Լրահոս
ՄԻՊ-ն էլ տեղյա՞կ չէ
Օրվա լրահոսը

Հայոց Ցեղասպանութեան մերժման պատժելիութեան գործընթացին մէջ իւրօրինակ է Յունաստանի խորհրդարանի կայացուցած որոշումը

Հոկտեմբեր 07,2014 16:35

Հարցազրոյց Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի Յանձնախումբի ատենապետ ընկ. Յակոբ Աւագեանի հետ

«Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը՝ երկրի սահմանադրութեան համահունչ քայլ էր»

Հայոց Ցեղասպանութեան մերժման պատժելիութեան գործընթացին մէջ իւրօրինակ է Յունաստանի խորհրդարանի կայացուցած որոշումը, որ կը քրէականացնէ ժխտումը:

Ինչպիսի՞ հանգրուաններէ անցաւ խորհրդարանի գործընթացը, մինչեւ որ յանգի օրինագիծի վաւերացման:

Յունական խորհրդարանի օրէնքը իր տեսակին մէջ երրորդն է, որ կը որդեգրուի երկրի մը կողմէ, Զուիցերիոյ եւ Սլովաքիոյ որոշումներէն ետք:

2007ին էր, եթէ չեմ սխալիր, երբ Եւրոպական Միութիւնը մարդոց իրաւունքներու յարգման յստակ ուղղութիւն մը յառաջացուցած էր, որու կիրարկումը կը վստահուէր իւրաքանչիւր երկրի: «Ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան դէմ» շրջանային բանաձեւ մըն էր, որու ծիրէն ներս ներգրաւուած էր նաեւ ցեղասպանութեան մերժումի պարագան, որպէս քաղաքակրթութեան եւ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւն: Հակացեղապաշտական օրէնքի որդեգրումը այս ձեւով սկզբունքային պարտադրանք մը կը դառնար Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրներուն համար:

2012ի Յունաստանի խորհրդարանական ընտրութիւններու պարզած պատկերէն ետք, երբ ծայրայեղ աջակողմեան «Ոսկեայ արշալոյս» կուսակցութիւնը յաջողեցաւ ներկայութիւն եւ ուժ դառնալ երկրի խորհրդարանէն ներս, Յունաստանի արդարադատութեան նախարար Խարալամպոս Աթանասիուի առաջարկով քննարկման բերուեցաւ տուեալ օրէնքի նախագիծը: Յունական ընկերութենէն ներս ցեղապաշտական մօտեցումներու դրսեւորումներ եւ բռնութեան դէպքեր արձանագրուած ըլլալով, արդարադատութեան նախարարը պարտաւորիչ կը նկատէր նման օրէնքի մը վաւերացումն ու գործադրումը:

Օրէնքին իւրայատկութիւնը կը կայանայ ժխտող հակառակորդին առաջնահերթութեանց բացայայտման մէջ, այսպէս ալ նախատեսում կար Հրէական Ողջակիզումը մերժողներուն մասին:

Ինչպէ՞ս ներառնուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման պարագան:

Փետրուար 2014ին էր, երբ հելլէն խորհրդարանէն ներս սկսան օրինագիծի շուրջ քննարկումները, նախապատրաստական յանձնաժողովին կողմէ: Հոն ներկայացաւ Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբը եւ պարզեց հայութեան դիրքորոշումը, ու պնդեց, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումի պարագան անպայմանօրէն ներառնուի օրէնքի պարտադրանքներուն մէջ:

Նշենք, որ օրինագիծի քննարկման առաջին պահէն, ձայներ եղան որ դէմ կը դասուէին, հիմնական որպէս տարաձայնութիւն ներկայացնելով խօսքի ազատութեան իրաւունքը եւ դէմ դասուելով խօսքի սահմանափակման քայլերուն: Այնուամենայնիւ, օրինագիծին սատարող կողմերը, դիտել կուտային թէ յստակ յանցագործութիւն է ատելութեան սերմանումը՝ խօսքի ազատութեան պատրուակին տակ:

Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Յանձնախումբին հետ ներկայացան նաեւ պոնտոսցիները, ասորիները, ընդառաջելով կառավարութեան կողմէ առնուած օրինագիծի նախաձեռնութեան:

Ի՞նչ էր թրքական հակազդեցութիւնը:

Եղան հակազդեցութիւններ, ինչպէս օրինակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Թանժու Պիլկիչի խօսքերը, թէ օրէնքը «դէմ է ժողովրդավարութեան սկզբունքներուն եւ ժողովրդավարութեան սկիզբ նկատուող խօսքի ազատութեան», ըսելով սակայն թէ Թուրքիա իր կարգին շատ մեծ ակնկալիքներ ունի օրէնքի կիրարկումէն, Արեւմտեան Թրակիոյ թուրք փոքրամասնութեանց վերաբերեալ:

Ըսեմ նաեւ, թէ խորհրդարանին մէջ օրինագիծի քննարկումը երկար տեւեց, յետաձգումներով եւ երեսփոխաններու երկար շարքի մը ելոյթներով: Առաջին նստաշրջանէն երկրորդ յետաձգումին ընթացքին՝ գիտենք որ տեղի ունեցաւ վարչապետ Անտոնիս Սամարասի հանդիպումը Թուրքիոյ նախագահ Թայիփ Էրտողանին հետ, թրքական կողմէ նախաձեռնութեամբ: Դիւրին է ենթադրութիւն կատարել այս պարագային, մանաւանդ տեղեակ ըլլալով թէ խօսակցութեան ընթացքին Թուրքիոյ նախագահը բացայայտօրէն դրաւ հակացեղապաշտական օրէնքին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան պարագան չներառելու հարցը, որը սակայն պատշաճ պատասխանի արժանացաւ Յունաստանի վարչապետին կողմէ:

Յայտնի էր Թուրքիոյ ճիգը՝ ձախողեցնել օրինագիծը, որը սակայն չարդիւնաւորուեցաւ: Անկէ ետք, Թուրքիա փորձեց լուռ անցնել հարցը:

Օրէնքի նախագիծը քննարկուեցա՞ւ երկրի սահմանադրական յանձնախումբին կողմէ:

Այո՛, անշուշտ: Իւրաքանչիւր օրէնքի նախագիծ նախ կը քննուի երկրի սահմանադրութեան համաձայն, ապա կը յղուի խորհրդարան: Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումը՝ երկրի սահմանադրութեան լրիւ համահունչ քայլ էր:

Մենք ալ մեր կարգին, խորհրդարանական ուժերուն եւ անհատ երեսփոխաններուն հետ մեր ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին, ուշադրութեամբ քննեցինք բոլոր պարագաները:
Մենք կը յուսանք, որ Յունաստանի խորհրդարանի որոշումը ճամբան պիտի հարթէ մնացեալ Եւրոպական Միութեան երկիրներուն մէջ ալ, որպէսզի Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրէնքներ ընդունին, պատշաճ կեցուածք որդեգրելով մարդոց իրաւունքներու յարգումին ուղղուած Եւրոպական Միութեան ընդհանուր կեցուածքին համաձայն:

Մենք ինչպէս ըսի, ուշադրութեամբ ուսուցմնասիրեցինք երկրի իրաւական դաշտը եւ կը հաւատանք թէ հաստատօրէն խարսխուած օրինագիծ է Յունաստանի խորհրդարանի որոշումը, որ կրնայ որպէս նախաքայլ ծառայել մնացեալ Եւրոպական երկիրներուն համար: Ասկէ ետք կը մնայ հետեւիլ ու իրաւական ձեւերու դիմել, եթէ օրէնքի խախտում նկատուի:

Հ.Յ.Դ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031