karabakh-open.info. Անցնող երկու օրերուն որոշ լարուածութիւն մը նկատուած է հայկական Քեսապ աւանին շուրջ: Այս առումով մեծ դժուարութեամբ յաջողեցայ կապ հաստատել Քեսապի ազգայիններէն Պրն. Կարօ Մանճիկեանին հետ: Մանճիկեան յայտնեց, որ նկատի առնելով վերջին օրերու լարուածութիւնը գիւղի պատասխանատուները որոշած են թուրքիոյ հետ սահմանային հատուածին մօտ ապրող հայ ընտանիքները արագօրէն Լաթաքիա փոխադրել: Ան նաեւ յայտնեց, որ փոխադրուածներուն մեծամասնութիւնը երեխաներ եւ կիներ են, իսկ տղամարդիկ մինչեւ այս պահը կը շարունակեն մնալ Քեսապի մէջ:
Մանճիկեան նաեւ ըսաւ, որ այս պահու դրութեամբ գիւղին վրայ ոչ մէկ կրակոց կամ ռմբակոծում չէ գրանցուած: Ան խօսքը ուղղելով հայրենի ԶԼՄ-ներուն` կոչ ըրաւ հեռու մնալ խուճապ ստեղծող լրատութիւնէ եւ Քեսապի հետ առնչուած ցանկացած լուր հրապարակել ստուգումներ կատարելէ ետք: Այստեղ պէտք է նշել, որ անցնող մի քանի օրերուն արաբական լրատուական տարբեր աղբիւրներ տեղեկութիւններ կը փոխանցէին յատկապէս Լաթաքիոյ գիւղական շրջաններուն մասին, յայտնելով, որ ընդդիմադիր ուժերու եւ Ասատեան վարչակարգային ուժերուն միջեւ ծանր բախումներ կը գրանցուին, բան մը որ կը մատնէ, թէ շրջանին մէջ իրավիճակը կրնայ յաւելեալ բարդացումներու երթալ:
Յիշեցնեմ, որ Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը Քեսապի մասին հաղորդուած տեղեկութիւնները իմանալէ ետք կապ հաստատած է գիւղի պատասխանատուներուն հետ: Վեհափառը ստացած է սպառիչ տեղեկութիւններ իրավիճակին մասին եւ կը շարունակէ մօտէն հետեւիլ իրադարձութիւններուն:
Սագօ Արեան