2015 Տարին (որ կը համընկնի հայոց ցեղասպանութեան յիշատակումի 100-րդ տարելիցին) մեծ ակնկալիքներով պիտի չմտնել: Ճիշդ է, որ շատ իւրայատուկ տարի մը կոչուելու պատեհ առիթը պիտի ունենար այս տարին , բայց մինչեւ այս պահը բոլոր տուեալները հակառակը ցոյց կու տան:
Մենք այնքան մեծցուցինք այս տարուան իմաստը, որ հիմա յառաջիկայ 25 Ապրիլին մեծ հիսաթափութիւններու գիրկը պիտի նետուինք:
Մեզմէ շատեր լաւ գիտեն, որ այս տարին եւս ոչինչով պիտի տարբերուի մինչեւ հիմա ցեղասպանութեան յիշատակը ոգեկոչող բոլոր ամեակներէն:
Տխուր փաստը այն է, որ 1930-ականներէն սկսեալ սփիւռքի մէջ աճած սգատօնին մթնոլորտը այսօր փոխադրուած է Հայաստան:
Հասկանալի է, որ սփիւռքի թիթեղեայ «քէմբերուն» մէջ այդ սգատօնը որոշ սրբութեամբ մը կ’իրականցուէր: Եւ լուրջ հարց է, որ այսօրուան յիշատակի հանդիսութիւնները ինչքանով են անկեղծ:
Կը խօսինք ցաւի մը մասին, որ այսօր անցեալի ուժգնութիւնը չունի: Մեր մարմնին վրայ այլ վէրքեր կան: Անոնք կը կոչուին՝ Արցախ, Պէյրութ, Հալէպ: Մենք նոյնիսկ մոռցած ենք օրինակ, թէ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն քանի զոհ տուինք: Քանի հայ զոհուեցաւ, քանի հայ անտուն մնաց ու քանի հայ գաղթական դարձաւ:
Այսպէս ցեղասպանութիւնը վերածեցինք շոուի եւ ոտքի ելանք աշխարհին համոզելու, որ ՝«տեսէ՛ք մեզի մորթեցին ու մենք հիմա այդ օրը դարձուցինք մեր ցաւերը ձեզի ցուցադրելու օրուան»: Բեմականացուցինք ամէն ինչ:
Մտահոգիչ է, որ կրնանք նոյնիսկ մեր բառերը վերածել սուտով շրջանակուած քարտերու եւ լալ չկարենալու տագնապէն մեղադրել մենք զմեզ, որ այս տարին եւս մենք պարապի տուինք:
Մեր խնդիրը նախ եւ առաջ մենք ենք: Ինչ-որ այսօր տեղի կ’ունենայ Հայաստանի մէջ այդ խնդրին իրական ցուցանիշներէն մէկն է:
Նյութի մանրամասները կարդացեք karabakh-open.info-ի կայքում