Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սուրիան  կրնայ   Վիէթնամի վերածուիլ

Հոկտեմբեր 01,2014 18:34

ԱՄՆ  նախագահ Պարաք  Օպամայի  ՄԱԿ-ի  69-րդ  ասամբլեայի  առթիւ արտասանած «փայլուն»  ճառէն ետք ( 24 Սեպտ.2014) նոր հանգրուան  մը բացուեցաւ Սուրիական պատերազմի օրագրութեան մէջ: Ամերիկացի վերլուծաբաններէն շատեր , որոնք շատ ալ խանդավառ չեն  ստեղծուած  նոր դաշինքով  նկատել տուին,   որ ներկայ  վարչախումբին համար թիւ մէկ խնդիրը  ISIS-ը  հարուածելն է:

Լաւ թող հարուածեն,  բայց  յետոյ ի՞նչ: Տակաւին Օպամա, որ  կը խօսի երկար ժամկէտներով պատերազմի մը մասին, խորքին մէջ  ռազմավարական ոչ մէկ լուրջ ծրագիր ունի  : Ի՞նչ պիտի ըլլայ  այս հարուածներէն յետոյ՝ տակաւին  պարզ չէ:

Դաշինքի սկսած զինուորական գրոհներուն առաջին շաբաթը  ուշագրաւ էր յատկապէս Տէր Զօրի նաւթահորերուն դէմ  եղած   յարձակումներով (յատկապէս «Հաքըլ Ալ Թանաք»ի նաւթահորը):    ISIS-ի  համար     կարեւորագոյն Ֆինասնական աղբիւրներու   կասեցումը  ըստ ԱՄՆ –ին   կրնայ  անդամալուծել  խմբաւորումը  :Այս մօտեցումը  միամտութիւն է    դաշնակից ուժերու  համակարագող ատմիրալ Մարթն Տէմբսիին համար,որ   յայտարարեց, թէ «Սուրիոյ պատերազմը կարելի չէ յաղթել միայն օդային  յարաձակումներով:  Այլ  պէտք է ամերիկեան   ցամաքային ուժերու միջամտութիւնը» բան մը, որ Օպամային համար     անընդունելի  ընտրանք  է:

Այս բոլորէն անդին  Օպամա իր ելոյթին ընթացքին անդրադառնալով  Բաշշար Ասադի    իշխանութիւնէն  հեռացուելու նիւթին  շատ սուր բաներ չըսաւ: Անոր  հիմնական թիրախը Ասադը չէ: Նոյնիսկ եթէ  Ասադն ու ISIS-ը  հաւասար դիրքերու  վրայ զետեղեց պարզ է նոյնպէս,  որ  ան  այդ առումով  մտածուած   ծրագիր  չունի:

Գալով  արաբական     ընդհանուր իրավիճակին   կարելի է  բացայայտ կերպով ըսել , որ Արաբական հինգ տէրութիւնները (Սէուտական Արաբիա,Պահրէյն Քուէյթ, Յորդանան եւ Էմիրաթ),  որոնք կը մասնակցին այս օդային գրոհներուն  ընդունած են  այս ձեռնոցը վերցնել մտադրութիւն ունենալով մահացու  հարուած  տալ ISIS-ին  որ իրենց համար   ամէն օր կ’աճի որպէս   վտանգ եւ լուրջ սպառնալիք:

Այս տուեալներէն զատ արաբական տէրութիւնները նաեւ   կրնան պահանջել, որ  Ասադի  հեռացումը  վերածուի առաջնահերթութեան ու հոն եւս կրկնուի Իրաքի օրինակը :Այսինքն Ասադ Նուրի Ալ Մալէքիի նման հեռացուի իշխանութիւնէն ու  զինք փոխարինէ   նոյն իշխանակարգէն   եղող  անձնաւորութիւն մը, (Պաաս  կուսակցութիւն) որ ընդդիմութեան («Ազգային միաւորում») չափաւորական թեւին հետ կրնայ  լեզու գտնել: Պայմանով, որ  այդ անձնաւորութիւնը  ըլլայ իշխանութեան ներսէն որպէսզի յաջողի Ասադի հեռանալէն ետք  պահպանել   բաւական ծանր վիճակի հասած  բանակին հիմքերը:

Բայց այս բոլորը կը մնան  ծրագիրներ կամ հաւանական  սցենարներ: Կարեւորն այն է, որ ի՞նչ կուզէ     Օպամա Սուրիայէն: Արդեօ՞ք ան պատրաստ է   իր իշխանութեան օրերուն աճած այս  «վէրք»ը փոխացնել ԱՄՆ-ի  յաջորդ նախագահին: Նկատի առած նաեւ որ  Օպամայի իշխանութիւնը կ’աւարտի   20  Յունուար 2017-ին  զինուորական  հարուածները պէտք է արագ  կերպով  որոշիչ արդիւնքներու հասնին   այլապէս դժուար չէ ենթադրել, որ     Օպամա այս պահուածքով եւ պարզապէս հակազդելու համար  եղած     պատերազմով կրնայ  ընդհանրապէս փակել, որեւէ Տէմոքրաթ թեկնածուի մը Սպիտակ  տուն հասնելու ճամբան: Իսկ եթէ ISIS  առնուազն անդամալուծուի  ապա հեշտ  պիտի ըլլայ, որ  յաջորդ  թեկնածուն   ըլլայ անոր կուսակից մը:

Կարեւոր է սակայն,   որ այս պատերազմը չերկարի  ու փոքր է   այդ   հաւանականութիւնը:Ու բացորոշ է, որ  ցամաքային ուժերու մասնակցութեամբ  Սուրիան կրնայ նոր Վիէթնամ մը  դառնալ ամերիկայի համար:

Գետնի վրայ ուշագրաւ է յատկապէս Իմարաթցի   կին օդանաւորդներու մասնակցութիւնը այս կռիւին: mariam al mansoori Մարիամ Ալ Մանսուրիի  F-16  կործանիչին մէջ եղած պահուն  ժամանակ առնուած լուսանկարներուն  հրապարկումէն ետք    պարզ կը դառնար, որ Արաբական աշխարհին  համար ISIS-ի   դէմ  պատերազմը մտած է  կարեւոր հուն: Կիներու մասնակցութեամբ արաբական ծոցի երկիրները նաեւ  յատուկ պատգամ մը կը յղէին   ISIS -ին , որուն  հաստատած «հասարակարգ»ին  մէջ  կին դասակարգը   զէրօ արժէք կը ներկայացնէ:  ISIS   արժէզրկած է կին սեռը ամէն իմաստներով, բռնութիւն, կիներու  մորթ  եւ «առեւտուր»:

Չպէտք է մոռնալ նաեւ, որ Սուրիոյ պատերազմին հանգուցալուծման կարեւորագոյն օղակը  կը գտնուի Իրանի մօտ:Անոր հովանաւորութեամբ կռուող  «Հըզպալլա»ի   եւ «Ապու  Ալ Ֆատըլ Ապպաս»ի ջոկատները   ոչ միայն առաջնային դիրքերու վրայ են, այլ  կը համարուին Ասադեան բանակի  գլխաւոր դիրքերուն իսկական տէրը:

Կայ  նաեւ Լիբանանի վտանգը, որ  որեւէ պահու կրնայ սրիլ: «Հըզպալլա»ի Սուրիոյ  պատերազմին մասնակցութեան  դէմ առկայ ընդհանուր դժգոհութիւնը  կրնայ որեւէ ատեն բռնկումի վերածուիլ եթէ  արեւմտեան աշխարհին համար ձեռնտու դառնայ   Լիբանանեան նոր սցենար մը:

Կը մնայ հարցումը   արդեօ՞ք Ամերիկան նոր հերոսներ կ’ակնկալէ   այս պատերազմէն: Ու  եթէ յանկարծ   պատերազմը  Վիէթնամեան  տարբերակի մը  վերածուի  ապա  այն ատեն ամերիկեան ընկերութիւնը պէտք է պատրաստուի  նոր  ողբերգութիւններու: Պատկերը պիտի ըլլայ շատ դաժան:  Խելագարուած եւ ընկճուած  զինուորներու  ու  սպաներու  նոր     «հասարակարգ» մը,  որուն անդամները շատ յաճախ չուզելով  պիտի գրեն Սուրիական պատերազմի իրենց օրագրութեան մասին: Անոնք  երկար պիտի պատմեն Իսլամի քողին տակ  եղած  բռնութիւններուն եւ սարսափազդու տեսարաններուն մասին:   Տակաւին չեմ խօսիր  այն զինուորներուն մասին, որոնք շիրիմ անգամ պիտի չունենան կամ  այդ  զինուորներուն, որ դագաղներու մէջ «տուն» պիտի վերադառնան:

Օպամայի  համար ցամաքային պատերազմի ընտրանքը    սադայէլի ուրուականի նման  է:  Ու այս բոլոր   պատճառները բաւարար են, որ  «աշխարհի տէր»ը  ամէն ճիգ ընէ, որպէսզի Սուրիան երկրորդ Վիէթնամ մը չդառնայ:

 

 Սագօ Արեան

 

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (0)

Պատասխանել

Օրացույց
Հոկտեմբեր 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Սեպ   Նոյ »
 12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
2728293031