Ս.Դ.Հնչակեան Կուսակցութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ Ընկ. Յակոբ Տիգրանեանի Խօսքը Հայոց Ցեղասպանութեան Ոգեկոչման 100-Ամեակի Կեդրոնական Մարմնի Երկրորդ Նիստին
Յարգելի ներկաներ,
Երեք ամիս ետք ազդանշանը պիտի տրուի Հայոց ցեղասպանութեան 100- ամեակի մեկնարկին: Պատմական անժխտելի փաստարկներով ամրագրուած Հայոց արհաւիրքին հարիւր տարին նշող այդ թուականը վստահ ենք պիտի հանդիսանայ նոր հանգրուանի մը սկիզբը, որ պէտք է յատկանշուի ճանաչումի գործընթացէն դեպի հատուցման և վերականգնման օրակարգի անցումով: Ապահովաբար, այս նոր հանգրուանը պէտք է ամրագրուի արդիական մօտեցումներով, իրաւական լուրջ հիմքերու ձևաւորումով եւ գործելադաշտին մէջ նոր հեռանկարներու կերտումով: Անշուշտ, ցանկացած գործընթացի յաջողութեան ամենակարեւոր հրամայականը կը մնայ մեր ժողովուրդի բոլոր բաղկացուցիչ տարրերուն միասնական ջանքերու մէկտեղումը:
Իսկ որքան կը մօտենանք այդ սրբազան թուականին, այնքան աւելի ակնյայտ կը դառնայ, որ Թրքական իշխանութիւնները բոլորովին տրամադիր չեն որեւէ դրական քայլ առնելու այս կապակցութեամբ, այլ ընդհակառակը ամէն ճիգ ի գործ կը դնեն շուքի տակ ձգելու կամ ուղղակիօրէն խաչաձեւելու Ապրիլ 24-ին նախատեսուած ծրագիրները: Արդարև, Էրտողանի՝ 2014-ի Ապրիլ 23-ին յղած ցաւակցագրէն մինչեւ Տաւութօղլուի չակերտեալ ուղերձը պարագայական եւ քաղաքական հնարքներ են, որոնք կը միտին մթնոլորտը հանդարտեցնել եւ լարումներէ հեռու պահել: Աւելին, անոնք հերթական խորամանկութեամբ կը փորձեն աշխարհին ըսել, որ իրենք այս խնդիրներուն կը մօտենան անկեղծ նկատառումներէ: Բայց խօսքը այլ, գործը այլ: Նման ձեւական ու կեղծ խօսքերը նորութիւն մը չէ մեզի համար: Նորութիւն մը չէ նաեւ, որ Թուրքիան իր ամբողջ դիւանագիտական ծանր հրետանին գործի լծած է հակազդելու համար հայութեան արդար պահանջին: Ասոր ամենապերճախօս արտայայտութիւնը եղաւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի՝ Կալիփոլիի ճակատամարտի տարելիցը մեկ օր առաջ բերելով ճիշտ Ապրիլ 24-ի օրը նշելու որոշումը և ի թիւս այլ երկիրներու պաշտօնատար անձանց, ցինիկաբար և ինչու չէ նենգաբար հրաւիրելու նաև ՀՀ նախագահին: Այստեղ պէտք է կարեւորութեամբ յիշատակել ՀՀ նախագահի յղած դիպուկ եւ արժանի պատասխանը այդ կեղծ հրաւէրին:
Կարդացեք նաև
Անտարակոյս, այս ողորմելի հնարքին լաւագոյն հակազդեցութիւնը կրնայ հանդիսանալ, Ապրիլ 24-ին մեծ շուքով և միջազգային պատկառելի մասնակցութեամբ՝ Հայոց ցեղսպանութեան 100-ամեակի նշումը Ծիծեռնակաբերդի մէջ:
Միւս կողմէ, չի բացառուիր, որ ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի առաւել եւս, Եղեռնի ոգեկոչման նախօրէին Էրտողան կամ Դաւութօղլու կրկին զգայացունց յայտարարութեամբ կամ կեցուածքով մը հանդէս գան, փորձելով շեղել միջազգային ընտանիքի ուշադրութիւնը, իբրև թէ դրական քայլի մը պատրանքը ստեղծելով: Հաշուի առնելով նման հանգամանքի մը հաւանականութիւնը, կարելի է ստեղծել արագ արձագանքման մարմին մը, որ հարկ եղած պարագային, շուտափոյթ կերպով մշակէ և ապա պետական, զանգուածային լրատուական և լոպպիիստական կազմակերպութիւններու խողովակով տարածէ մեր համապատասխան արձագանքը:
Այս բոլորով հանդերձ, կարեւոր կը համարենք նշել, որ չնայած թրքական իշխանութիւններու տակաւ շարունակուող ժխտողական քաղաքականութեան, Թուրքիոյ հասարակութեան մէջ նկատելի տեղաշարժ արձանագրուած է ցեղասպանութեան փաստի ընդունման և պատմական իրականութիւններու վեր հանման առումով: Այդ առումով, մենք կը քաջալերենք ուղղակի շփումը Թուրքիոյ առողջ և գիտակից հատուածին հետ և կը հաւատանք, որ այս գործը նոյնքան կարեւոր է, որքան ցեղասպանութեան ճանաչման համար մեր կողմէ տարուող որևէ այլ աշխատանք:
Յարգելի ներկաներ,
Արդարութեան վերականգնման ճանապարհը երկար է և դժուարին: Ան կը պահանջէ յարատեւութիւն, վճռակամութիւն և գերագոյն ճիգ, առաւել եւս երբ գործ ունինք կողմի մը հետ, որ ջանք չի խնայէր մեզ խոչընդոտելու ամեն քայլափոխին: Ակնյայտ է, որ թրքական կողմին համար ցեղասպանութեան ընդունման փաստին դէմ պայքարը ինքնանպատակ չէ, այլ կանխարգելիչ միջոց է անոր յաջորդող քայլերուն դէմ: Հաշուի առնելով այդ հանգամանքը, մեր յետ 100-ամեակի առաջադրանքը պէտք է ըլլայ ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն առընթեր ձեւաւորել հատուցման և վերականգնման նախագիծը, որուն հիման վրայ պէտք է կազմուի իրաւական թղթածրարը:
Շնորհակալութիւն