yerakouyn.com. Թրքական «Վաթան» կուսակցութեան փոխկուսակցապետ ու հանգստեան կոչուած զօրավար Իսմայիլ Փեքին Հաքքը հակազդած է վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլուի աւագ խորհրդական Էթիէն Մահճուպեանի խօսքերուն, մասնաւորաբար կանգ առնելով «1915ի դէպքեր»ուն մասին անոր օգտագործած «ցեղասպանութիւն» բառին վրայ։
Պոլսոյ «Մարմարա» օրաթերթին տուած տեղեկութիւններով՝ ան յիշեցուցած է Յունուար 28-ին, Եւրոպայի մարդկային իրաւունքներու ատեանին մօտ կատարուած դատավարութիւնը եւ ըսած է, որ 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն չեն եւ «ասիկա յստակ կերպով ըսուած է Փերինչեքի մասին ընդունուած վճիռին մէջ»։
«Մահճուպեանին ըսելով չէ, որ 1915-ը ցեղասպանութիւն պիտի ըլլայ. ցեղասպանութիւնը ընդունելու համար պայման է, որ տեղական դատարան մը կամ միջազգային դատարան մը որոշում ընդունի։ Խորհրդարաններու ընդունած որոշումները քաղաքական են, իրաւական չեն։ Հակառակ ասոր, երբ կը մօտենայ 24 Ապրիլը, շատ մեծ յարձակում մը կայ Թուրքիոյ վրայ»,- ըսած է ան։