Yerakouyn.com. Նախապէս ալ հաղորդած էինք, որ քաղաքի կեդրոնը գտնուող Պըսթան Գըլափ վաճառախանութներու շրջանը քանի մը օրէ ի վեր հրթիռակոծման թիրախ դարձած էր:
Արդարեւ, այսօր ալ 21 Փետրուար 2015-ին, շարունակուեցաւ հրթիռածոծումը զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ: Թէեւ քանի մը հատը չպայթեցաւ յատկապէս թիլել շրջանի մուտքը (Պապ էլ-Ֆարաճի կողմէ), սակայն կէսօրուան Պըսթան Գըլափի շրջանի «Սանոսեաններու կառատունի տարածքը» դարձաւ հրթիռակոծման պայթումի թատերաբեմը:
Պայթումի հետեւանքով զոհուեցան 1970-ի ծնունդ Սագօ Գարակիւլլէեանը եւ 1981-ի ծնունդ Յարութ Ագսանեանը, իսկ վիրաւորներու կարգին կան նաեւ հայեր՝ Լեւոն Բարսեղեանը, Նազօ Ագսանեանը, Յովսէփ Չալօղլեանը, Աւօ Զարմինեանը եւ Ժագ Ասլանեանը: Այս մասիկ կը հաղորդէ «Բերիոյ նիւզ»-ը:
Պէտք է ըսել, թէ պայթումները նիւթական ծանր վնասներ պատճառեցին շրջանի ինքնաշարժներուն եւ խանութներուն։
Յայտնենք, որ Պըսթան Գըլափի շրջանի վաճառախանութներէն շատերը կը պատկանին հայերու: