yerakouyn.com. Ժամեր առաջ Ազիզիէ շրջանի «Սինեմա Զահրաա» պողոտայի հրթիռակոծման հետեւանքով վիրաւորուեցան հալէպահայ Գէորգ Հալլաճեանն ու անոր երկու դուստրերը։
Վիրաւորները անմիջապէս փոխադրուեցան հիւանդանոց։ Հակառակ վիրաբուժական միջամտութեան, Գէորգ Հալլաճեանի կեանքը կարելի չեղաւ փրկել․ վայրկեաններ առաջ ան զոհուեցաւ։ Անոր դուստրերուն վիճակը կայուն է։
Այս մասին կը հաղորդեն Հալէպի “Գանձասար” շաբաթաթերթի խմբագրութենէն: