Չհամարձակի՛ս ընդդիմութիւն դառնալ: Կրնաս, արտօնութիւն ունիս ընդդիմութիւն խաղալու, սակայն այն վայրկեանէն, երբ լուրջի առնես դուն քեզ, այն վայրկեանէն, երբ քեզի համար գծուած շրջանակէն դուրս ելլելու փորձեր կատարես, գլխուդ կու տամ այնպէ՛ս, որ չես ալ գիտնար ուրկէ՛ եկաւ հարուածը:
Նախագահական կնիքով դաջուած է քաղաքական այս վարքագիծը: Կ՛ընդունի՞ս խաղի այս օրէնքը՝ լա՛ւ, կրնա՛ս ապրիլ, կրնաս նոյնիսկ բարգաւաճ ապրիլ, բայց յանկարծ եթէ ունեցար այն թիւր համոզումը, որ կրնաս այլեւս ինքնուրոյն քայլեր առնել, կրնաս հասարակութեան օգտին աշխատելու յաւակնութիւններ դրսեւորել, ապա պիտի ակնկալես թիրախ դառնալ սանձազերծուած իշխանական զայրոյթին:
Կ՛ընդդիմանաս՝ ծե՛ծ կ՛ուտես:
Կ՛ընդդիմանաս՝ հարկային եւ քրէական մեղքեր կը բարդուին վրադ. մեղքեր, զորս գործած կրնաս ըլլալ աւելի բարեացակամ մթնոլորտի մէջ, երբ ներելի էր քեզի ամէն ինչ, որովհետեւ՝ ընդունած էիր խաղի օրէնքը. մեղքեր, որոնք կրնան նոյնիսկ յօրինուիլ, որովհետեւ՝ այլեւս անբաղձալի ես, այլեւս չափդ անցած ես, այլեւս չափդ չես գիտցած:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Նյութի մանրամասները կարդացեք asbarez.com-ի կայքում
կարո՞ղ ա խոսում է Դաշնակցության մասին…