Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Նամակներ եւրոպական կառոյցներուն

Նոյեմբեր 14,2014 13:32

Նոյեմբեր 12, 2014-ին Ղարաբաղաատրպէյճանական սահմանին մօտ Ատրպէյճանի կողմէ զարնուած հայկական ուղղաթիռի եւ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութեան, ապատեղեկատուութեան մասին Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը նամակներ ուղարկեց եւրոպական կառոյցներուն, կոչ ուղղելով անոնց՝ խստագոյնս դատապարտել Ատրպէյճանը, որ պայթեցնել կը սպառնայ արդէն լարուած վիճակը:

Նամակին մէջ Գասպար Կարապետեան, Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի նախագահը, նշած է, որ Արեւմուտքին թոյլատրած եւ ընդունած քաղաքականութիւնը՝ Հայաստանը եւ Ատրպէյճանը նոյն նժարին վրայ դնելու, եւ երկու կողմերուն ուղղուած զսպուածութեան կոչերու արդիւնքն է, որ հոս հասցուց իրավիճակը: «Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը բազմիցս նշած է Ատրպէյճանի ապակառուցողական դիրքորոշումը ձեզի: Մինսկի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներուն հետ իւրաքանչիւր հանդիպումէ առաջ Ատրպէյճան կը խախտէ զինադադարը, մաքսիմալիսթ դիրքերով ներկայանալու համար. Հայաստան նոյնիսկ զոհեր տալով, մի’շտ կառչած մնացած է խաղաղ լուծման կողմնակից իր դիրքաւորումին: Այնքան ատեն, որ Ալիեւի արկածախնդրութիւնները չեն սաստուիր, ան պիտի շարունակէ կրակին հետ խաղալ»:

Կարապետեան նաեւ նշած է, որ հայութիւնը ընդհանրապէս, եւ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբը յատկապէս, իր գրասենեակին միջոցով զգուշացուցած է արեւմուտքն ու հանրային կարծիքը, սակայն ո’չ մէկ քայլ առնուեցաւ: «Զգուշացուցինք ձեզ, երբ Ատրպէյճան Նախիջեւանի հայկական դարաւոր խաչքարերն աւերեց եւ պատմական գերեզմանատունը ռազմական նշանառութեան վայրի վերածեց, կը զգուշացնէինք երբ Ատրպէյճան զինադադարը ամեն օր կը խախտէր, զգուշացնէինք ձեզ՝ երբ հայ քաղաքացիներ Պաքու կը փոխադրուէին եւ «անձնասպան» կ’ըլլային: Զգուշացուցինք ձեզ, երբ Ալիեւ Սաֆարովին հերոսի կոչում տուաւ: Այս տարուան օգոստոս ամսին ձեզ նաեւ զգուշացուցինք, երբ մօտ տաս օր Ատրպէյճան փորձեց զինադադարը խախտելով Լեռնային Ղարաբաղ ներխուժել: Պատերազմի հաւանական վերսկսման պարագային՝ պատասխանատու պիտի ըլլան բոլոր եւրոպական եւ այլ մարմինները, որոնք այսքան ատեն մատը վէրքին դնելու փոխարէն՝ կը փայփայէին Ալիեւի Ատրպէյճանը, որ եւ անմեղ մարդկանց զոհաբերման ու մահուան պատճառ հանդիսացան: Խաղաղութեան առաքելութիւն ունեցող կառոյցները, մի’շտ տատամսեցան Ալիեւը քննադատելու, տածելով այն խաբկանքը՝ թէ ան խաղաղութիւն կ’ուզէ»:

Կարապետեան նամակը աւարտած է ըսելով՝ «բռնատէրը խաղաղութիւն, հաշտութիւն չ’ուզեր. ան իր հակահայ մոլուցքով, տարածաշրջանին մէջ անկայունութիւնը պահելով, իր եւ շրջապատին հարստութիւն կը թիզէ, հաւատալով, այն խաբկանքն ունենալով, որ Եւրոպայի ուժանիւթի մատակարարման փրկարարն է: Ամեն տեսակի սանցարձակութիւն իր վերջակէտն ու հետեւանքն ունի:

Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի արտաքին յարաբերութեանց յանձնաժողովին, պաշտպանութեան եւ ապահովութեան յանձնաժողովին, Եւրոխորհրդարանի Եւրոնեսթի պատուիրակութեան, Եւրոխորհրդարան – Հարաւային Կովկաս պատուիրակութեան, ինչպէս նաեւ Եւրոխորհրդարանին մէջ քաղաքական խմբակցութեանց ղեկավարներուն:

Նամակ ուղարկուած է նաեւ Եւրոպական Միութեան Հարաւային Կովկասի յատուկ ներկայացուցիչ Հերպերթ Սալպերի, որ երէկ արդէն Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած համաժողովի մը ընթացքին վերահաստատած է, թէ Եւրոպական Միութիւնը աջակից է հակամարտութեան միա’յն խաղաղ լուծման, եւ թէ ան պատրաստ է այցելել Ստեփանակերտ:

Յատուկ նամակներ ուղղուած են նաեւ Եւրոպական Միութեան Յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքերի, արտաքին քաղաքականութեան գերատեսչութեան պետ՝ Ֆետերիքա Մոկերինիի, Եւրոպական Միութեան ընդլայնման եւ հարեւանութեան յանձնակատար Եոհաննէս Հանի:

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի երեք համանախագահ երկիրներու ներկացացուցչութիւնները նաեւ բողոքի նամակներ ստացած են, ինչպէս նաեւ Զուիցերիան՝ իբրեւ ԵԱՀԿ նախագահող երկիր: Տեղեակ պահուած է նաեւ ԵԱՀԿ ընդհանուր քարտուղար, Լամպերթօ Ծանիէր:

Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի անդամները նաեւ տեղեակ պահուած են Ատրպէյճանի երէկուան ռազմապաշտ կեցուածքէն: ԵԽԽՎ-ի անդամներուն հարց տրուած է, թէ ինչպէ՞ս կարելի է ԵԽԽՎ-ն, որ բազմիցս քննադատած է Ատրպէյճանի մամլոյ անազատ, կաշկանդուած ըլլալը, հաւատալ Պաքուի տարածած փրոփականտային եւ գործակցիլ անոր հետ:

ՀՅԴ Եւրոպայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930