Լրահոս
Դա պե՞տք է մեզ. «Ազգ»
Օրվա լրահոսը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձօնուած Նոր Պատարագ

Փետրվար 20,2015 10:04

«Հորիզոն»ի հարցազրոյցը երաժիշտ-յօրինող Պետրոս Շուժունեանի հետ «Վերյառնումի Ս. Պատարագ 2015»-ին առիթով

 ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ինչո՞ւ եւ ե՞րբ ծնաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին ձօնուած Պատարագ եւ Հոգեհանգիստին գաղափարը: Տեղեկացանք, թէ պատուիրատուն Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնն են:

ՊԵՏՐՈՍ ՇՈՒԺՈՒՆԵԱՆ.- 2010-ին, Ս. Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Հովիւն ու Հոգաբարձութիւնը ինծի դիմեցին, եւ խնդրեցին որ Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին համար Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ մը գրեմ: Ժամանակ խնդրեցի՝ պատասխանելու համար: Կը մտածէի, թէ ինչպէ՞ս կարելի է երաժշտութիւն մը յօրինել, որ Յիսուսի զոհագործման յիշատակին վրայ կը խոկայ, եւ միաժամանակ մէկ ու կէս միլիոն զոհերը կ՚ոգեկոչէ, ու կ՚ըլլայ վկայութիւն մը հայ ժողովուրդի վերակենդանացման եւ դէպի յուսալից ապագայ երթին…

Պատասխանս տուի վեց ամիսներ վերջ, եւ նոյն տարուայ Հոկտեմբերին ձեռնարկեցի ստեղծագործութեան: Խիտ յուզումներով ժամանակ մըն էր. ինչպէ՞ս կարելի է խոկալ եւ ոգեկոչել, երբ կը յաճախուիս Ցեղասպանութեան պատկերներէն. կոկորդդ կը սեղմուի, բերանդ կը չորնայ, աչքերդ կը լեցուին…

Շուրջ մէկ ու կէս տարի աշխատեցայ եւ աւարտեցի ստեղծագործութիւնը: Ֆրասերէնով զայն «Messe et requiem 2015» անուանեցի, իսկ հայերէնով՝ ընդառաջեցի Տ. Գառնիկի առաջարկին եւ անուանեցի՝ «Վերայառնումի Ս. Պատարագ»: Կարելի է ըսել, թէ հայերէն անունը ստեղծագործութեան ոգին է:

Ինծի կը հարցուի, թէ ինչո՞ւ ստեղծագործութեան ֆրանսերէն անունը «Messe et requiem» է:

Հայ Առաքելական Եկեղեցին Հոգեհանգստեան Պատարագ («Messe de requiem») չունի, որովհետեւ ըստ իր ծիսական աստուածաբանութեան՝ Ս. Պատարագը միայն ու միայն Քրիստոսի զոհագործման նուիրուած է: Այդ պատճառով ալ յօրինածս կը կոչուի «Messe et requiem» եւ ոչ թէ «Messe de requiem»:

Հ.- Ի՞նչ է բովանդակութիւնը: ՊՇ.- Պատարագին բովանդակութիւնը Հայ եկեղեցւոյ Ս. Պատարագին երգերուն բառերն են: Ծրագիրը միայն երգերուն բառերը օգտագործել էր: Պատարագիչի եւ սարկաւագի բաժինները նկատի չեմ առած: Սարկաւագի բաժինը պահեցի միայն «Եւ ընդ հոգւոյդ քում» փոխերգութեան մէջ:

Պատարագին մէջ առնուեցան Յարութեան Թափօրի ԳՁ եւ Ճաշու ԳՁ շարականները: Հոգեհանգիստի բաժինը ըստ Տ. Գառնիկի առաջարկին՝ բացի «Ուստի բուրելով» շարականին հետ: Ասիկա երրորդ համարն է Գիւտ Խաչի Հարցին, որ ԲՁ  շարական մըն է: Հայ եկեղեցւոյ աւանդութիւն մըն էր գերեզմանի մուտքին եւ դէպի փոսը ուղղուելու ճամբուն վրայ երգել այս շարականը: Ետքը «Բանդ Աստուած» ԲԿ շարականը դրի: Թէ՛ Պատարագին եւ թէ Հոգեհանգիստին մէջ փոխան Աւետարաններու եղանակաւոր ընթերցումին՝ զուտ երգեհոնային երաժշտութիւն յօրինեցի: Սովորութիւն է Հոգեհանգիստին «Ժողովեալքս» կամ «Քահանայք» երգել: Անոնց տեղ եղանակաւորեցի Ներսէս Շնորհալիի «Յետ կամաւոր» երգը՝ ուրոյն երաժշտութիւն մը մշակելով: Ստեղծագործութեանս հայերէն անունը («Վերյառնումի Ս. Պատարագ») պէտք է արդարանար նաեւ թէ՛ յոյսով, թէ՛ դրական իմաստով եւ թէ՛ երաժշտութեամբ: Այդ պատճառով ալ Հոգեհանգիստին կը հետեւի «Ուխտի երգ» մը, որուն խօսքերը Տ. Գառնիկի կողմէ քաղուած են Սաղմոսներու գիրքէն եւ յարասաբար գրուած:

Հ.- Կը խնդրեմ որ երաժշտական սկզբունքը բացատրէք:

ՊՇ.- Պատարագը եւ Հոգեհանգիստը գրեցի Հայ երաժշտութեան ակունքներուն հաղորդութեամբ: Գրեցի մեծ երգչախումբի եւ չորս մեներգողներու համար: Ստեղծագործութիւնս լայնօրէն ձայնական է: Երգչախումբը կը ներկայացնէ թէ՛ մեր նահատակներն ու զոհերը, եւ թէ՛ մեզ՝ որպէս ապրող, աղօթող եւ արդարութեան յուսացող ժողովուրդ: Ստեղծագործութեամբս ուզեցի ունկնդիրները զգան իրենց ժառանգութեան հարստութիւնը, խորութիւնը, ուժը եւ թռիչքը: Ասիկա չի նշանակեր, թէ արտայայտութիւնս մնաց կրկնութեան մէջ: Որեւէ ստեղծագործութիւն, որ իր ժամանակին լեզուն եւ քերականութիւնը չի բերեր՝ ժամանակավրէպ է: Ուզեցի, որ հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը նոր լեզուով եւ քերականութեամբ արտայայտուի, սակայն միշտ յարգեցի անոր էութիւնը:

Բազմաձայնութիւնը կարեւոր մէկ սկզբունքն է «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ին: Անիկա երբեմն կը հասնի ութ ձայնի, եւ երբ անոնց կը միանան չորս մեներգողներ՝ կը վերածուի տասներկու ձայներու: Աւելցնեմ, որ մեներգողներուն բաժինները շատ իւրայատուկ ձեւով գրուած են. անոնց բաժիններուն մէջ կայ հիմնական երկու գաղափար՝ պատկերացնել մեկուսի աղօթողը, եւ կամ առաջնորդողը:

Երգեհոնին դերը շատ կարեւոր է այս գործին մէջ. անիկա պարզ նուագակցութիւն մը չէ, այլ առհասարակ կը պատրաստէ իւրաքանչիւր երգի մուտքն ու ելքը: Ինչպէս ըսի՝ թէ՛ Պատարագին եւ թէ Հոգեհանգիստին մէջ, փոխան Աւետարաններու եղանակաւոր ընթերցումին՝ զուտ երգեհոնային երաժշտութիւն յօրինեցի: Վերջաւորութեան ալ՝ «Ուխտի երգ»ին առիթով հետզհետէ յոյսով վերացող եւ վեհացող ընթացքին ռlan vital-ն է:

Հ.- Ըսիք թէ հայ եկեղեցական երաժշտութիւնը օգտագործած էք: Ձեր աղբիւրները…

ՊՇ.- Ակնարկեցի, որ միայն հայ եկեղեցական երաժշտութեան չդիմեցի: Նաեւ օգտագործեցի հայ երաժշտութեան այլ ակունքներ, ինչպէս ազգագրականը: Բայց որովհետեւ Պատարագ եւ Հոգեհանգիստ էր գրելիքս՝ հիմնականօրէն նկատի ունեցայ եկեղեցականը: Այստեղ կ՚ուզեմ յիշել, որ թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ Միջին-Արեւլքի մէջ մասնագէտներ եղած են եւ կան, որոնք մեծ վաստակ ունին հայ եկեղեցական երաժշտութեան պահպանման եւ արձանագրման մէջ: Այս առնչութեամբ, յատուկ կերպով կը շեշտեմ մեծ կարեւորութիւնը աշխատանքին, որ Զարեհ Արք. Ազնաւորեանը իրագործած էր: Հայ եկեղեցական երաժշտութեան օգտագործումը երաժիշտներուն կողմէ՝ մեծ նորութիւններ կը խոստանայ:
Հ.- Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ ընդհանրացած է երգել Մակար Եկմալեանի կամ Կոմիտաս վարդապետի Պատարագները: Ի՞նչ տարբերութիւն ունի Ձեր ստեղծագործածը՝ անոնցմէ:

ՊՇ.- Այո: Հայ եկեղեցիներուն մէջ ընդհանրացած է Մակար Եկմալեանի Պատարագին երգեցողութիւնը: Կարգ մը տեղեր կ՚երգուի Կոմիտասի Պատարագը, որ, ինչպէս գիտէք, վարդապետը չէ կրցած աւարտել: Կոմիտասի յօրինածին խմբագրական բծախնդիր աշխատանքը կը պարտինք Վարդան Սարգսեանի: Եկմալեան Պատարագը սկսած է երգուիլ 19-րդ դարու վերջաւորութեան, իսկ Կոմիտասեանը 1930-ական թուականներուն:

Եկմալեանի գործը ձայնային համաչափութեան սկզբունքով գրուած է: Հայ եկեղեցիները ընդհանրապէս Եկմալեան կ՚երգեն, որովհետեւ աւելի մատչելի է դպրաց դասերուն եւ ունկնդիրներուն: Կոմիտասի գործը մեծ հմտութեամբ կառուցուած է: Վարդապետը եւրոպական եւ մանաւանդ գերմանական երաժշտական-յօրինողական իր գիտելիքները առանց չարաշահելու գրեց այնպիսի Պատարագ մը, որ հարազատ է հայ զգացողութեան եւ մտածելակերպին: Կոմիտասեան բազմաձայնութիւնը հարուստ է: Անոր իւրաքանչիւր ձայնը ուրոյն մեղեդի մըն է: Այդ պատճառով ալ՝ լուրջ պատրաստութիւն եւ մշակուածութիւն պէտք է զայն երգելու համար:

Հաճոյքով պիտի յիշեմ Խորէնեան Պատարագը, որ իր կարգին հարստացուց հայ հոգեւոր երաժշտութիւնը: Զայն գրած է Խորէն Մեխանէջեան: Հայ Կաթողիկէ աւանդին մէջ յիշատակելի գործ մըն է Այտընեանի Պատարագը:

Այլ Պատարագներ ալ գրուած են, որոնց մասին կ՚արժէ ուրիշ առիթով մը խօսիլ: Գալով «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ին, թէ՛ թեքնիք եւ թէ՛ կառուցուածքային առումներով անիկա բոլորէն կը տարբերի:

Հ.- Ծանուցուած էր, որ համերգային այս Ս. Պատարագ-Հոգեհանգիստը պիտի երգուի Սէն Լօրան երգչախումբին կողմէ: Ինչո՞ւ:

ՊՇ.- Սէն Լօրան երգչախումբին ընտրութիւնը ըրինք, որովհետեւ հայկական երգչախումբ չունինք այդ մակարդակով: Մեր համայնքներէն երգչախումբ մը կազմելով կարելի չէր հրամցնել «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ը: Ուրեմն, անխուսափելի էր մասնագիտական խումբի մը ընտրութիւնը: Նշեմ որ երգչախումբը 120 հոգիով պիտի երգէ «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ը:

Հակառակ նկատողութեանս՝ թէ այդ մակարդակով հայկական երգչախումբ չունինք, կը կարծեմ որ միւս կողմէ ալ դրական երեւոյթ է տեսնել, թէ ոչ-հայեր պիտի մատուցեն Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն նուիրուած ստեղծագորոծութիւն մը, եւ այն ալ՝ հայերէն: Աւելի՞ն: Երգչախումբին փորձերուն ընթացքին անոր անդամները եւ անդամուհիները իրենց շրջապատին մէջ խօսեցան եւ դեռ կը խօսին ու պիտի խօսին, թէ համերգը նուիրուած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն:
Հ.- Սա կը նշանակէ, որ «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ը արուեստի իրագործում մը ըլլալէ զատ՝ նաեւ Հայ Դատի իրագործում մըն է:

ՊՇ.- Անկասկած:

Հ.- Մեներգողներէն երեքը հայեր են…

ՊՇ.- Ա՛յո: Սաշա Ճիհանեանը իբրեւ սօփրանօ, Էլի Պէրպէրեանը՝ թենօր, Վարդան Գաբրիէլեանը՝ բաս: Նաեւ ուրախ եմ, որ հայ մեներգողներուն միացաւ Մարի-Աննիք Պելիվօն՝ իբրեւ մեցցօ: Չորսն ալ տաղանդաւոր են, երիտասարդ եւ խոստմնալից:

Հ.- Երգեհոնահարն ալ վստահաբար տաղանդաւոր է:

ՊՇ.- Ֆիլիփ Գրոզիէն ճանչցուած երգեհոնահար մըն է: Պատիւ է մեզի համար իր մասնակցութիւնը:
Հ.- Ուրեմն, խանդավառութեամբ կը սպասենք Շաբաթ, 11 Ապրիլը: Գիտենք, որ մեծ աշխատանք կը տարուի Էկլիզ Սէն Ժան Պաթիսթը լեցնելու համար: Վերջը՝ ուրիշ հարցում մըն ալ. ինչո՞ւ 11 Ապրիլը ընտրեցիք: Հետաքրքրական է գիտնալ, մանաւնդ որ Հին Տոմարով այդ օրը 24 Ապրիլն է…

ՊՇ.- Նախ այստեղ կ՚ուզեմ յիշել Ս. Յակոբի հովիւին՝ Տ. Գառնիկ Աւ. Քհնյ. Գոյունեանի դերը, որ «Վերյառնումի Ս. Պատարագ»ին յօրինման առաջին օրէն մինչեւ այսօր նուիրեալ գործ կը կատարէ, նաեւ հոգաբարձութիւնը ու համերգին յանձնախումբը: Հսկայ աշխատանք տարուած է եւ կը տարուի, որ եկեղեցին լման լեցուի, այսինքն՝ շուրջ 2000 հոգիով, թերեւս աւելի: Իսկ գալով թուականի մասին Ձեր հարցումին: Զարմանալի է, բայց այդպէս զուգադիպեցաւ:

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728