Թուրքիոյ «Մեծ միութիւն կուսակցութեան» (ՄՄԿ-BBP) անդամներէ բաղկացած խումբ մը բողոքի ցոյց կազմակերպած են Իսթանպուլի կեդրոնական Թաքսիմ հրապարակին վրայ: Ցուցարարները պարզած են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դրօշներով պաստառներ և վանկարկած են թուրք-ատրպէյճանական եղբայրութեան մասին լոզունգներ:
Անոնք նաև հրապարակին վրայ հրկիզած են Հայաստանի Հանրապետութեան դրօշը` հայոց եռագոյնը: Այս մասին կը յայտնէ Գանատայի «Հորիզոն»-ը։