Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Բողոքի ցույց Փարիզում՝ ի պաշտպանություն Շանթ Հարությունյանի եւ Վարդան Պետրոսյանի

Նոյեմբեր 10,2014 17:23

Հայկական Վերածնունդ շարժման Փարիզի մասնաճիւղի ներկայացուցիչին խօսքը
Հայաստանի Փարիզի դեսպանատան առջև

Այսօր, մենք Սփիւռքահայերս, Հայաստանի քաղաքացիներս եւ Հայերու բարեկամներ, հաւաքուած ենք հոս, Հայաստանի դեսպանատան առջեւ ո՛չ թէ ուրախութեամբ, այլ՝ պարտադրաբար, քանի որ Հայաստանի դատա-իրաւական համակարգը կը շարունակէ բանտարկել անմեղ մարդիկ, ինչպէս՝ Վոլոդիա Աւետիսեանը, Շանթ Յարութիւնեանը եւ իր ընկերները եւ ոտնակոխելով անմեղութեան վարկածը՝ տարիէ մը ի վեր նախազգուշական բանտարկութեան կ՚ենթարկէ ուրիշ մը՝ Վարդան Պետրոսեանը:

Մենք, Սփիւռքի մէջ, սովորաբար ցոյցեր կը կազմակերպենք մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան, արդարութեան, ճշմարտութեան համար, թշնամական արարքներու, Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումին, օտարատեացութեան դէմ, այսինքն՝ ընդհանրապէս անոնք կ՚ըլլան Թուրքիոյ կամ Ազէրպայճանի դեսպանատուներուն առջեւ: Երկու չափ, երկու կշիռ չընելու համար, մենք պարտաւոր ենք նաեւ դատապարտելու մե՛ր երկրին մէջ կատարուած անօրինութիւնները: Ատոր համար՝ մենք այսօր պարտադրաբար հաւաքուած ենք հոս, Հայաստանի դեսպանատան դիմաց, դատապարտելու համար Հայաստանի մէջ տարիէ մը ի վեր տեղի ունեցող կեղծ ու շինծու դատավարութիւնները, որոնց որպէս հետեւանք՝ անմեղ մարդիկ (Վոլոդիա Աւետիսեան, Շանթ Յարութիւնեան եւ ընկերները) 6-7 տարի բանտարկութեան կը դատապարտուին: Անոնք կը դատապարտուին միայն ու միայն անոր համար, որ յանդգնած են բաղձալ, այս վարչակարգին տակ, արժանապատիւ կեանք մը ապրիլ:

Ասիկա մեզի համար անընդունելի է:

Իսկ Վարդան Պետրոսեանի պարագան բոլորովին տարբեր է, Շանթի եւ Վոլոդիայի պարագայէն, քանի անոր պատահածը ընդամէնը դժբախտ արկած մըն է, բայց եւ այնպէս անհեթեթ զանազան պատճառաբանութիւններով եւ բոլորովին անտեսելով անմեղութեան վարկածը, զինք տարի մը ի վեր ենթարկած են նախազգութական բանտարկութեան:
Ա՛յս ալ մեզի համար բոլորովին անընդունելի է:

Ես անձամբ, քանի մը անգամ ներկայ գտնուած եմ Վարդանի եւ Վոլոդիայի «դատավարութիւն»ներուն եւ ինքզինքս դժուար զսպած եմ… ի՜նչ դատավարութիւն… պարզապէս խեղկատակութիւն է կատարուածը… դատաւորներու արհամարհանքը, խօսելակերպը պաշտպան փաստբաններու հետ, վարկաբեկումը…: Իսկապէս աներեւակայելի եւ ցնցիչ է երեւոյթը մեզ՝ իրաւական պետութեան մէջ ապրողներուս համար:

Վոլոդիայի, Շանթի եւ ընկերներուն դատավարութեան ընթացքին դատարանը չյաջողեցաւ ապացուցանել անոնց դէմ եղած ամբաստանութիւնները: Այդուհանդերձ, դատաւորները ծանր պատիժներու դատապարտելով մեղադրեալները, գործադրեցին «վերեւից» տրուած հրահանգները:

Իսկ ինչ կը վերաբերի Վարդան Պետրոսեանին, հակառակ անոր որ, օրը օրին ճիշդ տարիէ մը ի վեր, մէկ առ մէկ յօդս կը ցնդին անոր ուղղուած ամբաստնաութիւնները, դատաւորը կը շարունակէ զայն բանտը պահել:

Հերի՛ք է: Պէտք է վերջ գտնեն այս խեղկատակութիւնները եւ անյապաղ ազատ արձակուին Վոլոդիա Աւետիսեանը, Շանթ Յարութիւնեանը եւ արդար լուծումի մը յանգի Վարդան Պետրոսեանի դատավարութիւնը:

IMG_1434 IMG_1429

IMG_1448

Փարիզ 9/11/2014

Բաց նամակ Ֆրանսիայում Հայաստանի դեսպանին՝ ցույցի մասնակիցներից կողմից
Պարոն դեսպան,
Դուք Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը ներկայացնէք Ֆրանսայի՝ այն երկրին մէջ, որ հանդիսացած է մարդկային իրաւանց բնօրրան, եւ որպէս այդ ձեզ կը յարգենք:
Եւ, Պարոն դեսպան, հոս, Վիէթ փողոցին մէջ, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան առջեւ պատիւն ունինք ձեզի յայտնելու մեր հանրային դատապարտումը:
Մենք, Սփիւռքի մէջ, սովորութիւնն ունինք ցոյցեր կազմակերպելու ա՛յլ դեսպանատուներու առջեւ, մարդկային իրաւանց, արդարութեան, ճշմարտութեան թշնամիներուն, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտողներուն, օտարատեացութեան եւ ամէն տեսակի ատելութեան դէմ: Արտաքին այդ թշնամիին, ապրելու իրաւունքի այդ թշնամիին դէմ հայ ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու համար մենք առաւելաբար սովորութիւն ունինք ցոյցեր կատարելու Թուրքիոյ եւ անոր դաշնակից՝ Ազէրպայճանի դեսպանատուներուն առջեւ: Վստահ եղէք, Պարոն Դեսպան, որ իբրեւ Սփիւռքահայեր, ուրախութեամբ չէ, որ այսօր ցոյց կը կատարենք հոս, ձեր դեսպանատան առջեւ:

Այսօր հայ ժողովուրդին ձայնը լսելի դարձնելու համար ցոյց կը կատարենք հոս, դատապարտելու համար Հայաստանի մէջ տարիէ մը ի վեր տեղի ունեցող կեղծ ու շինծու դատավարութիւնները, որոնց որպէս հետեւանք Վոլոդիա Աւետիսեան, Շանթ Յարութիւնեան եւ ընկերները դատապարտուեցան, իսկ դեռ կը շարունակուի Վարդան Պետրոսեանի դատը: Այս դատավարութիւնները, որոնք վայել են սովետական շրջանին եւ որոնց վճիռները յայտնի են ի սկզբանէ եւ հրահանգուած են բարձրագոյն դիրքերէն, պէտք է վերջ գտնեն: Ատիկա ամբողջ հայ ժողովուրդին կատարուած նախատինք է:
Նոյնիսկ եթէ Վոլոդիա Աւետիսեանի եւ Շանթ Յարութիւնեանի պարագաները հասարակ յայտարարներ չունին Վարդան Պետրոսեանի պարագային հետ, յստակ է գոնէ այն երեւոյթը, որ անոնց բոլորն ալ զոհերը դարձած են Հայաստանի արդարադատական խանգարուած դրութեան:

Առաջին երկուքը դատապարտուած են, որովհետեւ ներկայի վարչակարգին հետ իրենց տարակարծութիւնը յայտնած են, ինչ որ բաւարար է ամէն տեսակի անարդարութեան ենթակայ դառնալու համար: Գալով Վարդան Պետրոսեանին, անմեղութեան վարկածը ոտնակոխուած է. ան, օրը օրին՝ ճիշդ տարիէ մը ի վեր ենթարկուած է նախազգուշական բանտարկութեան, մինչ դատավարութեան երկայնքին՝ մէկ առ մէկ յօդս կը ցնդին անոր ուղղուած ամբաստանութիւնները:

Որո՞ւն ի նպաստ են այս կեղծուած դատավարութիւնները: Անոնք կը ծառայեն աւատապետական վարչակարգի մը, որ կը հարուածէ ազգային ամենէն սթափ ուժերը, կը տկարացնէ զանոնք… վարչակարգ մը, որ հիմնուած է ապականութեան, անարդարութեան, անհաւասարութեան, սարսափի վրայ, վարչակարգ մը, որ կ՚արտադրէ թշուառութիւն, զզուանք եւ զանգուածային արտագաղթ:

Մենք դէմ ենք այս իշխանութեան, որ կը նպաստէ աւատապետական անխիղճ եւ անօրէն փոքրամասնութեան մը կողմէ բոլորին պատկանող հարստութիւններու յափշտակումին: Երկրին մէջ օրէ օր բազմացող քաղաքացիական շարժումներուն հետ միասին, մենք տենչն ունինք նոր վարչակարգի մը, որու համար «արդարութիւն»ը անիմաստ բառ մը պիտի չըլլայ, վարչակարգ մը, որ պիտի յարգէ քաղաքացիներու իրաւունքները եւ պաշտպանէ զանոնք, որ պիտի յարգէ աշխատաւորներու իրաւունքները:

Հայաստանի քաղաքացիին ազատութեան, իրաւունքներուն, արժանապատւութեան ոչ մէկ կաշկանդում պիտի արտօնուի: Եւ մենք պիտի բարձրաձայնենք, ամէն անգամ որ այդպիսի դէպք պատահի:

Պարոն Դեսպան, Հայաստանի համար եւս կ՚որդեգրենք Ֆրանսայի կարգախօսը՝ Ազատութիւն, Հաւասարութիւն, Եղբայրութիւն:

Ո՛չ, չենք կրնար մնալ անտարբեր: Մենք զօրակից ենք Հայաստանի մէջ պայքարող մեր եղբայրերուն եւ քոյրերուն: Ամբողջ սրտով՝ իրենց հետ ենք:

Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդին վերածնունդը:

Յուսալով, որ մեզ կը լսէք, Պարոն Դեսպան, Գերազանցութեանդ կը յայտնենք մեր բարձրագոյն յարգանքները:

Փարիզ, 2014 Նոյեմբեր 9

Հայկական

Վերածնունդի Փարիզեան գրասենեակի ներկայացուցիչ՝
ՇԱՆԹ ՈՍԿԵՐԻՉԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Նոյեմբեր 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Հոկ   Դեկ »
 12
3456789
10111213141516
17181920212223
24252627282930