Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Գալ տարի՝ Վան

Ապրիլ 09,2015 11:46

Պատառիկներ ՝ Երազային Արեւմտահայաստանէն

ԴԷՊԻ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ

 

Վարդգէս Գուրուեան

Untitled-1

Շաբաթ Յուլիս 5,  2014-ին «Թուրք Հաւա Եօլլարը» օդանաւով ճամբայ ելանք դէպի Իսթանպուլ: Հանգիստ թռիչքէ մը ետք, մօտ 13 ժամէն հասանք Թուրքիոյ օդային տարածքները: Շուտով տեսանք Իսթանպուլը, իր կանաչապատ բլուրներով, կապոյտ ծովերով, բազմաթիւ կամուրջներով եւ հարիւրաւոր մինարէթներով:

Սարսուռ մը անցաւ մէջէս: Ատելութիւ՞ն, վա՞խ, վրէ՞ժ, յուզու՞մ, չեմ գիտեր: Պահ մը ակամայ փոխադրուեցայ 100-150 տարի ետ: Մեր մտքի, մեր արեւմտահայ մտաւորականութեան կեդրոնն էր այս քաղաքը տակաւին դար մը առաջ: Կարծես Յակոբ Պարոնեանը, Ինտրան, Պետրոս Դուրեանը, Մեծարենցը, Ռուբէն Սեւակը, Դանիէլ Վարուժանը, Սիամանթօն, Գրիգոր Զօհրապը, Կոմիտասը եւ հարիւրաւոր մտաւորականները մեր Զարթօնքին, տիտանները մեր ժողովուրդին սկսան տողանցել աչքիս առջեւէն: Արիւնի հոտ կար օդին մէջ, մեր մտաւորական Մեծերուն սուրբ արիւնի հոտը: Ակռաներս սկսայ կրճտել, ատելութեան եւ վրէժի կրակը կը սպառէր զիս: Քիչ ետք, քանի մը վայրկեանէն պիտի քալէի այն փողոցներէն ուրկէ քալեր էին մեր Մեծերը, ուրկէ քալեր էր Հրանդ Տինքը, ուրկէ քալեր էր Լեւոն Բաշալեանի «Նոր Զգեստ»-ին հէգ պատանին:

Յուլիս 6 է արդէն: Կիրակի՜: Հանգստաւէտ մեր պասը կը տանի մեզ դէպի մեր պանդոկը: Արդէն Իսթանպուլ ենք:

Իսթանպուլը չորս կայսրութիւններու մայրաքաղաքը եղած է. Հռոմէական Կայսրութեան (330-395), Բիւզանդական Կայսրութեան (395-1453), միջանկեալ՝ Լատինական Կայսրութեան (1204-1261) եւ Օսմանեան Կայսրութեան (1453-1923):

Ք.Ա. 680-ական թուականներուն, Տօրեանները այդ կողմերը գաղթելով, շրջանի արեւելեան – Ասիական ափերուն վրայ հիմնեցին Քաղկեդոն բնակավայրը: Ք.Ա. 650-ական թուականներուն, Մեկարոնները նոյն շրջանները գալով, Եւրոպական կողմի թերակղզիին վրայ  հիմնեցին շրջանի ամենամեծ բնակավայրը: Մեկարոններուն հրամանատարն էր Պիզասը: Պիզասի յաջորդները իր անունով այդ զարգացող քաղաքը կոչեցին «Պիզանդիոն»: Նկատի ունենալով որ քաղաքը վաճառականական ճամբաներու խաչմերուկի վրայ էր եւ օժտուած՝ բնական նաւահանգիստով, շուտով Բիւզանդիոնը շատ զարգացաւ եւ հարստացաւ:

Ժամանակի ընթացքին Յոյներ, Պարսիկներ եւ վերջապէս Հռոմէացիք Ք.Ե. 196 թուականին տիրացան Բիւզանդիոնի: Հռոմէացիներու Մեծն Կոստանդին Կայսրը բազմաթիւ պետական շէնքերով, պալատներով,  բնակարանային եւ քաղաքային այլ շինութիւններով մեծապէս ընդարձակեց քաղաքը եւ Մայիս 11, 330-ին Բիւզանդիոնը վերանուանեց Կոստանդնուպոլիս եւ զայն դարցուց Կայսրութեան երկրորդ մայրաքաղաքը: Մինչ այդ նաեւ քաղաքին շուրջ բարձր պատեր – պարիսպներ սկսան շինուիլ:

Թէոտոսիուս Ա. Կայսրի մահէն ետք, 395 թուականին, Հռոմէական Կայսրութիւնը երկուքի բաժնուելով, Կոստանդնուպոլիսը Արեւելեան Հռոմէական Կասրութեան մայրաքաղաք հռչակուեցաւ: Քաղաքին շուրջ հաստ եւ բարձր պարիսպներ շինուեցան, որոնք մինչեւ այսօր կանգուն են: Արեւմտեան Հռոմէական Կայսրոթեան տապալումէն ետք (476), Արեւելեան Հռոմէական կամ Բիւզանդական Կայսրութիւնը շարունակեց իր գոյութիւնը: 666-ին եւ 870-ին Արաբները փորձեցին գրաւել Կ.Պոլիսը, բայց չյաջողեցան:

Օսմանցիները ՊայազիտԱ.-ի (1390-ին) եւ Մուրատ Բ.-ի (1422-ին) ժամանակ Կ. Պոլսոյ վրայ յարձակեցան բայց չկրցան զայն գրաւել: 1453-ին, Մէհմետ Բ. գրաւեց քաղաքը եւ այսպիսով ան վերածուեցաւ Օսմանեան Կայսրութեան երրորդ մայրաքաղաքին (Պուրսայէն եւ Էտիրնէէն ետք):

Կ. Պոլիսը կամ Իսթանպուլը Օսմանեան Կայսրութեան մայրաքաղաքը մնաց մինչեւ 1923, երբ Մուտաֆա Քէմալ Աթաթուրքը Հանրապետական Թուրքիոյ մայրաքաղաքը փոխադրեց Անգարա:

Կ. Պոլսոյ կամ Իսթանպուլի կարեւորութիւնը կը կայանայ նաեւ իր աշխարհաքաղաքական վայրին մէջ: Աշխարհի միակ քաղաքն է որ կը տարածուի երկու ցամաքամասերու վրայ – Ասիա եւ Եւրոպա: Վոսփորի նեղուցը Սեւ եւ Մարմարա ծովերը իրարու կը միացնէ սքանչելի բնական տեսարաններով: Քաղաքին Եւրոպական մասը աւելի առեւտրական եւ վաճառականական կեդրոններու վայրն է, մինչ Ասիական մասը աւելի բնակարաններով լեցուն է:

Կիրակի Յուլիս 6-ին հասանք Կ. Պոլիս: Հազիւ պանդոկ մտած, մեզ դիմաւորեցին Քանատայէն արդէն իսկ ժամանած խումբի միւս անդամները: Տէր եւ Տիկ. Տիգրան եւ Քաթիա Ղորղորեանները, Տօքթ. Պերճ Ղորղորեանը (Մելգոնեանցի եղբայրներ), Տէր եւ Տիկ.Սուրէն եւ Աստղիկ Ղազարեանները եւ Տիկ.Երանուհի Վարդանեանը՝ Մէրիլենտէն: (Մելգոնեանցիներուն մասին՝ քիչ  ետքը…) Ճամպրուկներու ժամանակաւոր տեղաւորումէն ետք, հանգստաւէտ պասով քաղաք շրջապտոյտի ելանք եւ ապա փառաւոր ընթրիք մը ունեցանք քաղաքամէջի պանդոկի մը ճաշարանին մէջ ուր ժամանակին Ակաթա Քրիստին իջեւանած էր եւ նոյն ճաշարանին մէջ ճաշած:

Մեր խումբի Ամերիկահայ անդամները սկսան սպասաւորներուն եւ Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին հարցնել որ «Ակաթա Քրիստին ո՞ր սեղանին վրայ կը նստէր եւ կը ճաշէր…» Բնականաբար սպասաւորները կամ Դոկտ. Կարպիսը այդ եւ նման հարցումներուն պատասխանը չունէին: Ես, քանի որ տրամադրութիւնս տեղն էր, տեղւոյն վրայ պատասխանները հնարելով ցոյց տուի այն «սեղանը» եւ «աթոռը» ուր Ակաթա Քրիստին նստած էր եւ թէ ինչպէս փողոցի անցուդարձերը դիտած ժամանակ ներշնչուած էր եւ իր վէպերէն քանի մը հատը գրած… Նաեւ թէ ինչպէս թուրք ունեւոր մարդ մը փորձած էր զինք «կարգադրել» բայց չէր յաջողած… Մեր բարեմիտ բարեկամները ուշի-ուշով մտիկ ընելէն ետք տեղւոյն վրան շինուած պատմութիւնները, հաճելի զրոյցով շարունակեցին իրենց ընթրիքը, յաճախ Ակաթա Քրիստիին սեղանին եւ աթոռին կողմը նայելով…

Գեղեցիկ էր Իսթանպուլը գիշերային իր բազմահազար լոյսերով: Կամուրջներուն լոյսերը, բազմայարկանի շէնքերուն շարան-շարան լուսամուտերու պլպլացող, երբեմն գունաւոր լոյսեր, Մարմարայի վրայ երթեւեկող զբօսանաւերուն գունագեղ լոյսերը, եռացող բազմութիւնը, եւ մեր խումբի կարգ մը անդամներուն ազնիւ միամտութիւնը շատ գեղեցիկ տրամարդութիւն մը ստեղծած էին մէջս: Բայց յանկարծ կը յիշէի 100 – 125 տարի առաջ պատահած դէպքերը, ժողովուրդիս տառապանքն ու հալածանքը, սպանդն ու ջարդը, եւ պա՜ղ ջուր մը կը թափէր գլխէս վար:

Երկուշաբթի Յուլիս 7-ին Կ. Պոլսոյ շրջագայութեան առաջին մասը պիտի իրագործէինք: «Թոփ Գափու»ի պալատը, Կապոյտ Մզկիթը (Սուլթան Ահմէտի ճամին), Բիւզանդական նշանաւոր ձիարշաւարանը, գոց շուկան եւ այլ տեսարժան վայրեր մաս կը կազմէին մեր ծրագրին (այս վայրերու մասին, աւելի ուշ պիտի գրեմ): Ծրագրին մէջ կար նաեւ այցելութիւն՝ Ակօս թերթի խմբագրատունը:

Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանը այդ օրուան շրջապտոյտին առաջին վայրը ծրագրած էր այցելութիւն՝ Ակօսի խմբագրատունը: Պասը ոլորապտոյտ ճամբաներէ անցնելով հասաւ խմբագրատան առջեւ: Երբ պասէն վար իջանք, զարմանքով տեսանք որ Հրանդ Տինքի սպաննուած ճիշտ վայրին վրայ իր անունը արձանագրուած էր եւ սպաննութեան թուականը:  Տեսարանը շատ յուզիչ էր: Կարծես մէկ ու կէս միլիոնը բաւարար չըլլար, հիմա այս նորագոյն նահատակին սպաննուած վայրը ընդվզումի նոր ալիք մը եւս փրփրացուց մէջս: Մինչ մենք մեր լուսանկարչական գործիքներով եւ այ-ֆոններով կը նկարէինք եւ կը նկարուէինք, քովի խանութպաններն, յաճախորդներն ու անցոնրդները զարմացած մեզ կը դիտէին:  Նկարուելէ ետք բարձրացանք խմբագրատուն: Կրկնակի կղպուած դուռը բացուեցաւ եւ մենք ակնածանքով ներս մտանք: Զուտ «հայկական» խմբագրատուն մըն էր: Խճողուած, մութ եւ փոքր սենեակներով, խառնիճաղանճ թուղթերով եւ գիրքերով բեռնաւոր սեղաններով՝ որոնց բոլորին վրայ համակարգիչ մըն ալ կար:

Մեզ առաջնորդեցին ետեւի պատշգամը ուր շուք կար եւ զով էր: Պատասխանատու խմբագիրներէն մին սկսաւ մեզի բացատրել «Ակօս»ի առաքելութեան եւ Պոլսահայ համայնքին մասին, թէ ինչպէս նոր ծնողները իրենց նորածիններուն միշտ օտար անուններ կու տային, թէ ինչպէս «կը նահանջէր լեզուն», թէ ինչպէս նոր սերունդը քիչ մը շատ անտարբեր էր հայութեամբ, եւայլն: Ամէն տեղ ցաւը նոյնն է… Մեզ հիւրասիրեցին թրքա-հայկական համով թէյով:

Այցելեցինք նաեւ Հրանդ Տինքի գրասենեակը: Սարսուռ մը անցաւ մէջէս: Այս մեր նորագոյն նահատակին գրասենեակն է ուրեմն: Հոս, ի՜նչ ինչ խմբագրականներ գրուած էին հայ-թուրք յարաբերութիւններու մասին ինչպէս նաեւ մեր Մեծ Ողբերգութիւնը թուրքերուն ծանօթացնելու ճիգով:

Յանկարծ տիկին մը փաթթուեցաւ վիզիս եւ «Պրն. Գուրուեա՜ն…»

Ամէն Տեղ Մելգոնեանցի Կայ…

Իսթանպուլի մէջ հազիւ պանդոկ մտած հանդիպեցանք Մելգոնեանցի Տէր եւ Տիկ. Տիգրան (1982) եւ Քաթիա Ղորղորեաններուն եւ Տօքթ. Պերճ Ղորղորեանին (1983) որոնք մաս կը կազմէին այս ուխտագնացութեան: Պոլսաբնակ Մելգոնեանցի Տիկ. Վարդուհի Սէյիզ Էրկիւնէշը արդէն իսկ հոն էր իր դասընկերներուն հանդիպելու եւ զանոնք տունը՝ ճաշի տանելու: Քանի մը վայրկան ետք մեզի միացաւ Ճորճ (Գէորգ) Գիւտեանը (1956) որպէս առաջնորդ:  Ութը Մելգոնեանցիներս (այս խումբը, Տէր եւ Տիկ. Գէորգ եւ Սիլվա Յակոբեանները, Տիկինս Ալիսը եւ ես) բնականաբար, ինչպէս Մելգոնեանցիներուն սովորութիւնն է ամէն տեղ, անմիջապէս խմբաւորուեցանք եւ սկսանք բարձրաձայն խօսիլ Մելգոնեանի մասին:

Յաջորդ օրը այցելեցինք «Ակօս» թերթի խմբագրատունը: Յանկարծ տիկին մը փաթթուեցաւ վիզիս եւ «Պրն. Գուրուեա՜ն, ինչպէս է՜ք» պոռաց, յուզումէն արցունքոտ աչքերով: Մելգոնեանի մեր աշակերտուհիներէն Հերմինէ Կիւլպաշն էր: Հերմինէն «Ակօս»ի պաշտօնեաներէն մէկն է, շատ սիրուած եւ յարգուած: Բնականաբար հոս ալ Մելգոնեանցիներս սկսանք Մելգոնեանի գովքը հիւսել ուխտագնացութեան խումբի միւս անդամերուն, որոնք զարմացած եւ բարի նախանձով մեզ կը դիտէին: Հերմինէ Կիւլպաշ-Սայեանը մեզի բացատրեց որ «Ակօս»ի բարելաւման եւ բարգաւաճման համար հանգանակութիւններ կը կատարուէին (ինչպէս միշտ եւ հայկական բոլոր թերթերուն համար…): Մելգոնեանցիներս չէինք կրնար անտարբեր մնալ այդ կոչին:

Ոխտագնացութենէն ետ Կ.Պոլիս վերադարձին, նախապէս եղած կարգադրութեամբ մը, Հայոց Պատրիարքարանին առջեւ հանդիպեցանք Ովսաննա Չաւուշեանին (1968) եւ Քաջուհի Չիմէնին (1968) որոնք մօտակայ «Գնալը» կղզիէն եկած էին մասնաւորաբար մեզի, Մելգոնեանցի ուխտագնացներուս հանդիպելու:  Բնականաբար խօսակցութեան միակ նիւթը Մելգոնեանն էր եւ Պրն.  Սեպուհ Աբգարեանի առողջական վիճակը:

Մելգոնեանցիներս կարօտով կը յիշէինք անցեալի մեր պատանեկան անուշ օրերը եւ կ’ափսոսայինք մեր սիրելի վարժարանին փակումը:

Այո, «ամէն տեղ Մելգոնեանցի կայ:»

(Կ. Պոլսոյ այլ տեսարժան վայրերու մասին պիտի գրեմ յօդուածաշարքիս աւելի վերջաւորութեան, քանի որ ուխտագնացութեան վերջաւորութեան երբ Պոլիս վերադառձանք, այն ատեն այցելեցինք շատ մը տեսարժան վայրեր:)

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

  1. Գալուստ Ենոքյան says:

    Շատ շնորհակալ եմ Վարդգես Գուրոեան ին այս շատ հետաքրքիր հրապարակման առթիվ: Այնպիսի զգացում ունեմ, կարծես ես էլ իր հետ եմ ճանապարհորդում…

Պատասխանել

Օրացույց
Ապրիլ 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Մար   Մայիս »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930