Բրիտանական The Independent-ի յօդուածագիր Ռապըրթ Ֆիսք հանդէս եկած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին նոր անդրադարձով: Անոր մէջ, մասնաւորապէս, կը ներկայացուի որ այսօր «Իսլամական պետութեան» առաջխաղացման ֆոնին Միջին Արեւելքի քրստոնեայ բնակչութիւնը տառապանքներ կը կրէ, սակայն այդ երեւոյթը նոր չէ. 100 տարի առաջ նոյնը կրած են արդէն հայերը: Այս մասին կը հաղորդէ Tert.am-ը:
Այսօր «Իսլամական պետութեան» այնպիսի ոճիրներու շարքին են քրիստոնեայ կանանց ստրկացումը, եզտիներու կոտորածները, հեղինակը կը նշէ նաեւ Տէր Զօրի հոյակապ հայկական եկեղեցւոյ աւերումը, որ կ՛ոգեկոչէր 1915-ի ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը:
Այս ամէնուն նկատառումով Ֆիսք կ՛առաջարկէ, որ քրիստոնեաներու ողբերգութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ վերաիմաստաւորուի, մանաւանդ` Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեայ տարելիցի նախաշեմին: Ֆիսք կ՛առաջարկէ ճանչնալ Եղեռնը` որպէս ցեղասպանութիւն եւ անոր վերաբերիլ ո՛չ թէ որպէս փոքրամասնութեան կոտորած Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ, այլ քրիստոնեաներու կոտորած` իրենց կրօնով պայմանաւորուած:
Ֆիսք կը նկատէ, որ հայերու կոտորածները զուգահեռներ ունին այսօր ԻՊ-ի կողմէ իրագործուող քայլերուն հետ. այն ժամանակ ալ տղամարդիկ կը կոտորուէին, կանայք կ՛ենթարկուէին խմբակային բռնաբարութիւններու, անոնց կը հարկադրէին կրօնափոխ ըլլալ, երեխաները ողջ – ողջ կ՛այրէին: Հայերու ապրածէն այս դրուագները ներկայացնելով` Ֆիսք կ՛արձանագրէ, որ «Իսլամական պետութեան դաժանութիւնը նորութիւն չէ»:
Կարդացեք նաև
Ընդհանրացում կատարելով` հեղինակը կ՛արձանագրէ, որ «Իլամական պետութեան» եւ 1915-ի օսմանեան թուրքերու միջեւ կայ ընդհանրութիւն. երկուքի պարագային ալ բռնութիւնը հիմնուած է գաղափարախօսութեան վրայ»: Իսկ այսօր իսլամիստներու ձեռքին յայտնուած արաբական աշխարհի մէկ մասի ողբերգութիւնը հեղինակը կ՛անուանէ «Պիպլիական տարողութեամբ ողբերգութիւն»:
Անդրադարձին կից հրապարակուած է նաեւ թուրք զինուորականներու լուսանկարը գանգերու հետ` հայկական Շէյխալան գիւղին մէջ` 1915-ին: