yerakouyn.com. Արեւմտեան Միացեալ նահանգներու Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութիւնը (ՀԵԴ) յայտարարած է, որ Յունուար 14-ին կը ձեռնարկէ Ցեղասպանութեան հարիւրամեակը հարիւրօրեայ գործողութիւններու շարքով դիմաւորելու ծրագիրի գործադրութեան: Այս մաիսն կը հաղորդէ “Ասպարէզ”-ը:
ՀԵԴ-ի հարիւրօրեայ ծրագիրները գործողութիւններու շարք մըն է՝ շաբաթական քարոզչական արշաւներէն սկսեալ, մինչեւ ցոյցեր, քաղաքական յարաբերական հանդիպումներ, մշակութային ձեռնարկներ, ցուցահանդէսներ, որոնց եզրափակումը պիտի ըլլայ Ապրիլ 24-ի քայլարշաւը դէպի թրքական հիւպատոսարան:
«Հարիւրօրեայ գործողութիւններու ծրագիրը միջոց մըն է համայնքը մասնակից դարձնելու Հայ Դատի աշխատանքներուն: Կը դիմենք մեր համայնքի անդամներուն, որ մասնակցին այս ծրագիրին եւ զօրակցին մեր աշխատանքներուն», յայտնեց ՀԵԴ-ի ատենապետ Արփա Հացպանեան: