Պոլսահայ լրագրող եւ թրքական «Րատիքալ» եւ «Զաման» թերթերու սիւնակագիր՝ Էթիյէն Մահչուպեանի թուրքիոյ վարչապետի՝ Ահմատ Տաւութօղլույի առաջին խորհրդական նշանակուելու լուրին դիմաց անձնապէս կը սպասէի, որ սփիւռքահայ մամուլը աւելի մեղադրական ոճով մը գրէր:
Կարդացածս բոլոր կարճ նշմարներուն մէջ երեւելի էր զգուշութիւն եւ հոն դատապրտումի խօսքեր ընդհանրապէս չկային:
Այս մէկը առաջընթաց կարելի է նկատել մանաւանդ, որ թուրքիոյ մէջ կատարուած ցանկացած դէպք մեր կողմէ (նկատի ունիմ հայկական սփիւռքին կողմէ) կ’ընդունուի հռետորական խօսքերով, մեղադրանքով եւ «դաս տալու» հնամենի ոճով:
Մահչուպեան, ընդունինք կամ ոչ, թուրքիոյ մտաւորականութեան երեւելի ներկայացուցիչներէն է եւ գործակիցն ու ուղղեկիցը Հրանդ Տինքին, որուն գործունէութիւնը եւ ապա նահատակութիւնը կոչուած էին նոր ուղի մը բանալ թէ՛ թուրքիոյ եւ թէ՛ սփիւռքի համար:
Ասկէ առաջ ալ գրած եմ, որ Հայաստանը ու մանաւանդ սփիւռքը Հրանդի նահատակութիւնը նոր ուղենիշի մը վերածելու կարեւոր առիթը կորսնցուցին ու խօսեցան, գրեցին, բողոքեցին Հրանդը սպաննող կողմին մասին՝ հնչեցնելով հերթական դարձած ատելութիւնը:
Հրանդը մեզմէ գողցողը, Հրանդը սպաննողը խորքին մէջ Հրանդի ծրագիրը գողցաւ, Ոչ թէ Հրանդ Տինք մարդը միայն:
Բացի ասկէ, այստեղ պէտք է նաեւ նկատել, որ մինչեւ վերջերս սիւնակագիր էթիէն Մահչուպեան Հրանդի նահատակութենէն ետք վարած է «Ակօս»ի գլխաւոր խմբագրի պաշտօն: Մեզի համար պարզ չէ, թէ թերթի հիմնադրին ու անոր ոգի տուող նահատակին ընկերը ինչո՛ւ այդքան արագ հեռացաւ գլխաւոր խմբագրի պաշտօնէն: Թերեւս ոճի եւ գործելու տարբերութեան խնդիր մը կար ու այդ խնդիրը մնաց լռութեան շղարշին տակ:
Հիմա կարեւորը նշանակման հարցը մատի փաթթոցի չվերաղծելն է, կամ նոյնիսկ երկար բարակ քննարկումներու դուռ չբանալը: Պէտք է սպասել արդիւնքներուն:
Մահչուպեան իր պաշտօնի ստանձնումէն անմիջապէս ետք հարցազրոյց մը տալով մեզի յիշեցուց, որ թուրքիոյ համար թիւ մէկ խնդիրը հայկական հարցը չէ եւ իրաւացի էր: Ան նաեւ ըսաւ, որ ինք կարեւոր ճիգեր պիտի գործադրէ հայ-թուրք յարաբերութիւններու ընդհանուր գործընթացներուն առումով:
Պոլսահայ կարգ մը շրջանակներու համար թուրքիոյ իշխանութիւններուն Մահչուպեանի այս կարեւոր պաշտօն տալու քայլը միտուած է հայկական սփիւռքին հետ խօսակցութեան նոր հարթութիւն մը ստեղծելու: Ու հակառակ հերթական «հայ ըլլալը վիրաւորանք մը» համարելու անտեղի խօսքերուն կը կարծեմ, որ թուրքիոյ համար աւելի նպատակայարմար է ուղղակիօրէն խօսք բանալ սեղանին վրայ եղող կարմիր սաւանով փակուած բոլոր թեմաներուն մասին:
Այստեղ պէտք է կարեւորել Մահչուպեանի եւ իր նմաններուն դերը, ու գաղտնիք չէ, որ թուրքիոյ հետ խօսակցութեան ընդհանուր պրիսմակին մէջ կարեւոր ըսելիք ունի նոյն թրքահայութիւնը: Ի վերջոյ Մահչուպեան իր գրպանին մէջ ունի թրքական անցագիր ու այդ մէկը աւելի իրաւական հիմքերու կրնայ տանիլ խօսակցութիւնը:
Իրաւական հիմքի խնդիրը սփիւռքին համար այդքան ալ կարեւոր օրակարգ մը չէ: Հարիւր տարի կ’ընէ եւ հայկական սփիւռքը կը շարունակէ նոյն լօլօները եւ չի մոռնար ամէն առիթի համաժողովներ ընել ու փակ սենեակներու մէջ պահել ցեղասպանութեան օրակարգը: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այդ մօտեցումը գործնական աշխատանքի չի կարօտիր: «Կարեւոր»ը պալարը եւ թոյնը հայ մարդու մարմնին մէջ հանգիստ ձեւով պահելու գործընթացն է: Վէրքը պահելը եւ հիւանդութեան հետ ապրիլը աւելի հեշտ են, քան՝ վիրաբուժութեան ենթարկուիլը կամ «դանակի տակ պառկիլը»:
Հարիւր տարի այդ հիւանդութեան հետ ապրելէ ետք, վստահ եմ, որ ժամանակը եկած է, որ մտածուի այդ ախտերը արեւուն հանելու մասին: Մեր հիւանդութեան համար բուժում տուողը Էլիզէյի կամ Սպիտակ Տան նախագահները չեն: Անոնց բերնէն ծորած եղեռն կամ ջարդ բառերը ոչ մէկ օգտուտ կրնան տալ: Խօսքը կտրական որոշումներու մասին չէ: Խօսքը նոր ընթացքներ ստեղծելու մասին է ու այս քոնթէքստին մէջ ինչքան հլու եւ անօգուտ կրնայ հնչել «պահանջատիրութիւն» եզրը, երբ այն իրաւական, մարդկային, դատական եւ խորքային հիմքերով չի դրուիր վերը յիշուած եւ կարմիր սաւանով փակուած սեղանին:
Այդ կարմիր սեղանին շուրջ պիտի նստին սփիւռքը ներկայացնող բոլոր կողմերը՝ Եկեղեցին, կուսակցութիւնները, հայրենակցական եւ բարեսիրական միութիւնները, անհատ գործիչները: Ու նոյն սեղանին վրայ պիտի ըլլան թուրքիահպատակ հայերը, որոնց անունով խօսողներէն մէկը նաեւ իրաւական հիմք ունի եւ կը կոչուի էթիէն Մահչուպեան:
Այս մէկը ապագայի սցենար է ու այդ ապագան պէտք չէ հեռացնել: Կը մնայ հարց տալ , որ՝ արդեօք սփիւռքը պատրա՞ստ է նման քայլի մը, թէ հերթական անգամ կ’ուզէ ե՛ւ քնանալ ե՛ւ քնացնել արդէն հարիւր տարիէ ի վեր մեր հետ ապրած, մեր հետ մեծցած, մեր հետ ծերացած մեր հետ սերտաճած ցաւը: Այստեղ արդարացի մօտեցում մը ունենալու համար պէտք է նշել, որ գոյութեան դաշտ սկսած են գալ նոր մարմիններ, որոնք նպատակ ունին նոր մէխանիզմներով ճանապարհ բանալ եւ նոր հարթութեան տանիլ վերը դրուած գործընթացները: Այս մասին պիտի խօսիմ աւելի ուշ :
Հայաստանի մասին չեմ խօսիր, որովհետեւ կը հաւատամ, որ ցեղասպանութեան հիմնական իրաւատէր կողմը Հայկական սփիւռքն ու թրքահայութիւնն են: Երկու կողմերը, այսինքն Հայաստան եւ սփիւռք պէտք է լաւ հասկնան, որ սփիւռքը իրաւունք չունի Հայաստանի պետական շահերը վնասելու կամ խաչաձեւելու: Բնականաբար Հայաստանը, որպէս դէտ կրնայ մասնակցիլ այդ գործընթացներուն եւ գործնական քայլերու հասնելու պահուն, որպէս սփիւռքի տուժած հայութեան իրաւական տարածք, կրնայ մասնկացիլ գործնական ընթացքներուն:
Այս բոլորը խօսելու վրայ են: Կարեւորը սփիւռքի ըսելիքն ու ընելիքն է, որուն մեծագոյն մասը մինչեւ այս պահը դժբախտաբար ամրօրէն կառչած է ցեղասպանութեան հարիւրամեակը «տօնահանդէս»ի վերածելու գաղափարին: Այդ սգատօնային միջոցառումները ընենք, վատ չէ, բայց կարեւորը իրական գործի մասին մտածելն է:
Ահմատ Տաւութօղլույի Մահչուպեանը առաջին խորհրդական նշանակելու որոշումը կարեւոր քայլ մըն է ճատրակի սեղանին վրայ: Սեղան մը, որուն վրայ մինչեւ այս պահը մենք չկանք ու հարկ է որ ըլլանք, ապահովելու համար խաղը մեր օգտին ուղղելու նախնական հիմքերը:
Սագօ ԱՐԵԱՆ
Յստակ է որ Թուրքիա նոր ծրագրով պիտի մօտենայ հայկական հարցին, վստահ ոչ ցեղասպանութեան հարցին:
Մահճուպեանի նշանակումը յստակօրէն հայկական սփիւռքը երկխօսութեան հրաւիրելու ջանք մըն է…սակայն մենք որքանով պատրաստ ենք այդ հրաւէրը ընդունելու երբ սփիւռքի ամէնափոքր գաղութին մէջ տակաւին ունինք երկու հակադիր եկեղեցիներ եւ ոչ մէկ ատեն չունեցանք ազգային ապահովական համակարգ մը որ կրնար միասնական գոյութիւն մը ստեղծել:
Երկխօսութեան համար կրկին մեր հայացքները պիտի ուղուին Մայր Հայրենիք: