Շաբաթ 28 Փետրուար 2015-ին Հալէպի զանազան շրջաններ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ կրկին ենթարկուեցան բուռն հրթիռակոծումներու՝ պատճառելով նիւթական եւ մարդկային վնասներ։ Այս մասին, ըստ yerakouyn.com-ի՝ կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը:
Հրթիռակոծուեցան յատկապէս Պոստան Քլէպ եւ Ազիզիէ շրջանները, ուր կիսաքանդ վիճակի մէջ յայտնուեցան բնակարաններ, գործատեղիներ, արձանագրուեցան վիրաւորներ։
Միւս կողմէ, սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, ուր ներկայացուց բանակի ռազմական յառաջխաղացքը Սուրիոյ հարաւային շրջանին մէջ, դիտել տալով, որ ան մեկնակէտ պիտի հանդիսանայ ընդլայնելու շրջանի ազատագրման գործողութիւններն ու վերացնելու ահաբեկչական թափանցումները։