Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ սկսաւ գործել 4th Dimension աշակերտական աշխատանոցը (workshop), որուն նպատակն է մասնակիցները վարժեցնել վիտէօ-նկարահանման եւ կարճ ֆիլմերու պատրաստութեան գործին:
Աշխատանոցը կը բաղկանայ 8 բազմաժամեայ հանդիպումներէ, տարածուած 2 ամսուայ վրայ: Այս հանդիպումներուն ընթացքին, մասնակից աշակերտները պիտի ծանօթանան շարժանկարի տեսութեան, պիտի ուսումնասիրեն նկարահանման, բեմադրութեան, բեմագրութեան եւ պատկերադրման (editing) սկզբունքները եւ պիտի կատարեն աշխատանքներ՝ ձեռք բերուած գիտելիքներուն հիման վրայ: Իբրեւ արդիւնք այս բոլորին, աշխատանոցի աւարտին մասնակից աշակերտները պիտի արտադրեն 2 վայրկեան տեւողութեան ֆիլմ մը, որ պիտի ներկայացուի համալիբանանեան միջ-դպրոցական մրցոյթի:
Մեսրոպեան վարժարանին մէջ նշեալ աշխատանոցը կը ղեկավարէ օրդ. Արին Պաղտոյեան: Աշակերտական խմբակը կը բաղկանայ 10 աշակերտներէ: Արտադրուելիք ֆիլմի թեման պիտի ըլլայ առակ մը՝ Աւետարանէն:
ՏԵՂԵԿԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ