Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Ծանր ահաբեկչութիւն Փարիզի մէջ. Սթէֆան Շարպոնիէ կը նախազգար իր եղերական մահը

Հունվար 08,2015 14:41

Եւրոպայի համար տարին լաւ չըսկսաւ: Ֆրանսայի սիրտին մէջ օր ցերեկով երեք դիմակաւոր զինեալներ  չորեքշաբթի օր յարձակում գործեցին Ֆրանսայի ամէնէն յայտնի քաղաքական- երգիծական  «Շարլի Հէպտո» (Charlie Hebdo) թերթի խմբագրատան վրայ: Ահաբեկիչներուն բացած կրակով զոհուեցան 12 անձեր, որոնց մէջ կան թերթի լաւագոյն չորս երգիծանկարիչները: Նախնական տուեալներով յարձակումը կը կատարուէր արհեսավարժ եւ ֆրանսախօս ահաբեկիչներու կողմէ:

Գործողութեան արհեստավարժ ըլլալուն մասին խօսած է ամերիկեան գաղտնի սպասարկութեան (CIA) նախկին զօրավար Թոնի Շէֆֆըր, որ վերլուծելով յարձակումը ըսած է, թէ ահաբեկիչները քաջածանօթ եղած են Փարիզեան թաղերուն եւ անոնք լաւապէս ծրագրած են գործողութիւնը:

Դէպքէն ժամեր անց «Ալ Արապիյա» կայանը իր կայքին վրայ  տեղադրեց տեսանիւթ մը, ուր  երեք զինելաներու  դէպքի վայրէն հեռացումը կը ցուցադրուի: Զինեալները  կրակ կը բանան պահակ- ոստիկաններէն մէկուն վրայ ու կը զգետնեն զինք: Ապա վերադառնալով՝ սառնասրտօրէն դարձեալ կրակ կը բանան ոստիկանին վրայ:

Ինչ կը կատարուի Փարիզի մէջ: Ովքե՞ր են օգտուողները եւ ի՞նչու երգիծական թերթի մը  կեդրոնատեղին կ’ընտրուի ահաբեկչութեան հիմնական թիրախ:

Յարձակումէն ետք ուշագրաւ կ’ըլլայ Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի ըրած յայտարարութիւնը, որ դէպքին վայրէն  դատապարտելէ եւ երկրին մէջ եռօրեայ սուգի օր յայտարարելէ ետք կ’ըսէր, թէ Ֆրանսայի ուժեղագոյն զէնքը  անոր միասնակամութիւնն է եւ ոչ մէկ ուժ կրնայ մասնատել երկրի ազգային միասնութիւնը: Հոլլանտ նաեւ կը վստահեցնէր, որ  կարեւոր ճիգեր պիտի գործադրուին  ձերբակալելու համար ոճրագործները:

Charlie-Hebdo--Stephanie Carbonnier-v3

«Շարլի Հէպտո» թերթին պատմութիւնը բաւական երկար է: Թերթը բազմիցս ենթարկուած է գրոհներու եւ այդ յարձակումներէն ամէնէն յիշատակելին տեղի ունեցած է  2011 թուականի Նոյեմբերին, երբ անծանօթներ փորձած են հրկիզել թերթի գրասենեակները: Թերթը նաեւ  դարձած է  խիստ քննադատութիւններու թիրախ, որովհետեւ վերահրապարակած է դանիական երգիծական թերթերու Մոհամմէտ Մարգարէին մասին եղած  այն ծաղրանկարները, որոնք լոյս տեսած էին 2006-ին եւ պատճառ դարձած  իսլամական բազմահազարանոց բողոքի ցոյցերու:

Մինչ դանիական թերթերը դանդաղօրէն հրաժարած են այդ թեմայէն «Շարլի Հէպտո» հրապարակած  է «Շարիհա- Հէպտո» անունով ներդիր մը, ուր դարձեալ ծաղրի առարկայ դարձած է Իսլամներու Մոհամմէտ Մարգարէն:

Այդ ներդիրի հրապարկումէն ի վեր Մարգարէն կը դառնայ թերթի մշտական կերպարներէն մին: Աւելի ուշ իսլամական աշխարհին համար ամէնէն շատ բողոքի ալիք բարձրացնելու պատճառ հանդիսացած է երգիծանկար մը, ուր Մարգարէն նստած է անդամլոյծներու աթոռի մը վրայ եւ  կ’առաջնորդուի ուղղափառ  հրեայի մը կողմէ:

Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի իշխանութիւններուն անոնք բազմիցս զգուշացուցած են թերթի խմբագրակազմը, որ նման  երգիծանկարներ կրնան լուրջ եւ անսպասելի հետեւանքներ ունենալ: Այսպէս Ֆրանասյի  ԱԳ նախարար Լորան Ֆապիւս յայտարարութեամբ  մը ըսած է, թէ նման գործելոճներ անընդունելի են եւ խօսքը շաբաթաթերթի խմբագրութեան ուղղելով ըսած ՝ «այս վարմունքը  առկայ կրակին վրայ քարիւղ թափելու կը նմանի»:

«Շարլի Հէպտո»ի թերթի խմբագրութիւնը մնացած է անդրդուելի: Թերթի գլխաւոր խմբագիր՝ Ժէրար Պիար պատասխանելով իշխանութիւններուն յայտնած է ,թէ իրենք ենթակայ են միայն  ֆրանսական օրէնքներուն եւ պիտի գործեն այդ օրէնքներու հովանաւորութեան տակ:

Պիար, որ  դէպքին օրը կը գտնուէր Լոնտոն  զարմանքով ընկալած է լուրը եւ  դատապարտելէ ետք յարձակումը ըսած «կը զարմանամ, որ թերթի մը դէմ նման յարձակում կը գործուի: Մեր թերթը պատերազմի  գործիչ մը չէ» եզրակացուցած է ան: 2011-ի Դէպքերէն ետք եւ թերթին կողմէ ներկայացուած յատուկ պահանջներուն հիմքով Ֆրանսայի իշխանութիւնները ապահովական յատուկ միջոցառումներ  իրականացուցին  թերթի գրասենեակներուն շուրջ սակայն ի զուր: Կը կատարուէր անսպասելին ու  զինելաները  «հանգիստ» կերպով կը յաջողին  իրականացնել իրենց  ծրագիրը:

Եւրոպական շարք մը աղբիւրներ «սեւ չորեքշաբթի»  որակեցին  այդ օրը: Կը հաղորդուի նաեւ,որ ինկած  շուրջ 15 վիրաւորներէն  8-ին վիճակը  վտանգաւոր է:

Տեսարանը բաական բարդ է ու ծանր: Միջին արեւելքի մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ  քանիցս հնչող սպառնալիքները այսօր միս ու ոսկոր  կը ստանան: Ահաբեկչութեան նոր հանգրուան մը կը բացուի  Եւրոպայի սիրտին վրայ:

Ահաբեկիչները  իրենց առջեւ դրած են այլ խնդիր մը եւս: Անոնք կը յաջողին մէկ քարով քարով երկու թռչուն վար առնել: Նախ կը ստեղծեն խուճապի մթնոլորտ եւ երկրորդ իսլամութեան նուրբ թելերուն վրայ խաղալով կը տիրանան  համաիսլամական  առնուազն լուռ նեցուկի մը: Այդ նեցուկը բնականաբար կապ ունի շատ մը իսլամներու արեւմուտքի դէմ կուտակուած ատելավառ զգացումներուն հետ:

Յառաջիկայ օրերը կարեւոր են այն իմաստով, որ ցոյց պիտի տան, թէ ինչքանով ապահով է Փարիզը իր բնակիչներուն համար:

Հակառակ  առկայ ապահովական միջոցառումներուն զինեալները յաջողեցան թափանցել Փարիզեան «բերդ»էն ներս: Այս մէկը կը խօսի այն մասին, որ գործողութիւնը կատարողները առանձին չեն: Անոնք լուրջ պատրաստութիւն ունին  եւ վստահաբար քաղցկեղի նման տարածուած են Ֆրանսայի տարբեր քաղաքներուն մէջ: Այս բոլորէն անդին կարեւոր է Իսլամը զատորոշել ահաբեկիչներու արարքներէն:  Ամէն գնով ահաբեկչութիւնը իսլամին առնչելու մեթոտը նորութիւն մը չէ: Պէտք է ականջ տալ  իսլամ բազմաթիւ վերլուծողներու, որոնք արագօրէն դատապարտեցին Փարիզեան սպանդը:

Կը թուի, որ Եւրոպան իսլամը հասկնալու երկար ճանապարհ ունի կտրելիք ու  այսօր  այդ ջրբաժանի օրն է: Թէ ինչ զարգացումներ կրնան պատահիլ յառաջիկայ օրերը ցոյց պիտի տան: Սակայն մէկ բան յստակ է, որ մտած ենք նոր հանգրուան մը, որ բաւական մտահոգիչ, բաւական լարուած ու բաւական մեծ անակնկալներով յղի է:

Անհասկնալի զուգադիպութեամբ մը, երբ Փարիզի մէջ ահաբեկչական յարձակումը տեղի կ’ունենար  լոյսին կը տրուէր Ֆրանսացի անուանի վիպասան Մէշէլ Ուէլպէքի «Հնազանդութիւն» վէպը, որուն հիմնական թեման նուիրուած է իսլամոֆոպիայի:

Թերթի երգիծանկարիչ Սթէֆան Շարպոնէի, իր  նկարած վերջին երգիծանկարով կարծէք կը նախատեսէր իր եղեռական մահը: Նկարին մէջ իսլամ ահաբեկիչը կը յայտնէր, թէ մինչեւ օրս Ֆրանսայի մէջ ահաբեկչական արարքներ տեղի չեն ունեցած սակայն մինչեւ յունուար ամսուան աւարտը ահաբեկիչները իրենց լաւագոյն ցանկութիւնները պիտի  ներկայացնէին:

Լաւագոյն ցանկութիւնները ներկուած են կարմիր արիւնով:

Ատոր դիմաց ամբողջ Փարիզը, ամբողջ Ֆրանսան, գուցէ ամբողջ Եւրոպան ոտքի են:

Կարեւոր օրերու ականատես կրնանք ըլլալ, սպասենք:

Սագօ Արեան

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հունվար 2015
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Դեկ   Փետ »
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
262728293031