Կաթողիկէ հոգեւորական, բարոյական աստուածաբանութեան դոկտոր Ալեքսանդր Լիւսի-Սմիթ լոնտոնեան Catholic Herald (Կաթողիկէ լրաբեր) պարբերականին մէջ անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին եւ ոգեկոչման կարեւորութեան:
Կաթողիկէ հոգեւորականը կը գրէ.
«Ծիսական առումով փետրուարի սկիզբը լաւ ժամանակ է: Սուրբ Ծնունդէն 40 օր անց՝ երկուշաբթի, մենք տօնեցինք Տեառնընդառաջը, ուր կ’օրհնուին մոմերը, իսկ երեշաբթի՝ սուրբ Վլասի տօնը, երբ կոկորդները կ՛օրնուին:
Սուրբ Վլաս այն սուրբերէն է, որոնց մասին շատ քիչ բան յայտնի է՝ չնայած անոր հանդէպ մեծ պաշտամունքին: Ինչպէս միւս նահատակները, միայն դարեր ետք առասպելներ ծնած են եւ յիշատակութիւններ գրուած, որոնք այլեւս պատմական արժէք չունին: Բայց, վստահաբար, Վլասը եպիսկոպոս էր ու նահատակ եւ ան ապրած է ներկայիս Թուրքիայի Սվաս քաղաքը, որ այն օրերուն Հայաստանի տարածքին մէջ էր եւ կը կոչուէր Սեբաստիա:
Ժամանակին Հայաստանր շատ աւելի մեծ տարածք կը զբաղեցնէր, քան այսօր՝ նախկին խորհրդային երկիրը: Այժմ Սվաս քաղաքը կը գտնուի ժամանակակից Թուրքիայի կեդրոնը, իսկ մինչեւ 100 տարի առաջ ան ծաղկուն քաղաք էր՝ բնակեցուած հայ եւ յոյն քրիստոնեաներով: Բայց եկաւ ճակատագրական օրը. 1915-ի ապրիլի 24-ը: Այդ օրն էր, երբ Օսմանեան կայսրութիւնը սկսաւ ձերբակալել եւ տեղահանել անյիշելի ժամանակներէն ի վեր Անատոլիայի մէջ ապրող հայերը: Ձերբակալութիւններուն, տեղահանման, կոտորածներու եւ բնաջնջման այս կազմակերպուած ծրագրին զոհ դարձաւ մօտ 1,5 միլիոն հայ: Այս պատճառով է որ Թուրքիա այցելողները կը տեսնեն հայկական պատմութեան բազմաթիւ օրինակներ, բայց ոչ մէկ, կամ ամենաշատը մի քանի հայ: Հայոց ցեղասպանութիւնը կ’ոգեկոչուի ամբողջ աշխարհի մէջ, բայց ոչ Թուրքիայի եւ Մեծ Բրիտանիայի, որ Թուրքիայի հետ յարաբերութիւնները չվտանգելու համար ջանասիրաբար կը խուսափի Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումէն:
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ շատ յայտնի սուրբ Վլասը միակ սուրբն է, որ ներառուած է Տիեզերական օրացոյցին մէջ: Ան իր մշակոյթի միակ ներկայացուցիչն է, բայց ինչպիսի՜ մշակոյթի: Սուրբ Վլասի ժողովուրդը ամենահին քրիստոնեայ ազգն է, որ դարձի եկած է Քրիստոսին՝ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչին կողմէ 301-ին՝ Կոստանդիանոս Ա․ Մեծ կայսրին ժամանակաշրջանէն առաջ:
Աւելին, Հայաստանի մէջ աւելի շատ եղած են նահատակները, քան աշխարհի որեւէ այլ անկիւնը՝ հաշուի առնելով, որ ցեղասպանութեան զոհերը քրիստոնէական հաւատքի ատելութեան հողի վրայ սպանուած են: Հիմա մենք արդարացիօրէն մտահոգուած ենք ISIS-ի դաժանութեամբ, ուստի եկէք չմոռնանք 100 տարի առաջ զոհուած հայերը:
Արժանայիշատակ է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին Ատոլֆ Հիթլերի 1939-ին արտայայտած տեսակէտը.
«Մեր ուժը մեր արագութիւնն է եւ դաժանութիւնը: Ճէնգիզ խանը` իր թելադրանքով, թեթեւ եւ ուրախ սրտով կոտորել տուաւ միլիոնաւոր կիներ ու երեխաներ: Այսօր պատմութիւնը անոր կը նայի որպէս հզօր մէկ պետութեան հիմնադիր: Ես կարեւորութիւն չեմ տար այն բանին, թէ թոյլ Արեւմտեան Եւրոպան ինչ կ՛ըսէ իմ մասիս: Ես հրաման արձակած եմ՝ (եւ կը գնդակահարեմ բոլոր անոնք, որոնք թէկուզ քննադատական խօսք մը անգամ արտաբերեն) յայտնելով, որ պատերազմի վերջնական նպատակը ոչ թէ որոշակի սահմաններ հաստատելն է, այլ թշնամիին ֆիզիքական բնաջնջումը: Ուստի, ես առայժմ Արեւելք ուղարկած եմ միայն իմ «Գանգի ստորաբաժանումները»` հրամայելով անոնց` առանց գթութեան եւ խղճահարութեան, անխտիր սպաննել լեհական ցեղին կամ այդ լեզուին պատկանող բոլոր տղամարդիկը, կիները և երեխաները: Միայն այս միջոցով է, որ մենք կը նուաճենք մեզի անհրաժեշտ տարածքներ: Ի վերջոյ, այսօր ո՞վ կը խօսի հայերու ոչնչացման մասին»:
Իսկապէս՝ ո՞վ: Այդ է պատճառը, որ մենք պիտի խօսինք եւ այս ապրիլին յիշենք Հայաստանը: Ուստի, ձեր օրագրերուն մէջ արձանագրեցէ՛ք Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի ամսաթիւը»:
Ալեքսանդր Լիւսի-Սմիթ