Իտալիոյ խորհրդարանի վերին պալատը համարուող հանրապետական Ծերակոտը Հոլոքոսթի ու այլ ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծ մը ընդունած է:
Ըստ Tert.am-ի՝թրքական Sözcü պարբերականը կը տեղեկացնէ, որ այդ օրինագիծը Ներկայացուցիչներու պալատէն ետք պէտք է նաեւ նախագահի հաստատման արժանանայ:
Ի դէպ, թրքական որոշ լրատուամիջոցներ, անդրադառնալով այդ իրադարձութեան, զայն կը բնութագրեն որպէս քայլ, որ պիտի զայրացնէ Թուրքիան:
Օրինագիծը, որ 1975 թուականին ընդունուած օրէնքի որոշ դրոյթներու փոփոխութիւն կը սահմանէ, ընդունուած է 234 կողմ եւ 3 դէմ ձայներու յարաբերակցութեամբ:
Օրինագիծով կը նախատեսուի մինչեւ 3 տարի ազատազրկում եւ 10 հազար եւրոյի տուգանք այն անձերու համար, որոնք հրեաներու եւ այլ էթնիկ փոքրամասնութիւններու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնները, ռազմական, ինչպէս նաեւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները կը ժխտեն, կը նուաստացնեն կամ չեն կարեւորեր: