ԵՐԵՒԱՆ (Հ.Յ.Դ. մամլոյ դիւան, 16 Դեկտեմբեր 2014) – 12-13 Դեկտեմբերին, ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիին մէջ, գումարուեցաւ Ընկերվար միջազգայնականի (Սոինտեռն) խորհուրդի նիստը։ Հ.Յ.Դ.-ի կողմէ ժողովին մասնակցեցաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ, Ընկերվար միջազգայնականի փոխ-նախագահ Մարիօ Նալպանտեանը, ով 11 Դեկտեմբերին մասնակցած էր նաեւ կազմակերպութեան Ֆինանսական եւ վարչական յանձնախումբի եւ նախագահութեան նիստերուն։
Ժողովի բացումը կատարեցին ՄԱԿ-ի Ժընեւի կեդրոնատեղիի գլխաւոր տնօրէն Միքայէլ Մոլլըրը, ՄԱԿ-ի գաղթականներու բարձր յանձնակատար Անթոնիօ Կութթերասը, Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէուն եւ ԸՄ գլխաւոր քարտուղար Լուիս Այալան։
Խորհուրդի ժողովի գլխաւոր թեման էր «Միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն՝ հակամարտութիւններու կարգաւորում եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքար»։ Ժողովի այլ թեմաներն էին՝ «Գաղթականութեան մարդկային երեսը եւ գաղթականներու ճակատագիրը» եւ «Նոր ժողովրդավարութիւններ առաջացնելու եւ ժողովրդավարական կառավարումը զօրացնելու համար մեր աշխատանքը»։
Ժողովը լսեց նաեւ կազմակերպութեան Բարոյականութեան (ethics) յանձնախումբի, Ֆինանսական եւ վարչական յանձնախումբի եւ Լատինական Ամերիկայի եւ Կարիբեանի յանձնախումբի զեկոյցները։
Ժողովի գլխաւոր թեմային՝ «Միջազգային խաղաղութիւն եւ անվտանգութիւն՝ հակամարտութիւններու կարգաւորում եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքար»ի առնչութեամբ ելոյթ ունեցողները գլխաւորաբար անդրադարձան Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան եւ Սուրիոյ տագնապին մասին։ Խորհուրդը բանաձեւ որդեգրեց կոչ ընելով աշխարհի պետութիւններուն ճանչնալու Պաղեստինի պետութիւնը՝ 1967-ի սահմաններով եւ արեւելեան Երուսղէմ մայրաքաղաքով։
Օրակարգի այդ գլխուն տակ ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ազրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավար կուսակցութեան ներկայացուցիչը։ Ընկերվար միջազգայնականի մէջ դիտորդի կարգավիճակ ունեցող կուսակցութեան ներկայացուցիչի ելոյթը կը կրկնէր Ազրպէյճանի իշխանութեան, յատկապէս՝ նախագահ Իլհամ Ալիեւի հակահայ մոլուցքը։
Ազրպէյճանցիի ելոյթի յաջորդեց Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչի ելոյթը։ Մարիօ Նալպանտեանը նախ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին, դիմեց Թուրքիոյ ճանչնալու իր իսկ պատմութիւնը եւ կոչ ըրաւ բոլորին մասնակից դառնալ 100-րդ տարելիցի ոգեկոչումին։ Ընկ. Նալպանտեան ապա պատասխանեց ազրպէյճական կուսակցութեան ներկայացուցիչի հակահայ ելոյթին, ցաւ յայտնելով, որ այդ կուսակցութիւնը փաստօրէն դարձած է Ազրպէյճանի իշխանութիւններու գործիքը։
Ժողովի աւարտին, իր փակման խօսքին մէջ, Ընկերվար միջազգայնականի նախագահ Ճորճ Փափանտրէուն անդրադարձաւ յիշողութեան կարեւորութեան եւ այդ ծիրին մէջ ըսաւ, թէ որոշուած է, որ Ընկերվար միջազգայնականի խորհուրդը եկող տարի՝ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի առիթով, այդ հարցը դարձնել օրակարգի նիւթ ։
Ընկերվար Միջազգայնականը (Socialist International) ընկերվար-ժողովրդա-վարական, ընկերվարական եւ աշխատաւորական կուսակցութիւններ համախմբող համաշխարհային կառոյց է։ Այն կը համախմբէ բոլոր մայրցամաքներէն աւելի քան 140 երկրներու շուրջ 170 քաղաքական կուսակցութիւններ եւ կազմակերպութիւններ։
ԱՊՀ երկիրներու կուսակցություններէն Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը լիիրաւ անդամի կարգավիճակ ունեցող առաջին կուսակցութիւնն է։ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Մարիօ Նալպանտեանը փոխնախագահ է, իսկ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Հովհաննիսյանը՝ ԱՊՀ, Կովկասի եւ Սեւծովեան երկիրներու յանձնախումբի համանախագահ։ ՀՅԴ համապատասխան կառոյցները լիիրաւ անդամ են Կանանց Ընկերվար Միջազգայնականին (SIW) եւ Ընկերվար Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (IUSY)։