Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 23-ամեակի նշումին ֆիզիքապէս համահայկական հնչեղութիւն տալու պետութեան նախանձախնդրութիւնը պատահականութիւն չէր անշուշտ: Արդարեւ, սփիւռքի ներկայացուցիչներու 5-րդ համաժողովի կազմակերպումը այս օրերուն որոշ նպատակ ունէր:
Փաստօրէն համախմբուած էին ինչպէս պետական ղեկավարութեան, նոյնպէս ալ սփիւռքի հոգեւոր, կուսակցական, միութենական բոլոր շրջանակներուն ներկայացուցիչները: Համահայկական աշխարհատարած կառոյցներու ղեկավարներու հայրենիքի մէջ միաւորումը անշուշտ բազմաթիւ ուղերձներ կը բովանդակէ:
Տրուած ըլլալով, որ այս նշանակալի համախմբումը ժամանակի իմաստով կը վերաբերէր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի արդէն անցում կատարած փուլին առաջին հանգրուանին, բնականաբար կատարուած յայտարարութիւններուն կարեւոր բաժինները այդ նիւթը պիտի շօշափէին:
Պահանջատիրութեան իրաւականացման առաջին քայլերէն մինչեւ համահայկական խորհուրդի ձեւաւորման յայտարարութիւն 5-րդ համաժողովը շատ կարեւոր նախաքայլեր առնելու տուեալները հաղորդեց:
Կարդացեք նաև
Արդէն ձեւ ու մարմին կը ստանան համազգային ռազմավարութեան հիմնադրոյթները, որոնք ուղենշուեցան այս համաժողովին:
Կը թուի, որ մենք շուտով աշխարհին կը ներկայանանք մեր համազգային պահանջներով եւ իրաւական ճանապարհներով առաջնորդուելու մօտեցումով:
ՀՅԴ