«Տեսնել փափաքողի համար շատ փաստ կայ» վերնագրուած յօդուածին մէջ Պոլսոյ «Ակօս» պարբերականը այսօր խօսքը ուղղած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիճ Էրտողանին, որ, դիմելով Հայկական Սփիւռքին, ըսած էր. «Մեր արխիւներն այստեղ են: Դուն որքա՞ն արխիւ ունիս»:
«Ի հարկէ, հայերը փաստ ներկայացնելու որեւէ կախուածութիւն չունին: Քանի որ, ինչպէս Հրանդ Տինքը կ’ըսէր` «Իւրաքանչիւր հայ մէկ փաստ է», սակայն անոնց համար, որոնք անպայման փաստ կ’ուզեն, պէտք է այս օրերուն միաժամանակ տեղի ունեցած զարգացումներուն մասին յիշեցնել:
Ատոնցմէ առաջինը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Վատիկանի մէջ գտնուող արխիւներուն հրապարակումն է: Միւսը` Ռայմոնտ Գէորգեանի «Հայոց Ցեղասպանութիւնը» գիրքի թրքերէն թարգմանութիւնը: Գիրքին մէջ կը պատմուի վայրերու, գիւղերու մասին, ուր տեղի ունեցած է Ցեղասպանութիւնը` վկաներով: Հետեւաբար` տեսնել փափաքողի համար շատ փաստ կայ: Բաւարար է տեսնել կարենալ»խ- գրած է «Ակօս»-ը։