաղութեան եւ սամանին կեցած Հայ զինուորներու համար: Ինչպէս նաեւ այցի ընթացքին Զօրավարներու կողմէ Խաչքար մը պիտի տեղադրուի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան “Պարոնտէր” կոչուղ հողակտորին վրայ, ի յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեայ տարելիցին:
11 Ապրիլ, 2015-ին Զօրավարները Ս. Յարութեան Տաճարին մէջ մասնակից դարձան նաեւ Լուսահանութեան արարողութեանը:
Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց Միաբանութիւն