Փետրուար 28-ին Սոցիալ-դեմոկրատական Հնչակեան կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի փոխնախագահ եւ Լիբանանի խորհրդարանի պատգամաւոր Սեպուհ Գալպակեանը եւ պատգամաւոր Ժան Օղասապեանը հանդիպած են Լիբանանի վարչապետ Թամման Սալամին:
Ըստ «Եռագույնի»՝ ինչպէս կը յայտնէ MassisPost-ը, հանդիպման ժամանակ քննարկուած են երկրի ընդհանուր զարգացման, քաղաքական եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ հայերուն առնչուող հարցեր:
Հայ համայնքին առնչուող հարցերէն պատգամաւորները առանձնացուցին Լիբանանի մէջ կազմակերպուելիք Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները: