Այսօր, Ուրբաթ 30 Յունուար 2015-ի երեկոյեան, Հալէպի բնակչութեամբ հոծ «Ազիզիէ» շրջանի «Սինեմա Զահրաա» պողոտան եւ «Սէլլում» հիւանդանոցի շրջանը հրթիռակոծման ենթարկուեցաւ։
Զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէն արձակուած հրթիռներու պայթումին հետեւանքով արձանագրուեցան վիրաւորներ՝ երեքը հայ։ Պայթումը պատճառ դարձաւ նաեւ նիւթական մեծ վնասներու եւ հրդեհի մը բռնկման։ Այս մասին Եռագոյնին կը յայտնէ Գանձասարի խմբագիր Զարմի Պօղիկեանը: