Yerakouyn.com. Առաւել քան երկու շաբաթ է Հալէպի մէջ համացանցերը չեն գործեր, հետեւաբար նաեւ հայկական համայնքի լրատուական կայքերը։ ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը տեղեկացնէ, որ բնակելի թաղամասերու մէջ ահաբեկիչներու կողմէն կատարուած են հրթիռակոծումներ, որոնց հետեւանքով զոհուած է 8 մարդ եւ կան տասնեակ վիրաւորներ:
ԵՌԱԳՈՅՆ-ի տեղեկացմամբ, աղբիւրը կը յայտնէ, որ էրտողանի վարչակարգի հետ կապ ունեցող ահաբեկչական խմբաւորումները հրթիռակոծած են Հալէպի Սուլէյմանիէ եւ Սէյէտ Ալի թաղամասերը, որուն հետեւանքով վնաս հասցուած է տասնեակ քաղաքացիներու: