Ո՞վ եմ ես, ի՞նչ եմ ես, ինչպէս կրնամ դարերը պահել իմ մէջ… Այնքան յաղթանակ եւ այնքան թախիծ…Ես դարերէն եկած եմ, դէպի դարերը կ՛երթամ…
Այս անգամ Մոսկուայով կ՛երթամ հայրենիք, մինչեւ Մոսկուա սովորական թռիչք մըն էր, Տէրունական աղօթքս կ՛ընեմ խաղաղ թռիչք ունենալու համար, կը սրտնեղիմ անդրադառնալով, որ անսահման երկինքն ալ ունի սահմաններ, բայց չեմ հետաքրքրուած… իմ հայրենիքս Հայաստանն է եւ իմ սէրս սահմաններ չունի։ Իսկ հոգի՞ս… հոգիիս հայրենիքը Էջմիածինն է… Եւ Անոր սահմանը Միածինը գծեց մուրճի երեք հարուածներով… եւ այս անգամ Հոնկէ եկած հրաւէրով կ՛երթամ Անոր անսահման սահմմաններէն ներս, ոչ միայն մոմ մը վառելու, աղօթք մը մրմնջալու, այլեւ մասնակցելու ինծի համար շատ կարեւոր գիտաժողովի մը նուիրուած Գէորգեան Ճեմարանի հիմնադրման 140 ամեակին… Մեծ մարդուն, հայուն եւ հոգեւորականին տեսիլքովը ստեղծուած ճեմարանէն ներս տալու փոխանցելու իմ համեստ գիտելիքս… Օդանաւը կը փոխեմ, երկինքին բոլոր ճամբաները արդէն կը տանին Հայաստան, իսկ դարերը կը փոքրանան, կ՛ապրիմ նոյն յուզումը ինչպէս ամէն անգամ, որ ոտք կը դնեմ հայրենիք… փոքրացող դարերուն մէջէն դարձեալ կը յառնի հայրենիքս, շուտով ես ալ պիտի փոխուիմ ամբողջովին, ես հարազատ ժառանգը իմ նախնիներուս… Երբ օդանաւը վայրէջք կատարէ ու դպչի հողին հայրենի, ես դարձեալ պիտի զօրանամ, լիցքաւորուիմ եւ հայու անբեկանելի հոգիս պիտի ճախրի երկարաձգուող դարերուն ընդմէջէն ինչպէս իւրաքանչիւր այցելութեան եւ ամէն անգամ ես նորութիւն մը ունիմ գտնելու, տեսնելու, գնահատելու… Արդեօք ո՞րն է այս անգամ…
…Չուշանար պատասխանը, ոչ միայն գիտաժողովին նորութիւններն ու նոր դէմքերը, որ կը ծանօթանամ, այլեւ ամբողջ շրջապատ մը նորութիւն է ինծի համար։ Անկեղծ ըլլալու համար կը շոյուիմ, երբ Ճեմարանին սարկաւագներն ու սաները կը մօտենան արդէն ծանօթ գործերուս, սակայն զարմանքս աւելի զօրաւոր է, քան շոյանքս, երբ անոնց հետ խօսելու ընթացքին կը զգամ, որ պարզապէս ուսանողներու հետ չէ որ կը շփուիմ, այլեւ ապագայ հոգեւոր սերունդի մը, որոնք հագած են պատասխանատուութեան պատմուճանը եւ քաջ տեղեակ են, որ վերածնունդը հայութեան՝ եկեղեցիով կ՛ըլլայ, ինչպէս եղաւ 5-րդ դարուն եւ կոչուեցաւ Ոսկեդար, գիտակից ու զարգացած հոգեւորականներով կ՛ըլլայ եւ վերջապէս չէ՞ որ իրենք պիտի ըլլան ժառանգորդը դարերուն… Ժառանգորդ ըլլալու համար պիտի ունենաս գիտակցութիւն, պիտի ունենաս անունը կրելու եւ արժանիօրէն պահելու գիտակցութիւն, այդ անունը Գէորգեան Ճեմարան է, կոչուած Գէորգ Դ. Մեծագործ Կաթողիկոսի անունով։ 40 արական ձայն կը թնթացնեն պատերը այդ փառաւոր կառոյցին, ուր հաւաքուած ենք. «Բայց երանի, որ իւր ազգի ազատութեան կը զոհուի», ապա կը բարձրանայ հիմնը Ճեմարանին Հայկազուն Արք. Աբրահամեանին գրիչով գրուած. «Կեցէ՛, կեցցէ՛, կեցցե՛ յաւէտ հայրենիքը մեր առյաւէտ, կեցցէ՛, կեցցէ՛, թող անսասան մեր հոգեւոր այս ճեմարան»։ Վանեցի որբերէն Հայկազուն Սրբազանին անկեղծ խօսքերով ամէն ինչ կը դառնայ իմս կարծես, չէ որ ան մեծ հօրս հետ նոյն խումբին մէջ հասած էր Երուսաղէմ եւ մենք համոզուած էինք, որ ան հարազատ եղբայրն է մեծ հօրս… Այո, անպայման այս տողերը գրողը պիտի ըլլար մեծ հօրս հարազատ եղբայրը… Եւ այս հոգեւոր հաստատութեան մէջ հոգեւոր կապին պէտք է հաւատալ։ Վառ տեսիլքը մեր նախնեաց հաւատքի թեւերով կը թեւածէ սրահին մէջ, կը քանդուին պատերը, կ՛աներեւութանայ ժամանակը, Ոսկեդարի մեր մեծ հայրերուն եւ թարգմանիչներուն շունչով կը լեցուի շուրջբոլորը եւ մեր ոսկեղենիկ լեզուով յաջորդաբար կը ներկայացուի դարերու մեր հպարտութիւնը «Եկեղեցի եւ կրթութիւն» Կոչում, դպրութիւն եւ առաքելութիւն վերատառութեամբ։ Այս բոլորը կ՛ամփոփուին մէկ բառի մէջ, որ կը կոչուի ԺԱՌԱՆԳ…
…Եւ դարերէն ժառանգուած շունչով՝ Նոր Դարը կը սկսի դարձեալ Ոսկեդարի մեր տիտաններով, կը կանգնեցուի յուշարձանը Սահակ Կաթողիկոսի եւ Մեսրոպ Մաշտոցի, բնականաբար մեր Հայրապետին օրհնութեամբ եւ ճեմարանին տեսուչին հետեւողութեամբ։
Այսպէս կերտուեցաւ մեր պատմութիւնը, մեր գրականութիւնը, մեր երաժշտութիւնը, գիտութիւնը, իւրաքանչիւրը իրը դրաւ։ Ժամանակը տարաւ փոշին, գործը մնաց։ Այսօր մենք այնքան տարուած ենք մեր առօրեայ հոգսերով, որ չենք անդրադառնար, թէ ինչ կը կառուցուի մեր շուրջը, ժամանակ չունինք տեսնելու բարին ու գեղեցիկը։ Իսկ եթէ քննադատութիւնը դառնայ մտահոգութիւն, ան կ՛ըլլայ առողջ եւ շինիչ, որովհետեւ ժամանակն ու պատմութիւնն են ի վերջոյ, որ պիտի տան մեծագոյն գնահատականը, քանզի «Մարդուս գործն է անմահ»։
20-րդ դարու դժուար ժամանակներուն մէջ Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը ձգեց Շինարար անունը։ Այդ անուան չզիջիր ներկայ Կաթողիկոսը, ամէն կողմ շինարարութիւն է՝ Մատենադարան, գրադարան եւ ոչ միայն շէնքեր, այլեւ յաջորդաբար լոյս կը տեսնեն գիրքեր, սարկաւագներու կողմէն պարբերաբար լոյս տեսնող «Սերմնացան» մատենաշարը։ Ճեմարանը կը նմանցնեմ մեղուի փեթակի մը, ուր բոլորը կ՛աշխատին առանց դադարի։ Եւ վերջապէս հիմքը կը դրուի գիտաժողովի մը, որ պիտի կրկնուի ամէն տարի։ Հոգւով ու մտքով կը թռչիմ 4-րդ դար, կը միացնեմ օղակները ազգիս Հայրապետներուն եւ ինքզինքս կը գտնեմ ծունկի Մայր Տաճարին մէջ Աւետարանն ու Խաչը համբուրելու ժամանակ… Փա՛ռք կուտամ Բարձրեալին, որ չեն խախտուած օղակները եւ մեր Հայրապետը արժանաւոր յաջորդն է իր նախնիներուն… Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի, Սահակ Պարթեւի, Յովհաննէս Օձնեցիի եւ մեր միւս մեծերուն…։
Կարդացեք նաև
Միայն աղջնակ մըն էի, երբ առաջին անգամ մոմ վառեցի մեր հաւատքի ակունք Սուրբ Էջմիածինի Մայր Տաճարին մէջ։ Իմ խնդրանքս եւ անմեղ երազս այնքան շուտ պատասխան ստացան, ես երջանիկ էի, որ սխալած չէի, թէ ամենամօտ երկինքը երկրին Էջմիածինի երկինքն է, չէ՞ որ Աստուած հայերէն կը խօսի եւ հրեշտակներն ալ հայ են… Ես մինչեւ այսօր նոյն հաւատքով կը վառեմ մոմերս… Կը խնդրեմ Տիրոջմէն, որ ալ գնդակ չհասնի հայ զինուորին, թող ոչ ազգիս ոչ ալ թշնամիիս մայրերը լան, որովհետեւ աշխարհը խաղաղ կ՛ըլլայ միայն, երբ «Մայրերը չեն լար»…Առիթը չեմ փախցներ Հայաստան գալու, մէկ տարի, թէ մէկ օր բացակայութենէ ետք նոյն կարօտով կը վերադառնամ, կարօտը երկրիս, ժողովուրդիս, թատրոններուն, գիտաժողովներուն, մշակութային ձեռնարկներուն, գրական երեկոներուն եւ ինչու չէ՝ լաւաշին ու Լոռուայ պանիրին։ Եօթ տասնամեակ Սփիւռքին մտաւորական, ազգային գործիչ, ուսուցիչ պատրաստած Երուսաղէմը այսօր դատարկուած է այդ բոլորէն, սով է հայ մշակոյթի եւ գիտակից հայու…Միաբանութեան երկար շարքը պատարագէն ետք վեհարան կ՛առաջնորդէ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին, կը ղօղանջեն զանգերը Սուրբ Էջմիածնի, լայն շունչ մը առնելով թոքերէս, բարձրաձայն կը միանամ երգչախումբին. «Տէր, անսասան պահիր դու միշտ, Քո իսկ հիմնած ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ»…։
ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԱՇԵԱՆ
Երուսաղէմ
«Առավոտ» օրաթերթ
3.12.2014