Լրահոս
Օրվա լրահոսը

ՀՀ Նախագահը Իր Պատուանդանէն Իջաւ. «Նոր Յառաջ»

Փետրվար 16,2015 16:46

Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» թերթի խմբագիր Ժիրայր Չոլաքեան կը գրէ.

Հարիւրամեակի տա­րիէն, հա­րիւ­րա­մեակի Հռչա­կագ­րի հրա­պարա­կու­մէն անդին, երբ Հա­յաս­տա­նի եւ Ար­ցա­խի սահ­մաննե­րուն օր ըս­տ օ­րէ կը սպառ­նայ ազէ­րական բա­նակը, կը շարունակէ թուրքե­ւազէ­րական շր­ջա­փակումը, կը տի­րեն Կով­կա­սի մէջ Արեւ­մուտք-Արեւելք մրցակ­ցութեան, եւ մի­ջազ­գա­յին տնտե­սական տագնապի ծանր պայ­մաններ, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան նա­խագա­հէն անսպա­սելի էր եւ ան­ըն­դունե­լի՝ Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակ­ցու­թեան նա­խագահ Գա­գիկ Ծա­ռու­կ­եանը թի­րախ վերցնելու քայլը, զինք անուանե­լով ազ­գա­յին չա­րիք եւ այդպէսով վար­կա­բեկե­լով Հա­յաս­տա­­նի Հան­րա­պետու­թիւնը եւ անոր Սահ­մա­նադ­րութեամբ հաս­տա­տ­ուած մարդ­կա­յին ու քա­ղա­քա­ցիական բո­լոր իրա­ւունքնե­րը եւս, ինչպէս նա­եւ՝ խորհրդա­րանա­յին պե­տական հաս­տա­տու­թիւնը, որուն ան­դամ է Գ. Ծա­ռու­կեան, Ազ­գա­յին Ան­վտան­­գութեան կո­միտէն, Բար­գա­ւաճ Հա­յաս­տան կու­սակցու­թիւնը եւ հա­յաս­տանցի այն բոլոր քա­ղաքա­ցինե­րը, որոնք հա­ւատա­ցած են ԲՀԿ-ի քա­ղաքա­կան ծրա­գրին, ան­դա­մակ­ցած ու կողմնակ­ցած՝ անոր։

Քա­ղաքա­կան պայ­քա­րը դա­ժան ու անո­ղոք է, չքմե­ղանք չի ճանչնար։ Սարգսեան անոր վար­պե­տը կը թուէր մին­չեւ այժմ։ Կը ճա­ռէր, կը խօ­սէր, կը քա­րոզէր ժո­ղովրդա­վարու­թեան, ազա­տու­թեան, ազ­գա­յին շա­հերու, կա­շառա­կերու­թեան դէմ պայ­քա­րի, տնտե­սական աճի լեզուն, առանց գոր­ծադրե­լու որե­ւէ մէ­կը։ Ինչ որ կը գնա­հատուէր իր մօտ՝ երկրին պաշտպա­նու­թիւնը ապա­հովելն էր եւ պե­տական վար­չա­մեքե­նային տի­րապե­տելը։

Վեր­ջին շրջա­նին, իշ­խա­նու­թիւնը ար­դէն շատ ջղա­յին դար­ձած էր։ Ընդդի­մադիր ճա­կա­տի ան­դամնե­րու, ազա­տամար­տիկ­նե­րու հան­դէպ՝ ան­ծա­նօթ դի­մակա­ւոր հրո­սակ­նե­րու կող­մէ բիրտ արարքնե­րը եր­թա­լով կ՚ա­ճէին, առանց որ յայտնա­բեր­ուէին անոնց հե­ղինակ­նե­րը։ Այդ արարքներէն վեր­ջի­նը՝ ԲՀԿ-ի ան­դամ Ար­տակ Խա­չատ­րեանի առե­ւան­գումը եւ ծանր ծե­ծի են­թարկուիլը բաժակը յոր­դե­ցու­ցած էր։ ԲՀԿ-ի նա­խաձեռ­նութեամբ ընդդի­մադիր երրեակի ցոյց կազ­մա­կեր­պուած էր կա­ռավա­րու­թեան շէն­քին առ­ջեւ եւ խորհրդա­րանա­կան նիս­տե­րը պօյ­քոթի ենթարկելու վերջնա­գիր յղու­ած էր։

Հան­րա­պետա­կան կու­սակցու­թեան քա­ղաքա­կան խոր­հուրդի նիս­տին, Գա­գիկ Ծա­ռու­կեանին ուղղուած նա­խագա­հին բո­լոր ամ­բաստա­նու­թիւննե­րը խոս­տո­վանու­թիւնն էին մէկ բա­նի, որ իշ­խա­նու­թիւնը մին­չեւ հի­մա կիրարկած է «եր­կու չափ ու եր­կու կշիռ»ի օրէն­քը եւ ան ան­զօր եղած է օրէն­քը եւ արդա­րու­թիւնը գործադրելու Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Եթէ Ծա­ռու­կեան, ինչպէս նա­խագա­հը կ՚ըսէ, իրա­ւան­զանց եղած է, պաշտպա­նուած ու հո­վանա­ւորուած է սա­կայն ի՛ր՝ նա­խագա­հին կող­մէ։ Ու­րեմն, նա­խագա­հը գլխա­ւոր մե­ղաւորն է եւ պա­տաս­խա­նատուն անոր քօ­ղար­կումնե­րուն, նաեւ խար­դա­խու­թիւն­նե­րը հո­վանա­ւորողը։ Իշ­խա­նու­թեան գոր­ծե­լաոճի շատ կա­րեւոր եւ միաժամանակ ան­պատեհ խոս­տո­վանու­թիւն մըն է եղածը։

Նախագահը, 100-ամեակին առ­թիւ՝ փո­խանակ ընդդի­մադիր քա­ղաքա­կան ու­ժե­րուն հետ դա­շինք կնքե­լու, ներ­քին հա­մերաշ­խ մթնո­լորտ ստեղ­ծե­լու՝ դի­մագ­րա­ւելու հա­մար մի­ջազ­գա­յին, շրջա­նային եւ ներ­քին ճա­կատ­նե­րու վրայ ստեղ­ծուած բարդ խնդիր­ներն ու կա­ցու­թիւննե­րը, ներ­քա­ղաքա­կան պայ­քա­րի թէժ վի­ճակ ստեղ­ծեց։

Եթէ սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փոխու­թիւննե­րու մի­ջոցով, Հա­յաս­տա­նի իշ­խա­նու­թեան ղե­կին մնա­լու մար­մաջն է, որ Սերժ Սարգսեանը մղած է Ծա­ռու­կեանը վար­կա­բեկե­լու եւ զայն չա­րիք յոր­ջորջե­լու, նա­խագա­հին այս քայ­լը, իր բա­ցասա­կան բո­լոր երես­նե­րով հան-
դերձ, գո­նէ կա­րեւոր օգուտ մը ու­նե­ցաւ՝ ԲՀԿ-ն դար­ձուց հա­րիւր առ հա­րիւր Ընդդի­մադիր։ Ճա­կատին տուաւ կեդ­րո­նաձիգ ուժ, երկրի բո­լոր դժգոհ, յու­սալքուած ու խա­բուած ու­ժե­րը հա­մախմբե­լով Գա­գիկ Ծա­ռու­կեանի շուրջ, որ կը մնայ օլի­կարխ մը, եւ որ ան­ցեա­լին ալ դաշ­նա­կիցն էր իշ­խող կու­սակցութեան։

yerakouyn.com

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Փետրվար 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հուն   Մար »
 1
2345678
9101112131415
16171819202122
232425262728