Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Պատառիկներ ՝ Երազային Արեւմտահայաստանէն

Մարտ 11,2015 12:02

Գալ տարի՝ Վան (1) . Ներածական

Ցեղասպանութեան 50-ամեակին նախօրեակին, «Զարթօնք» օրաթերթի խմբագրապետ Գերսամ Ահարոնեան, «Մեծ Երազի Ճամբուն Վրայ» խորագրով 72 խմբագրականներու շարքով ազգային վերազարթօնք մը յառաջացուց սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ եւ կարծես շարժման մէջ դրաւ Մեծ Եղեռնի 50- ամեակի առիթով համազգային յուշահանդէսներն ու զանազան ձեռնարկները: Մինչ այդ եթէ ամէն տարիԱպրիլ 24-ին յիշատակի սգահանդէսներով կ’ ոգեկոչէինք մեր սրբազան նահատակներուն խնկելի յիշատակը, 50-ամեակի «երկրաշարժ»էն ետք, Ապրիլ 24-ները վերածուեցան քաղաքական պահանջատիրութեան բռնցկաւորման առիթներու: 50-ամեակի միջոցառումներու ժամանակ եւ մանաւանդ անոնցմէ ամիջապէս ետք, Գերսամ Ահարոնեան «Գալ Տարի Վան» նշանաբանով կ’ուզէր որ նոր սերունդը, ամէնքս, այդ լոզունգով առաջնորդուէինք եւ կրկնէինք զայն ամէն առիթով եւ այդպիսով միշտ մեր ուշադրութեան կեդրոնին մէջ ըլլար Հայ Դատի պահանջատիրութիւնը, ինչպէս Հրեաները մօտ 2000 տարի զանազան առիթներով, բայց մանաւանդ ամէն «Պասէք»ին (Passover) կ’ըսէին «Գալ տարի՝ Երուսաղէմ»:

1970-ական թուականներուն Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ, զանազան պաշտօններուս առընթեր, նաեւ կը դասաւանդէի Հայոց Պատմութեան: Առիթը չէի փախցներ ամէն առիթով, բայց մանաւանդ Հայ Դատի պատմութեան դասապահերուն «Գալ Տարի՝ Վան» լոզունգը կրկնելու: Գրաւոր քննութիւններու ժամանակ, ճարպիկ աշակերտները քանի մը անգամ «Գալ Տարի՝ Վան» լոզունգը կը գրէին որպէսզի քանի մը նիշ աւելի տայի: Ես ալ «միամտաբար» կ’իյնայի այդ թակարդին մէջ:

Լոս Անճելըսի Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի մէջ ալ, Տնօրինութեան տարիներուս, Ապրիլ ամսուայ մէջ աշակերտական ատենամարզանքներու պահերուն թէ դասարան այցելութիւններուս ժամանակ, միշտ «Գալ Տարի՝ Վան» լոզունգը կը կրկնէի, եւ մանաւանդ երկար կը բացատրէի աշակերտներուս որ ինչու՞ իրենք ալ պէտք էր որդեգրէին այդ: Հրեաները մօտ 2000 տարի սպասեցին եւ վերջապէս տիրացան Իսրայէլին: Անոնք չյուսահատեցան, հակառակ անոր որ ամէն տեղ կը հալածուէին եւ տրամաբանական ոչ մէկ կարելիութիւն կար որով կարենային երազել անգամ Երուսաղէմ երթալով հոն հաստատուիլ: Մինչեւ անգամ Հրեաները ուզեցին Պաղեստինը «գնել» Սուլթան Ապտուլ Համիտ Բ. Էն, սակայն ան մերժեց ծախել (եւ այդպէսով «ստորագրեց» իր գահընկեցութեան գործընթացը): Սիոնականներուն ջանքերը,պատմական դէպքերն ու մեծ պետութիւններու շահերը այնպէս մը դասաւորուեցան որ Հրեաներուն տրուեցաւ Իսրայէլը, կամ՝Պաղեստինը:

Կիրակի 9 Փետրուար 2014-ին, Արշակ Տիգրանեան Վարժարանի Ծնողա-Ուսուցչական Միութեան նախկին ատենապետներու, շրջանաւարտներու եւ ներկայ ծնողներու կազմակերպութեամբ , Տաղլեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ նշուեցաւ իմ կրթական, միութենական, կուսակցական եւ ազգային այլ ծառայութիւններուս Յիսնամեայ Յոբելեանը: Այս առիթով, զաւակներս ու հարսերս, Հրաչը, Հուրին, Մհերն ու Անին փոխանակ ինքնաշարժ մը կամ ժամացոյց մը նուիրելու, ուզած էին անակնկալ մը ընել ինծի եւ կնոջս, Ալիսին: Երբ չորսը միասին իրենց զաւակներով բեմին վրայ էին եւ իրենց շնորհակալական եւ շնորհաւորական խօսքերը կ’սէին, Հուրին լսափողին մօտենալով եւ խօսքը ինծի ուղղելով ըսաւ .-« Դուն մեզի միշտ կ’ըսէիր «Գալ Տարի Վան», մենք ալ քեզի հիմա պիտի ըսենք «Ա՛յս տարի Վան»: Որոշեցինք այս ամառ քեզ եւ մաման Արեւմտեան Հայաստան ղրկել Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանի խումբին հետ, որպէսզի երթաք եւ ձեր աչքերով տեսնէք Վանը:»

Անակնկալ նուէրը շատ հաճելի էր եւ գործնական: Ուրեմն քանի մը ամիսէն Արեւմտեան Հայաստան պիտի երթայինք մեր ծնողներուն եւ նախահայրերուն բնակավայրերը այցելելու: Ինչ որ սորված էինք մեր Հայոց Պատմութեան գիրքերէն, ինչ որ տարիներով սորվեցուցած էինք մեր աշակերտներուն, ինչ որ կարդացած էինք մամուլի էջերէն եւ ուսումնասիրած՝ քարտէզները, հիմա, քանի մը ամիսէն առիթը պիտի ունենայինք երթալու եւ մեր աչքերովը տեսնելու, օդը շնչելու, ջուրը խմելու, հացը ուտելու, հողը համբուրելու: Պիտի կարենայինք տեսնել մեր նախահայրերուն, մե՛ր պատմական հայրենիքը, Արեւմտահայաստանը: Շուտով պիտի կարենայինք տեսնել, «Չքնաղ երկիր իմ Կիլիկիա»ն, պիտի կարենայինք Անին տեսնել, քալել Անիի աւերակներուն մէջէն, լսել Բագրատունեաց թագաւորներու յաղթական մուտքը հաստ պարիսպներէն ներս կամ Ալփ Ասլանի վոհմակներուն ոռնումը, հազար ու մէկերորդ եկեղեցիին մէջ հայ հովիւին կնկան աղօթքը, հայ գիւղացիին գութանին երգը: Երեւակայութեանս մէջ սկսաւ տակաւ պատկերանալ մանաւանդ թուրք խուժաններուն գազանաբարոյ վայրագութիւնները հանդէպ ազգիս, հանդէպ իմ իսկ ընտանիքիս, մեծ հօրս ու մօրս, հօրեղբայրներուս եւ անոնց ընտանիքներուն:

Արեւմտեան Հայաստան ուխտագնացութեան երթալու օրը որքան կը մօտենար, այնքան կ’աճէր անհամբերութիւնս: Ուրախ էի որ պապերուս հարազատ հայրենիքը պիտի այցելէի, բայց եւ այնպէս յուզումս ալ կ’աճէր, արիւնս կ’եռար երակներուս մէջ: Պիտի երթայի եւ իմ գերդաստանիս դահիճներուն զաւակներուն եւ թոռներուն պիտի հանդիպէի, իմ Ազգս փճացնող բորենիներուն ժառանգորդները պիտի տեսնէի: Պիտի կարենայի՞ արդեօք ինքզինքս զսպել…Անդրանիկ զաւակս Հրաչը, քանի մը անգամ զգուշացուց զիս ըսելով.-«Պապ, հոն բերանդ չբանաս, Թուրքերուն հետ չվիճաբանիս, կռիւ չ’նես հետերնին, քեզ “bail out” ընելու չեմ գար»…

Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ հետեւած էի «Միջին Արեւելքի եւ Օսմանեան Կայսրութեան Պատմութիւն» ճիւղին եւ լաւ ծանօթ էի Օսմանցիներուն եւ Օսմանեան Կայսրութեան ելեւէջներուն: Բացի այդ, Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան մէջ աշակերտական օրերէս քաչածանօթ էի ժողովուրդիս մարտիրոսութեան, շնորհիւ այդ ողղութեամբ կատարած լայն ուսումնասիրութիւններուս եւ ընթերցանուաթիւններուս: Ցեղասպանութեան 50-ամեակի ձեռնարկները կը զուգարդիպէին պատանեկութեանս տաք տարիներուն: Որքան կը կարդայի Մեծ Ոճիրին մասին գրուած յուշագրութիւնները, այնքան աւելի կը բոցավառէր սիրտս: Վրէժի սրբազան զգացումները յաճախ կը պարուրէին հոգիս: Մարդկային նեխած արդարադատութեան դիմաց կ’ըմբոստանար հոգիս: Դոկտ. Յարութիւն Էսէկիւլեանի խօսքերով կ’աղաղակէի.- «Ու՞ր էր Հայոց Աստուածը»: Ինչու՞ ջարդուեցաւ այս «առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդը»… Կրթական, կուսակցական, մամուլի եւ ազգային զանազան մարմիններու գործունէութիւններուս պատճառաւ, բաւական մը քաջածանօթ էի մեր պատմութեան վերջին հարիւրամեակին:

Եւ հիմա, ինծի առիթը կը տրուէր Արեւմտահայաստան երթալու եւ Արարատը միւս կողմէն տեսնելու: Հիմա ինծի առիթը կը տրուէր Վան երթալու, Վանայ լճին Աղթամար կղզին այցելելու եւ հոն վերանորոգուած Սբ. Խաչ եկեղեցիին մէջ աղօթելու, Վանի նշանաւոր կատուները տեսնելու:

Շաբաթ Յուլիս 5, 2014-ին, Լոս Անճելըսի օդակայանն ենք: Ուխտագնացներու մեր խումբի անդամները տակաւ կը հաւաքուէին: Լոս Անճելըսի եւ Ֆրէզնօյի շրջաններէն, եւ վերջն ալ Քանատայէն՝ 25 ազգայիններով ճամբայ պիտի ելլէինք:

Պաշտօնական ձեւակերպութիւններէն ետք կը մտնենք «Թուրք Հաւա Եոլլարը» օդանաւին մէջ եւ ուղղակի դէպի Իստանպուլ – Կ.Պոլիս:

Հէ՜յ Թուրքիա, «էդ մենք ենք գալիս»….

-*-*-*-*-*-*-

Այս յօդուածաշարքովս պիտի փորձեմ մեր Ուխտագնացութիւնը նկարագրել եւ մտորումներս եւ զգացումներս արձանագրել: Պատմական կարգ մը տեղեկութիւններով կէտկիտուած այս գրութիւններս յաւակնոտութիւնը չունին ամբողջական ըլլալու: Մեր պապենական հողերուն վրայ իմ ապրումներս ու դէպքերն են որ պիտի փորձեմ դրսեւորել եւ համեմել զանոնք դրուագներու պատմումով եւ պատմական տուեալներով:

Այս առիթով հոս կ’ուզեմ իմ շնորհակալութիւններս յայտնել կնոջս՝ Ալիսին եւ քենեկալիս՝ Պրն. Գէորգ Յակոբեանին, իրենց շատ կարեւոր խորհուրդներուն, յիշեցումներուն, ուղղութիւններուն եւ սրբագրութիւններուն համար:

Նոյնպէս շնորհակալութիւն Դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեանին իր առաջնորդութեան, իր տրամադրած պատմական կարգ մը գրաւոր տուեալներուն եւ այլ ծանօթութիւններուն համար, որոնք օգտագործուած են այս յուշագրութիւններուս մէջ:

Օգտագործած եմ նաեւ «Կուկըլ»ը, պատմական կարգ մը դրուագներ եւ թուականներ առնելով այդ կայքէն:

 Վարդգէս Գուրուեան

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Մարտ 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Փետ   Ապր »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031