28 Մարտ 2015-ին, երեկոյեան ժամը 6։00-ին, Լիբանանի Ազգային Առաջնորդարանի վարժարաններէն 100 աշակերտներ հաւաքուեցան Beirut Souks-ի մէջ, ուր ներկայացուցին Ֆլէշմոպ մը, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին։
Նախակրթարանէն երկրորդական դասարաններու մաս կազմող աշակերտները իրենց պարերով հաստատեցին, որ իրենք կը քալեն իրենց պապերու ճանապարհէն՝ շարունակելով գոյատեւման երթը եւ հետապնդելով ու պահանջելով հայ ժողովուրդի արդար դատին լուծումը։ Աշակերտները Ֆլէշմոպ-ի նախապատրաստական աշխատանքներուն սկսան երկու ամիս առաջ՝ հսկողութեամբ մասնագէտ պարուսոյցներու։
Նշեալ նախաձեռնութեան նպատակն է հայ թէ օտար հասարակութեան ներկայացնել, թէ հայ աշակերտութիւնը տէրն է իր պահանջատիրութեան եւ իր ոճով ու արդի միջոցներով կը կատարէ իր պարտականութիւնը։
Ֆլէշմոպ-ին տեսերիզը Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի YouTube-ի էջին վրայ տեղադրուելէն մէկ օր ետք, արդէն ունեցած է 9000-է աւելի դիտող։
Կարդացեք նաև
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ