Ֆրանսայի մէջ Հայկական յիշողութեան ուսումնասիրութեան եւ արխիւացման ընկերակցութեան նախագահ Ժաք Ուլուսեանի «Le Huffington Post»-ի մէջ հրապարակուած յօդուած NEWS.am-ը կրճատումներով կը ներկայացնէ:
«Իրերը իրենց անուններով չկոչելը կը նշանակէ բազմապատկել աշխարհի փորձութիւնները»,- ըսած է Ալպեր Քամիւ: 1915-2015 թուականները Թուրքիոյ` իրարու յաջորդած կառավարութիւններուն կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման դար է: Նման իմաստ պէտք է տալ նաեւ 100-րդ տարելիցի ձեռնարկներուն:
«20-րդ դարը նաեւ աշխարհի պետութիւններու ղեկավարներու կողմէ տրուած անկատար խոստումներու դար է: Բայց ատիկա նորութիւն չէ, քանզի Նիքոլօ Մաքիավէլլի ժամանակին ըսած է. «Տիրակալը պէտք է նախապէս տուած իր խոստումը պահէ միայն այն պարագային, եթէ ան կրնայ իրեն շահ բերել»:
«2015 թուականը Թուրքիոյ` իրար յաջորդած կառավարութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման 100-րդ տարելիցն է: Այս իրավիճակը ամբողջ հարիւրամեակ կը կը շարունակուի թրքական առաջնորդներու յամառութեան, բայց նաեւ համաշխարհային առաջնորդներու կրաւորականութեան պատճառով, որոնք երկերեսանութիւնն ու լռութիւնը վեր դասեցին մարդու իրաւունքներու եւ արդարութեան արժէքներէն: Այս դարը մարդու իրաւունքներու համընդհանուր գիտակցութեան ձախողումն է, դար, երբ ուժեղը միշտ իրաւացի է:
«100 տարի… Որո՞ւն մօտ կրնայ գայթակղութիւն յառաջանալ մեզի պատմել այդ պատմութիւնը` սկսելով հետեւեալ խօսքերով. «Շատոնց` 100 տարի առաջ…»: Ո՛չ: Զոհերու մասին յիշատակումը կապ չունի վէպէն վերցուած շարքային պատմութեան հետ, խօսքը ցեղասպանութեան մասին է, եւ այդ յանցագործութիւնը երբեք անցեալ չի համարուիր, այն կրնայ կրկնուիլ այսօր, ատիկա էջ չէ, որ կարելի է առանց վտանգի թերթել: Պէտք է շրջել այլ էջեր. չարութեան, այլոց հանդէպ ատելութեան եւ վրէժի էջերը:
«100 տարին շատ է, բայց նաեւ չափազանց քիչ, որպէսզի ծունկի բերէ ժողովուրդի մը,որ 3000-ամեայ պատմութիւն ունի: Բայց, ինչպէս սկիզբը, մենք ոչինչէն կ՛ազատինք, մենք պէտք է շարունակենք պայքարիլ յիշողութեան համար եւ յոյս ունենալ, առաջին հերթին` մեր վրայ»: