karabakh-open.info. Գաղտնիք չէ, որ Ահմատ Ճէմալ Փաշայի թոռը՝ Հասան Ճեմալ, ոչ մէկ որոշիչ դեր ունի ներկայիս թուրքիոյ քաղաքական շրջանակներուն մօտ: Աւելին ալ կայ, պետական հովանին վայելող «Միլլիյէթ» թերթին մէջ մօտիկ անցեալին գրոնիկագիր ՝Հասան Ճեմալ քրտական հարցին հետ կապ ունեցող հրապարակման մը պատճառով թերթի խմբագրին՝ Տէրիյա Սազակի կողմէ կը հեռացուէր իր աշխատանքէն: Մեզմէ շատերուն մօտ Հասան Ճեմալի անունը կը դառնար առանցքային, տրուած ըլլալով, որ ան հայոց ցեղասպանութեան մէջ որոշիչ դեր ունեցող Ճեմալ Փաշայի (Ալ Սաֆահ մակդիրով յայտնի ) թոռն էր: Անոր անունը շրջանառութեան մէջ կը դրուէր, որովհետեւ Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը ընդունելէ անդին ան «1915. Հայոց Ցեղասպանութիւնը» անունով գիրքի մը հեղինակը կը դառնար:
Այսպէս 11 Դեկտեմբերին Երեւանի «Մոսկուա» շարժապատկերի սրահէն ներս տեղի ունեցած դէպքը կը դառնար անկիւնադարձային: Ճեմալ իր հրապարակած հատորին մէջ վիրաւորական շեշտով մը 21 Յուլիս 1926-ին իր մեծ հօրը ահաբեկած վրիժառու հայորդիները՝ Պետրոս Տէր Պօղոսեանն ու Արտաշէս Գէորգեանը կոչած է հրոսակ: Այստեղ ինչպէ՞ս հասկնալ կամ ի՞նչ պարունակի մէջ դնել անոր խօսքը: Ճեմալի այս «կրակոց»ը, խորքին մէջ հիմնովին տակնուվրայ կ’ընէր մթնոլորտը եւ փոխանակ ծառայէր կազմակերպիչ կողմերու նպատակներուն, որոնք կ’ուզեն հանրութիւնը հաւատացնել, որ դրական աշխատանք մը առաջ կը տանին հայ- թուրք յարաբերութիւններու վերականգման համար՝ արագօրէն ժխտական ալիքի մը բարձրացումին կը ծառայէր: Պատմական արմատներով խոր վէրքեր ունեցող հանրութեան համար Ճեմալի հնչեցուցած անտեղի խօսքերը նոր առիթ մը կը հանդիսանային ըսելու համար, որ տեսէք՝ « թուրքը չէ փոխուած, թուրքը նոյն թուրքն է: Բոլոր թուրքերը դահիճ կամ դահճապետ են»: Աւելի անդին երթալով բացի անկէ, որ Ճեմալ (եթէ իրօք իրեն համար անհնար էր առանց «հրոսակ» բառի օգտագործման խօսիլ իր մեծ հօր ահաբեկման մասին) կրնար առնուազն անտեսել այդ թեման ու չխօսիլ այդ մասին: Աւելին ալ կայ, Հասան Ճեմալ ԵՊՀ-ի թրքագիտութեան ամպիոնի ուսանողներուն առջեւ խօսելով կ’ըսէր, թէ «մեր եւ ձեր միջեւ պատեր կան եւ մենք պէտք է միասին կոտրենք այդ պատերը»: Սակայն ան իր արարքով նոր պատեր կը կառուցէր: Այս չէր բաւէր տակաւին անոր բարեկամ ճանչցուած անհատէ մը իր տեղեկութիւնները քաղելով News.am կայքը այսօր կը գրէր (16.12.2014), որ Ճեմալ Երեւանի դէպքերէն ետք ընդհանրապէս կը խզէր իր կապերը սփիռքահայութեան հետ եւ կը քաշուէր բոլոր այն նախաձեռնութիւններէն, որոնք նախօրօք ծրագրուած էին եւ կապ ունէին հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշման միջոցառումներուն հետ: Հիմա ո՞վ է տուժողը եղածէն: Եւ յանուն ինչի այս փոթորիկը: Թուրքագէտ Ռուբէն Մելգոնեան, որուն ելոյթով սկիզբ կ’առնէր տագնապը կը պահանջէր իր որպէս թարգմանողի իրաւունքները: Ան իրաւացի էր, որովհետեւ կը յենէր նախօրօք կնքուած համաձայնութեան մը վրայ, ըստ որուն անոր կատարած թարգմանութեան վերջնական տարբերակը եւս պէտք է ինք կարդար ու համաձայնութիւն տար: Հատորը հրապարակող կողմը («Հրանդ Տինք Հիմնադրամ» Խմբ.- Ս. Ա.) չէր կատարած իր խոստումը: Այլ հարց, թէ թարգմանիչ մը իրաւունք ունի՞ տողատակի բացատրութիւններ աւելցնելու գիրքի մը մէջ կամ ոչ եւ որուն թարգմանութեան (վճարումի դիմաց Խմբ.՝ Ս. Ա.) իրաւունքին տիրացած է միայն: Մթնոլորտը կը շիկանար նաեւ, երբ կազմակերպիչները արգելքներ կը դնէին ներկաներուն «օրուան հերոս»ին հարցեր տալու: Մելգոնեան սրահը լքած պահուն բաւական ծանր խօսք մը ըսելով կը յայտարարէր, որ «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»ը կը սպասարկէր թուրքիոյ շահերուն:
Անկախ անկէ, որ այդ հիմնարկը կը գտնուի թուրքիոյ մէջ եւ կը գործէ համաձայն թուրքիոյ օրէնքներուն նաեւ անառարկելի է, որ թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած նոր հանգրուանին առընթեր կարեւոր եւ գնահատելի աշխատանքներ տարած է:
Խնդիրը «Հրանդ Տինք հիմնադրամ»ը չէ, խնդիրը Հասան Ճեմալն է, որ Երեւան գալով երեւի ուզած է ներկաներէն ծափահարութիւններ խլել, չնայած անոր, որ չէ ալ իմացած որ ինչ հակազդեցութեան կրնայ առերեսուիլ:
Խօսուած նիւթերը, քննարկումները, հրապարակային ելոյթները շատ նուրբ ձեւաչափի մը շուրջ ըլլալիք բաներ են: Այս գործին մէջ դեր ունեցած «Սարն ի վեր» խորագիրը կրող նախաձեռնութիւնը եւս չէ կրցած ըմբռնել, թէ ինչ անակնկալներ կրնան ի յայտ գալ:
Թրքահայաստանի կամ արեւմտահայոց խնդիրներուն մասին վերլուծում կատարելը շոյէն անդին են: Հոն պէտք է իրար լսելու որոշ մշակոյթ մը ձեւաւորել: Մշակոյթ ձեւաւորելը քծնիլ չի նշանակեր, որով նման եւ թերեւս աւելի ծանր հակազդեցութիւններ կրնան տեղի ունենալ Պոլսոյ կամ Անգարայի մէջ:
Ինծի կը թուի, որ այս ամբողջ ընթացքին մէջ երկու կողմերը առնուազն պատրաստ չեն իրար հետ խօսելու: Մինչ Հասան ճեմալ իր ունեցած աժանատային համար Երեւան կու գայ, երեւանցիներէն սրտակցութիւն մը, լաւ խօսք մը կամ ծափ մը բռցնելու համար, անդին Հայաստանի հայ – թուրք առնչութիւններուն կամ թէզերուն մօտիկ եղող անձեր յարմար առիթը կը սպասեն հռետորական խօսքեր ընելու եւ յայտարարելու, որ «մենք թուրքերուն հետ խօսելիք մը չունինք»: Այս բոլորին մէջ դարձեալ անտեսումի ենթակայ կը դառնայ արեւմտահայութիւնը, որ խորքին մէջ հիմնական ժառանգորդ, պահանջատէր եւ իրաւասու կողմն է:
Ենթադրելի է նաեւ, որ Ճեմալ նոյնիսկ կը փորձէ եւրոպացիներու աչքերուն փոշի ցանել ըսելու համար, որ ես որպէս հայոց ցեղասպանութիւնը ընդունած այլախոհ մտաւորական Երեւան այցելեցի ու մերժուեցայ:
Երկու ժողովուրդներուն միջեւ եղած մեծ վիհերը այս ձեւով չեն վերանար: Չեմ կրնար ըսել, որ կը խորանան, սակայն ջիղերու լարուածութիւնը սխալ ուղղութեամբ կ’առաջնորդէ:
Չէք կարծեր, որ անկախ մեր զգացումներէն, անկախ մեր յոյզերէն, անկախ անցեալի դէպքերուն ահաւորութիւնէն մենք մինչեւ օրս թուրքին հետ խօսելու իրաւացի, իրատեսական եւ ծրագրային մօտեցումներ չունինք: Պատրաստ ենք շուտով հակազդել եւ կրկնել, թէ «ինչ ալ պատահի թուրքը կը մնայ թուրք» չնայած անոր, որ նման խօսքեր ոչ մէկ օգտակարութիւն կրնան տալ մեզի:
Կարեւոր է նաեւ հասկնալ, որ մեզի համար, եթէ Թուրքիոյ հետ խնդիրներու լուծումը կարեւոր է, այն կենսական է նաեւ այսօրուան Հայաստանի հանրապետութեան ամրացման եւ հզօրացման համար:
Իսկ տեւականապէս թշնամական, ատելավառ, անցեալի բեռով ծանրացած մօտեցումներով խօսիլն ու մտածելը աւելիով կը ծանրացնեն այսօրուան վիճակը:
Կարեւոր է նաեւ հասկնալ, որ իրապաշտ մօտեցում ունեցող ցանկացած ուժի համար առաջնային է թուրքին հետ սեղանի նստիլը: Այդ գործընթացները կրնան քարկոծուիլ, մեղադրուիլ, հարուածուիլ, բայց մէկ է անխուսափելի են, որովհետեւ ոչ Հայաստանը եւ ոչ ալ Թուրքիան կարող են աշխարհագրութիւնը փոխելով իրարմէ հեռանալ:
Պարզ է նաեւ, որ երկու կողմերը անցեալէն եկած բարդոյթներ եւ անվստահութիւն ունին միմիեանց հանդէպ: Այս բոլորին հետ մէկ տեղ ամէնէն ահնհեթեթը սակայն ցեղասպանութեան օրակարգին լուծումը թուրքիայէն դուրս փնտռելն է: Ատիկա անհեռատես եւ երազներով ապրողներուն կողմէ ստեղծուած պատրանք է: Կրնանք այստեղ առարկել, որ Թուրքիան պատրաստ չէ այդ առումով (մեր ուզած) վճռական քայլերը առնելու: Կը հասկնամ: Սակայն պիտի առարկեմ, որ ցեղասպանութեան վէրքին ամբողջ կշիռը «հզօր» երկիրներու կարեկցանքի կշիռքին վրայ դնելը եւս անօգուտ է ու ոչ մէկ տեղ կրնայ տանիլ:
Չմոռնանք նաեւ, որ թուրքիոյ մէջ սկիզբ առած փոփոխութիւններուն մասին կը վկայեն նաեւ մեր Պոլսահայ հայրենակիցները: Անոնք ամէնէն շատ գիտեն Թուրքիան եւ լաւ կը հասկնան ընդհանուր դրութիւնը: Պէտք է այս առումով ականջ տանք անոնց, բան մը, որ մինչեւ հիմա չենք ըրած:
Աւարտին վերադառնալով Ճեմալի թեմային պէտք է յիշեցնել, որ նման խակ եւ անհեռատես միջոցառումներ վնասակար են մեզի: Մի մոռնաք, որ ատելութիւնը երկսայրի սուր է: Ատելութեան թոյնը կը վնասէ նախ եւ առաջ մեզի ու թոյլ չի տար, որ մենք լիարժէք կերպով արժեւորենք դէպքերու ընթացքը:
Հասան Ճեմալ Երեւանեան միջադէպէն ետք առնուազն պէտք է զուսպ ըլլայ եւ հասկնայ, որ միշտ չէ որ նման բարդ գործերու մէջ նետուած լրագրողն ու գործիչը իրենց ողջուցը արժանի կը դառնան գնահատանքի:
Կարեւորը Հայ- թուրք սառած վիճակի մէջ գտնուող պատմութեան անիւը տեղէն շարժելն է, ու այդ գործը բաւական պատասխանատու, բարդ եւ ծանր գործ է:
Սագօ Արեան