Այսօր` Երկուշաբթի, 23 Մարտ 2015-ին, Հալէպի զանազան շրջաններու մէջ ինկած հրթիռներու պատճառով զոհուած է Հալէպահայ՝ ՎԱՐԴԱՆ ՄՈՄՃԵԱՆ: Այս մասին կը հաղորդէ «գանձասար»-ը:
Սուրիական “Սանա” գործակալութեան տեղեկացմամբ, Հալէպի գիւղական շրջաններու մէջ իրականացուող գործողութիւններու ժամանակ Սուրիական բանակի ջոկատայիններու հետ բախումներու ժամանակ վիրաւորուած եւ զոհուած են մեծ թիւով ահաբեկիչներ, որոնց թիկունքին կանգնած է Էրտողանի վարչակարգը:
Ռազմական աղբիւրները ՍԱՆԱ-ին յայտնած են, որ բանակը, իրականացուցած գործողութեան ընթացքին, ոչնչացուցած է ահաբեկչական խումբի անդամներ, զինուորական սարքեր, զէնք ու զինամթերք: Դէպքերը կատարուած են Զարպա աւանի մէջ, որ կը գտնուի Հալէպի հարաւային շրջանի մէջ` 20 քմ հեռաւորութեան վրայ: