Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեայ տարելիցի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, Կիրակի, 1 Փետրուար 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին տեղի ունեցաւ գիրքերու յատուկ շնորհահանդէս՝ Հայկազեան համալսարանի սրահին մէջ: Այս մասին կը հայտնէ Լիբանանի «Ազդակ» օրաթերթը:
Հայոց Ցեղասպանութեան Լիբանանի 100-ամեակի կեդրոնական մարմինին եւ Հայկազեան համալսարանին կազմակերպած գիտաժողովին աւարտին տեղի ունեցած այս ձեռնարկին բացումը կատարեց Հայկազեան համալսարանի պատասխանատու դասախօսներէն դոկտ. Ֆատի Ասրաուի, որ արաբերէնով ողջունեց ներկաները եւ անդրադարձաւ ձեռնարկի շարժառիթին ու նպատակին եւ ըսաւ. «Հաւաքուած ենք հոս Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով ներկայացնելու դոկտ. Նորա Արիսեանի եւ լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի գիրքերը»: Ան կենսագրական հակիրճ ակնարկներով ներկայացուց նշեալ հեղինակները՝ վեր առնելով անոնց գրական, թարգմանչական եւ լրագրական հմտութիւնները: Ապա ան խօսքը փոխանցեց սուրիահայ մտաւորական դոկտ. Նորա Արիսեանին: Արիսեան նախ արաբերէնով, ապա հայերէնով անդրադարձաւ հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեանի «Արցախեան օրագիր, կանաչ ու սեւ, ո՛չ պատերազմ, ո՛չ խաղաղութիւն» խորագրեալ գիրքին՝ յայտնելով, որ գիրքը կարդալով ինքնաբերաբար մղուած է զայն թարգմանելու: . «Ան որ կ՛ուզէ գաղափար առնել արցախեան հերոսամարտին մասին, պէտք է կարդայ Թաթուլ Յակոբեանի այս գիրքը»:ըսաւ Արիսեան։ Ան յայտնեց, որ գիրքը կոչուած է «սեւ»՝ ակնարկելով պատերազմին պատճառով ստեղծուած սուգի մթնոլորտին, իսկ «կանաչ»՝ զինուորներու, ազատամարտիկներու կանաչ տարազներուն: Գիրքը կը պատմէ Արցախի ազատամարտին ժամանակագրութիւնն ու ականատեսներու վկայութիւնները: Ապա խօսք առաւ գիրքին հեղինակը՝ հայրենի լրագրող Թաթուլ Յակոբեան, որ հայերէնով ներկայացուց գիրքի գրութեան շարժառիթն ու այս առիթով իր կատարած հարցազրոյցները հայ թէ ազրպէյճանցի վկաներու հետ: Յակոբեան նշեց, որ Արցախի պատերազմը իրենց, ինչպէս նաեւ արցախցիներուն եւ բոլոր հայ ընտանիքներուն տուներուն մէջ կը մղուէր: Յակոբեան յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գիրքի արաբերէնի թարգմանիչ դոկտ. Նորա Արիսեանին, մեկենասին՝ Սարգիս Պուտագեանին եւ Հայկազեան համալսարանի նախագահին ու գիտաժողովին կազմակերպիչներուն:
Այս առիթով խօսք առաւ նաեւ գիրքին մեկենասը՝ Սարգիս Պուտագեան, որ արաբերէնով յայտնեց, թէ իր այս նախաձեռնութիւնը կու գայ ի յիշատակ Եղեռնէն ճողոպրած իր մեծ մօր՝ Սիրուն Պուտագեանի, որ անխոնջ հետեւող մը եղած է հայ գրիին, գրականութեան եւ մամուլին։
Նյութի մանրամասները կարդացեք «Եռագույն»-ի կայքում