Եռագույն. Ֆրանսայի Մարսէյլ քաղաքին մէջ Յունուար 12-ին սպաննուած է 16-ամեայ հայ աշակերտ մը: Nouvelles d’Armenie-ն կը հաղորդէ, որ դէպքը տեղի ունեցած է դասերէն ետք: Ուսումնարանի մէջ ուսանող հայ տղան վիճած է դպրոցականներու հետ, վերջինները անոր սպասած են ուսումնարանի մուտքին ու դանակահարած: Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը:
Նշենք, որ տղուն մականունը եւ դէպքին մասին այլ մանրամասներ առայժմ չեն հաղորդուիր: Ի դէպ, տղուն հայկական ծագման մասին ֆրանսական լրատուամիջոցներէն նշած է միայն France info ռատիոկայանը, որմէ յղում կատարած է Nouvelles d’Armenie-ն: