Դարձեալ հարուած ստացանք: Նահատակներու պատուանդանին վրայ երեք հերոս եւս աւելցաւ:
Զայրացած ենք, մեր սիրտերը կը պայթին վրէժի զգացումներով:
Հակադարձելու, պատժելու ցանկութեամբ բռնկած են բոլորիս հոգիները:
Հայոց բանակը պէտք է ուժեղ հակահարուած տայ թշնամիին: Այսպիսի յայտարարութիւններ լսելու կը սպասենք մեր քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներէն: Անցեալին, մեր իշխանութիւնները տուած են մեզի այդ հոգեկան բաւարարութիւնը, բարձրագոչ սպառնալիքներ տեղացուցած են թշնամիին ուղղութեամբ եւ մերթ-մերթ սպառնալիքները գործի վերածած են։
Կարդացեք նաև
Այսուհանդերձ, այս մարտավարութիւնը այնքա՛ն ալ յաջող չի թուիր ըլլալ: Թշնամին կը շարունակէ պարբերաբար իր նենգ ու դաւադիր գնդակներով երիտասարդ կեանքեր խլել մեր բանակի շարքերէն, կը շարունակէ սահմանամերձ գիւղերու բնակիչները ահ ու սարսափի մէջ պահելու նպատակով իր կրակահերթերը, կը շարունակէ զէնքի միջոցաւ Արցախեան հարցը իւրովի լուծելու իր ճիգերը:
Ուրեմն, հայկական հակադարձութեան ամբողջ ռազմավարութիւնը պէտք է վերատեսութեան ենթարկել:
Առաջին հերթին, պէտք է պահանջել մեր զօրավարներէն, որ մեր զինուորները աւելի անխոցելի դարձնելու ամէն միջոցի դիմեն՝ պաշտպանական դիրքերու հզօրացումով եւ ռազմափորձերը աւելի ապահով պայմաններու մէջ իրագործելու ծրագրումով:
Ապա, թշնամիի յարձակումներուն եւ մեր կրած կորուստներուն դիմաց սպառնալիքներ կատարելու սովորութենէն ձեռք պէտք է քաշել. մնալ լուռ ու խորհրդաւոր: Թող թշնամին ինք կորսնցնէ քուն ու դադար. ամէն վայրկեան ահաւոր հարուած մը ստանալու անձկութեամբ թող ապրի:
Եւ հարուածը պէտք է ըլլայ ահաւո՛ր: Այլապէս, մեր դէմ մաշումի պատերազմը պիտի շարունակուի եւ այսպէս, անվերջ ցաւագին անակնկալներ պիտի պարգեւուին մեզի:
ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ