Շաբաթ, 21 Փետրուար 2015-ին, Ֆրասիս պապը առանձնական ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբերու դատի ժողովի կառավարիչ` քարտինալ Անճելօ Ամաթոյին եւ ունկնդրութեան ընթացքին վաւերացուց Սուրբերու դատի ժողովի քարտինալական դասին եւ եպիսկոպոսներուն լիանիստ գումարի դրական վճիռը` ”Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետի տիտղոս” շնորհելու` հայ միջնադարեան հոգեւորական, աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժիշտ եւ փիլիսոփայ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին: Այս մասին կը հաղորդէ «Ռատիօ Վատիկան»-ը:
Նարեկացին համարուած է հայ գրականութեան վերածնունդի հիմնադիրը:Անոր ամէնէն յայտնի ստեղծագործութիւնն է «Մատեան Ողբերգութեան»-ը, որ աւելի հանրածանօթ է իբրեւ «Նարեկ» աղօթագիրք:
Անոր կեանքի ու կենսագրութեան մասին շատ քիչ տեղեկութիւններ պահպանուած են: Յայտնի է որ Գրիգոր Նարեկացին ծնած է Վասպուրական նահանգի Ռշտունի գաւառին մէջ, Վանայ Լիճի հարաւային ափերը գտնուող` Նարեկ գիւղին մէջ, մօտաւորապէս ` 951 թուականին: Ան Անձեւացի գաւառի Խոսրով Եպիսկոպոսին որդին էր:
Մանուկ հասակին, Գրիգոր Նարեկացին յաճախած է Ռշտունեաց աշխարհի Նարեկ գիւղի վանքը, ուր իր եղբօրը հետ միասին դաստիարակութիւն ստացան Անանիա Նարեկացիի կողմէն: Ուսումը աւարտելէ ետք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին վարդապետ ձեռնադրուած է Նարեկայ վանքին մէջ եւ ստացած է վանքին Նարեկ անունը:
Կարդացեք նաև
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին վախճանած է 1003 թուականին եւ անոր մարմինը թաղուած է Նարեկի վանքին մէջ: Անոր գերեզմանը երկար ժամանակ ուխտատեղի եղած է շրջակայ հայ բնակչութեան համար, մինչեւ 1915 թուական երբ Նարեկավանքը, Հայոց Ցեղասպանութեան ժամանակ, հիմնովին կը քանդուի: