Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Քոպանի կամ ո՞վ պիտի վճարէ քրտական արեան դիմաց

Հոկտեմբեր 13,2014 11:45

Ինչ որ կը կատարուի Քոպանիի մէջ, կարեւոր ազդեցութիւններ պիտի ունենայ ոչ միայն սուրիական պատերազմի յառաջիկայ զարգացումներուն, այլ յատկապէս մինչեւ հիմա Սուրիոյ պատերազմին հանգիստ աչքերով դիտող Թուրքիոյ վրայ: ISIS, Քոպանին գրաւելով, ոչ միայն նպատակ ունի Թուրքիոյ հետ սահմանային շրջան ապահովել, այլ նաեւ քիւրտերը հարուածել: Այստեղ է, որ ISIS-ի եւ Թուրքիոյ շահերը կը յայտնուին նոյն կէտին վրայ: Միտումնաւոր կամ՝ ոչ, արդէն երկրորդական է: Փաստ է նաեւ, որ Թուրքիա բնաւ անհանգիստ չէ (բացի ձեւական յայտարարութիւններէն) իր սահմաններուն ISIS-ի մօտենալէն: Թուրքիոյ իշխանութինները լաւ գիտեն, որ քիւրտերու հետ կատարուածը եւ իրենց պահուածքը մեղուի պարսը խառնելու կը նմանի, ու ամէն օր նոր ծաւալներու հասնող բողոքի գործողութիւնները կրնան հասնիլ մինչեւ եւրոպական տարբեր մայրաքաղաքներ:
Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած բողոքի գործողութիւնները նոր գունաւորում ստացան, երբ շաբաթ մը առաջ քիւրտերու մայրաքաղաք համարուող Տիարպէքիրի մէջ մարդիկ արթննալով ականատես եղան թրքական բանակի հրասայլերու տեղաշարժին:Եղածը կը յիշեցնէր 1980-ին կատարուած զինուորական յեղաշրջումը եւ զոհերուն թիւը զգալի աճ կ’արձանագրէր:

kobanii-collage##

Ի՞նչ կ’ուզեն քիւրտերը:

Անոնք կը պահանջեն զինամթերք եւ ճանապարհ: Անոնց համար կարեւոր է նաեւ, որ Թուրքիա իր բանակային ուժերը Քոպանի ուղղարկէ սակայն այդ ընտրանքին բացակայութեան դիմաց անոնք կը պահանջեն ճանապարհ եւ նպատակ դրած են իրենց ակռաները ցոյց տալ ISIS-ին: Հրոսակային պատերազմներու մէջ վարժ քիւրտերուն համար այս մէկը ոսկի առիթ է ISIS –ին ուժեղ ապտակ մը տալու համար: Մինչեւ հիմա սուրիական պատերազմին մէջ շատ «խելացի» վարուած քիւրտերուն համար բոլոր դիմակները այրած են: Պատերազմի առաջին օրէն անոնք Ասատի վարչակարգին դէմ չեղան: Չեղան նաեւ այդ րէժիմին հետ: Անոնք բացայայտ կերպով ըսած էին՝ «կրակը մեզմէ հեռու պահեցէք» եւ հիմա, երբ արդէն դանակը հասած է ոսկորին, պատրաստ են կրակին դէմ դնելու: Սուրիոյ պատերազմին առընթեր ISIS-ի ունեցած ազդեցութիւնը ամէն օր կը շեշտուի: Ու միամտութիւն է կարծել, որ ISIS սոսկ մանրամասնութիւն մըն է: Շաբաթներ առաջ, երբ ԱՄՆ-ի թիւ մէկ ղեկավարը ազդարարեց ISIS-ի դէմ սկսելիք «պատերազմ»ին մասին, բոլորը կը կարծէին, որ քանի մը շաբաթէն այդ խմբաւորումը պիտի կքի օդային ծանր հարուածներուն տակ: Բայց կռիւներու ընթացքը ատոր մասին չի խօսիր: ISIS բոլորին ուշադրութիւնը անուղղակիօրէն շեղելով կը բանար Քոպանիի ճակատը:
ISIS կրնայ ստիպել, որ ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութեանց մէջ որոշ «բաց»եր երեւին կամ նոյնիսկ գրգռելով Իրան- Թուրքիա «սառած» ճակատումը օգտուիլ ստեղծուած իրավիճակէն:

Վերադառնալով Թուրքիոյ մօտեցումին՝ պէտք է նշմարել, որ Էրտողան բաց աչքերով հաշիւը կ’ընէ Թուրքիոյ մէջ առկայ «քնացած» իսլամիստ բջիջներուն ու այդ հաշիւներէն մեկնելով մինչեւ այս պահը ISIS-ի մասին խօսելու պահուն նիւթը կը շեղէ եւ կը խօսի ասատեան վարչակարգին մասին: Տակաւին մէջտեղ կը նետուի Թուրքիա-Սուրիա սահմանային գօտիին վրայ առանձնացած ապահովական գօտի ստեղծելու մասին: Այսպէս Էրտողան նաեւ կը ցանկայ, որ զինուորական ցամաքային որեւէ միջամտութիւն նոյնպէս թիրախ ընտրէ ասատեան վարչակարգը:Թուրքիոյ համար ասատեան վարչակարգը հիմնական թիրախ է ու այդ կեցուածքին համար Էրտողան եւ իր իշխանախումբը բնականաբար կարեւոր խոստումներ ստացած են: Սուրիական տագնապին առաջին օրէն Թուրքիա իր մօտեցումը չէ փոխած ու սիւննի արաբական աշխարհին հետ իր այս կեցուածքով նոյնիսկ ոչ կ’ըսէ Ամերիկեան բոլոր տեսակի խուսանաւումներուն: Իր կարգին ԱՄՆ, որ կը փորձէ ամէն գնով նոր հարթակի տանիլ տագնապը, վճռելով նաեւ, որ ամերիկացի ոչ մէկ զինուոր ոտք պիտի դնէ սուրիական հողերու վրայ: Օպամա այս կերպ նաեւ կը տիրանայ ամերիկեան հանրային կարծիքին համբերատար մօտեցումին եւ «զմայլանք»ին: «Ոչ մէկ ամերիկացի զոհ կուտանք, բայց Սուրիան հրոյ ճարակ կը դարձնենք» ըսել կ’ուզէ Օպամա, մոռնալով որ օդային գրոհները չեն կրնար մահացու հարուած տալ ISIS-ին, որ ամէն օր թաքթիքային նոր միջոցներով կը դիմակալէ այս գրոհներուն: Օրինակ, ըստ վերջին տուեալներուն, ISIS-ի զինեալները մոթոսաիքլէթներով կը փոխադրուին ու նոյն կերպ զինամթերք կը փոխադրեն:

ԱՄՆ Թուրքիոյ դիմաց դրած է մէկ կարեւոր պայման, որն է՝ խօսակցութիւն ստեղծել Ասատի իշխանութեան հետ կամ առնուազն լռել եւ աշխատանք տանիլ նոր էջ մը բանալ վարչակարգին հետ եւ ատոր փոխարէն քիւրտերու հարցը կրնայ կարգաւորուիլ: Այլապէս 10 տարիէ ի վեր ընթացող թուրք-քիւրտ բանակցութիւնները կրնան փոշիանալ, այդպիսով վերջնականապէս կտրելով կողմերուն միջեւ ստեղուած վստահութեան շատ բարակ կարմիր թելը:

ԱՄՆ նաեւ յայտարարած է, որ Քոպանիի պատերազմը իրենց համար առաջնահերթութիւն չէ: Այսինքն ոչ մէկ խնդիր, եթէ նոյնիսկ Քոպանիի մէջ ջարդեր իրականացուին, որոնց մասին նոյնպէս կը յուշեն ՄԱԿ-ի գերագոյն ղեկավարները Քոպանիի վիճակը համեմատելով Պոսնիոյ Սրեբրենիցա քաղաքին հետ, ուր 1995-ին տեղի ունեցած են սոսկալի ջարդեր: Օպամա եւ իր նմանները զազրելի ջարդերու մասին կը յիշեն միայն տարիներ անց այդպիսով «սրտառուչ» դարձնելով իրենց ճառերը:

Այս իրավիճակներուն դիմաց պէտք է նաեւ նկատել, որ Եգիպտոսի ու Թուրքիոյ որդեգրած կեցուածքները ԱՄՆ -ին կը յուշեն, որ ան Միջին Արեւելքի մէջ առաջուան կայուն ոստիկանները չունի:

Վերադառնալով Քոպանիին՝ պէտք է նաեւ դիտարկել քիւրտերու ցուցաբերած հերոսական կեցուածքը: Այդ հերոսական սխրանքներուն ամէնէն ընդգծելին 19-ամեայ Չէյլան Օզալբի դէպքն է, ուր քրտուհին մինչեւ վերջին կապարը պայքարելէ եւ ISIS-ի զինեալներուն դէմ դնելէ ու իր 5 ընկերուհիները կորսցնելէ ետք «խիղճի փամփուշտ»ը իր գրպանէն հանելով ինքզինք կը սպաննէր: Օզալբ շաբաթ մը առաջ խօսած էր BBC -ին եւ ըսած. «Երբ ISIS-ի զինեալները քիւրտ կիներու մօտ զէնք կը տեսնեն կը սարսափին: Մեր մէկ կինը անոնց հարիւրի դէմն է»: Դէպքը կը խօսի այլ որակներու մասին: Ու զինեալ պայքարի տարբեր բովերէն անցած քիւրտ կին զինուորի մը համար աւելի հեշտ է ինքզինք սպաննել, քան թէ ISIS-ի ողորմութեան տակ մնալ …

Ոչ մէկ խօսք այս հերոսական արարքին դիմաց, չնայած անոր, որ միջազգային քաղաքական շահարկումներուն կշիռքին վրայ այս հերոսական սխրանքները ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն:

Քոպանիի վէրքը տաք է: Վերջին տեղեկութիւնները կը յուշեն, որ ISIS կրնայ ամբողջ քաղաքը իր տիրապետութեան տակ առնել եւ արեան բաղնիքի վերածել շրջանը: Գաղտնիք չէ նաեւ, որ քաղաքին մէջ մինչեւ այս պահը կան հազարի հասնող անկարներ, որոնք կարիքն ունին նախնական օգնութիւններու: Ու եթէ Քոպանին իյնայ, ապա Թուրքիայի տարբեր նահանգներուն մէջ սկիզբ առած բողոքի ցոյցերը կրնան տարբեր ծաւալներու հասնիլ:
Ամէն պարագայի յառաջիկայ օրերը կը պարզեն ընդհանուր պատկերը եւ յայտնի կը դառնայ, թէ Թուրքիա պիտի յաջողի՞ համոզել ԱՄՆ-ը, որպէսզի ISIS-ը ասատեան րէժիմին դէմ օգտագործուի կամ պիտի պատահի՞ հակառակը, երբ Թուրքիա, իր սահմանները բանալով թոյլ տայ քիւրտերուն ISIS-ի դէմ կռուելու: Իհարկէ, կայ նաեւ ՆԱԹՕ-ի ուժերու միջամտութեան տարբերակը, որ ցարդ կը մնայ խօսքի սահմաններուն մէջ:
Այս բոլորը կան, սակայն կարեւոր է նաեւ ռուսական կողմին խօսքը: Մոսկուա, որ մինչեւ այս պահը մեծ վերապահութեամբ կը մօտենայ ISIS-ի դէմ ստեղծուած դաշինքին շատ խանդավառ չէ եղածով եւ վստահաբար պիտի փորձէ ապահովել Սուրիոյ մէջ քիմական զէնքերու օգտագործման վերաբերեալ իր տարած դիւանագիտական չակերտեալ յաղթանակին կրկնութիւնը, միշտ օգտուելով ու գրաւը դնելով արեւմուտքի ու յատկապէս ԱՄՆ-ի գործած սխալներուն վրայ:

Կը մնայ վերջին հարցումը, արդեօք ո՞վ պիտի վճարէ Քոպանիի քիւրտերուն արեան գինը:
Սագօ ԱՐԵԱՆ

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031