Լրահոս
Օրվա լրահոսը

Սիսէն Տէր Զօր… Առկայ կարմիր թելը

Սեպտեմբեր 23,2014 16:48

Անցնող Շաբաթ օր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին Երեւանի մէջ բարձրացուցած առաջարկը պայթող ռումբի տպաւորութիւն ձգեց: Այս համարձակ քայլին դիմաց առկայ լուռ տարակարծութիւնները մէկդի դնելով բոլորը տեղ մը լռելեայն համաձայն էին, որ Վեհափառին ծրագիրը իրատեսական եւ բրակմաթիք գործունէութեան մը ճանապարհային նոր քարտէսը կը գծէր:

Բայց ի՞նչ իմաստով. բացատրեմ: Նախ առաջին անգամն էր , որ Կիլիկեան աթոռը նոր հարթութեան կը տանէր պահանջատիրութեան խնդիրը (գոնէ հրապարակաւ): Այդ աշխատանքը հեշտ ճանապարհով մը չէր գծուէր եւ Կիլիկեան աթոռին ըրածը խորքին մէջ պէտք է ընկալել, որպէս խորհրդանշական պատգամ ուղղուած՝ Սփիւռքի աւանդական երեք կուսակցութիւններուն եւ յարակից այն միութիւններուն, որ կը գործեն այս կուսակցութեանց շուրջ:

Անկախ ամէն ինչէ, Կիլիկեան աթոռի ղեկավարութիւնը, ոչ միայն նկատած էր, որ անցած են խօսքի ժամանակները այլ խօսքէն գործի անցնելու առաջին փորձը կը կատարէր:Ու սխալ չէ՛ այն համոզումը, որ Վեհափառի նման յայտարարութիւն իր ետին ունի բաւական երկար պատմութիւն այսինքն եղածը հրավառութիւն մը չէր:

Ճիշդ է նաեւ ըսել, որ տեղին չէ մեծ ակնկալիքներ ունենալ, որ Սիսի աթոռը եւ այդ աթոռի շուրջ եղող հողամասերը կրնան դատի ճանապարհով Հայ ժողովուրդին վերադարձուիլ: Ծայրայեղ լաւատեսութեան պարագային, եթէ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան իր վարչախումբին հետ «ծանր ու թեթեւ» ընելէ ետք յայտարարէ ՝ « Հրամմէ Վեհափառ ահա Սսոյ աթոռի տարածքը եւ մենք ալ քեզ կը հրաւիրենք որպէսզի անձամբ ներկայ ըլլաս վերանորոգուած տաճարի վերաբացման»ը այն ատեն ինչ պիտի ըլլար հայրապետին պատասխանը:

Այս բոլորը կան: Դժուար չէ նաեւ մտածել, որ Արամ Վեհափառը նոյնպէս այս հարցերուն պատասխանը ունի:

Եթէ հարց պիտի տաս պէտք է նաեւ ակնկալես որ հակառակորդդ նոյն հարթակին վրայ պատասխան մը տայ հապա ինչպէս պէտք է պատկերացնել Հայ- թուրք յարաբերութիւններուն նոր առանցքը: Ցեղասպանութեան խնդրի արծարծումը սեղանին վրայ է ու այդ մէկը ինքնանպատակ չէ: Յանկարծ եթէ թուրքը ընդունեց այս եւ նման պայմաններ, ի՞նչ պիտի ըլլայ Սփիւռքի եւ Հայաստանի Իշխանութիւններուն կեցուածքը:

Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին կապակցութեամբ տեղի ունեցած ժողովները աւելի յաճախակի դարձած են: Սակայն նոյն ժողովներուն մէջ տակաւին լուրջ եւ գործնական որեւէ ծրագիր գոյութիւն չունի: Բոլոր կողմերը սկսած են հասկնալ, որ այս «երգը» այլեւս այս ձեւով չի մատուցուիր:Բոլորը գիտեն այս ճշմարտութիւնը, բայց ոչ ոք կը շարժի:

Պարզ չէ՞, որ որեւէ նախաձեռնութիւն նիւթական լուրջ աղբիւրներու կը կարօտի իսկ սփիւռքեան մարմիններէն շատեր ոչ կարելիութիւնը ունին ոչ ալ իրենց օրակարգերուն մէջ իրական գործ մը ընելու «հաւէս»ը կայ: Գաղտնիք ալ չէ, որ այդ մարմիններուն մեծ տոկոսը կը մտածէ ցեղասպանութեան խնդիրը ձգել նոյն վիճակին մէջ ու զայն խաղաքարտ դարձնելով սնուիլ այդ օրակարգի բարիքերէն:

Ի վերջոյ աւելի հեշտ է գրասենեակներու մէջ նստելով Հայ ժողովուրդի գերագոյն շահերուն համար (ինչ չարչարուած բառ) սուր ճօճել պարզ անոր համար, որ Մեծ Եղեռնի 1.5 միլիոնը ենթակայ չէ վերացման վտանգին եւ անոնք (նահատակները) կրնան որեւէ պահու աւելնալ: Օրինակ Հրանդ Տինք, երբ նահատակուեցաւ համարուեցաւ 1,500.000 +1 եւ քիչ անց անոր անունը ամրագրուեցաւ ցեղասպանութեան ընդհանուր հոլովոյթի մոռացութեան ենթակայ տոմարներուն մէջ:

Srpots nahadagats

Վերադառնալով Սիսի եկեղեցւոյ դատական «պատերազմ»ի ազդանշանին շատ խորունկ վերլուծումներ ընելու կարիք չկայ հաստատելու, որ այդ պատերազմին առաջին հակահարուածը պիտի գար Տէր Զօրէն: Արամ վեհափառի յայտարարութեան մելանը տակաւին չչորցած Կիրակի երեկոյեան «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ ականահարման լուրը ասուպային արագութեամբ կը տարածուէր: Ի՞նչու ISIS-ը յանկարծ պիտի յիշէր «Ալ Ռաշիտիյա» թաղամասին մէջ իր ճակատագրին լքուած «Սրբոց նահատակաց» եկեղեցին, որ առանց պայթեցման ալ աւերակուած էր:

srpoys nahadagats 222

Սա այն եկեղեցին է, որ օծուած էր ու հանրութեան առջեւ բացուած էր 1991 թուականին երբ Սուրիոյ նախագահ Հաֆէզ Ասատ, իր հարեւան Թուրքիոյ պատգամ մը ղրկելու համար առիթ կուտար, որ Սուրիոյ հայերը Տէր Զօրի մէջ կանգնեցնեն ուխտավայր- եկեղեցին: Նոյնիսկ եկեղեցւոյ օծումը կը դառնար միջոց որպէսզի Սուրիահայութեան համար Հաֆէզ Ասատը դառնայ «փրկիչ» նախագահ մը:

ISIS համար «Սրբոց նահատակաց» եկեղեցին ոչ մէկ ռազմավարական իմաստ ունի: Լքուած այդ տարածքը ուրեմն պայթեցուած է պատգամ մը տալու համար, որուն հեղինակը չի կրնար ISIS-ը ըլլալ:

200 Հազար զոհերու գերեզմանափոսը դարձած Սուրիոյ մէջ խաղի կաննոներ չկան:Հարցում արդեօ՞ք Արամ Վեհափառ իր «ռումբ»ը պայթեցուցած ժամանակ մտածած էր, որ հայ թուրք շփման կարմիր գիծը այսօր Սուրիան է:

Տէր Զօրի մէջ կատարուածը հեռու չէ Քեսապի դէպքերէն:Տխուրը այն է, որ հակառակ մեր «վերլուծողական մտքին» կը շարունակենք մնալ թերաճ հոգեբանութեան մը զոհերը: Քարոզներ, պատգամներ, նկարահանումներ, հանդէսներ եւ ժողովներ այս բոլորը միայն վտանգաւոր հրավառութիւններ են:

Իսկ Սիսի Սուրբ աթոռը դատական միջոցներով վերադարձնելու մտադրութիւնը վստահ եմ, որ պէտք է ըլլար առանց աղմուկի եւ լռութեամբ: Միայն լռութեամբ: Չնայած անոր որ Սիսի աթոռին վերադարձը դրական ոչինչ պիտի տայ Հայաստանին: Ոչինչով պիտի ապահովէ Հայաստանի սահմաները: Ոչ մէկ ձեւով պիտի սատարէ Հայաստանի համար հիմնական արիւնահոսում հանդիսացող արտագաղթի կասեցման:

Թուրքիոյ դէմ ծաւալած պայքարը, որուն հիմնական նպատակը հատուցումի պահանջին հասնիլն է, պէտք է դուրս բերուի հակազդեցութեամբ գործելու հին սովորոյթէն: Իսկ նոր նախաձեռնութիւնները պէտք է ըլլան կշռուած եւ մտածուած: Այլապէս ցանկացած քայլ պիտի պատասխանուի հակաքայլով մը ու Տէր Զօրի մէջ կատարուածը այդ ծիրին մէջ պէտք է տեղադրել:
Անպայման:

Սագօ ԱՐԵԱՆ

Համաձայն «Հեղինակային իրավունքի եւ հարակից իրավունքների մասին» օրենքի՝ լրատվական նյութերից քաղվածքների վերարտադրումը չպետք է բացահայտի լրատվական նյութի էական մասը: Կայքում լրատվական նյութերից քաղվածքներ վերարտադրելիս քաղվածքի վերնագրում լրատվական միջոցի անվանման նշումը պարտադիր է, նաեւ պարտադիր է կայքի ակտիվ հղումի տեղադրումը:

Մեկնաբանություններ (1)

Պատասխանել

  1. Ապրիս Սագօ Արեան վերլուծումդ իրապաշտ եւ տրամաբանական է … դարաւոր մեր դիւանագէտ թշնամիին մտածելակերպը հասկցած եւ ըմբըռնած ես … եւ իրաւունք ունիս անկէ վախնալու քանի պատմութեան մէջ մենք համահաւասար դիւանագէտներ չենք ունեցած … եւ չենք կրցած միջազգային ատեաններու մէջ մեր դատը պաշտպանել լիուլի … այլ միշտ թուղթ ու մելանով (թղթէ շերեփուվ) ներկայացած ենք դատարան … իսկ երկաթէ շերեփ՝ կը կարծեմ որ չենք կրցած ունենալ, այլապէս անպայման պիտի գործածէինք զայն: Նոր է որ այդ շերեփի մետաղը ձուլարան ղրկեցինք՝ Արցախի պատերազմով, բայց պէտք է ուշադիր ըլլանք որ այդ շերեփին մետաղն ալ դիւրին հալչող տեսակէն չըլլայ: Երկաթէ շերեփը եթէ նախորդ դարասկզբին կրնար օգտակար ըլլալ մեր հարցին, այսօր պէտք ունինք պողպատեայ շերեփի եւ նոյնիսկ տիեզերքէն հասած աւելի կարծր մետաղեայ շերեփի մը … Սագօ ջան ուրախացայ որ հայ լրագրող մը այսքան սուր աչք ունի, որը իսկապէս կը պակսի մեր արդի լրագրողներուն մօտ:

Պատասխանել

Օրացույց
Սեպտեմբեր 2014
Երկ Երե Չոր Հնգ Ուրբ Շաբ Կիր
« Օգո   Հոկ »
1234567
891011121314
15161718192021
22232425262728
2930